Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2006

ԴԷՊԻ ԱՂԲԻՒՐԸ ԼՈՅՍԻՆ...

2006 Նոր Տարուան սեմին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը դարձեալ հոգեկան ցնծութեամբ կը լեցնէ մեր ներաշխարհն ու հաւաքական կեանքը։

2006 տարիներ առաջ, Երկնաւոր Հօր փառքի լոյսը ծագեցաւ Բեթղեհէմի համեստ մսուրին վերեւ. բարի հովիւներուն տրուած հրեշտակներու աւետիսը շուտով փոխանցուեցաւ ամբողջ մարդկութեան, Երուսաղէմի մօտակայ ու հեռաւոր ափերուն։ Նոյն աւետիսը Առաքեալներուն միջոցով հասաւ նաեւ Հայաստան աշխարհ ու երկնատուր լոյսով լուսաւորեց մեր հայրենիքը։ Նոյն լոյսն ու աւետիսը ահա դարերէ ի վեր կը լուսաւորեն մարդկութիւնը եւ կը վերանորոգեն Բարձրեալին փառաբանութեան, խաղաղութեան ու հաճութեան ուխտը։

Քրիստոնեայ աշխարհը Ս. Ծննդեան Տօնը կ՚ողջունէ շարականներ ու տօնին յատուկ տաղեր երգելով։ Մենք եւս, ձայնակցելով հրեշտակներուն, կ՚երգենք ըսելով.-

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ
եւ
յերկիր խաղաղութիւն
ի մարդիկ հաճութիւն։
(Ղուկ. 2։14)

Մանկացեալ Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան Տօնը ամէն տարի բարձրեալ Տէրը փառաբանելու, խաղաղութեան ու Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու պատգամը կը վերանորոգէ մարդկութեան համար։ Անիկա նաեւ կը բերէ կեանքի յառաջիկայ շրջանը նոր յոյսերով, վերանորոգ կորովով ու մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն հաւատարմութեան ուխտին վերանորոգումով կերտելու թելադրանքը։

Այդպէս է եղած անցեալ դարերուն, այդպէս է նաեւ այսօր։

Սիրելի հայորդիներ,

2006 տարուան Ս. Ծննդեան տօնը մեզի՝ հայութեան ու մանաւանդ մեր Թեմի զաւակներուն համար եւս կը բերէ նոյն պատգամներն ու թելադրանքները։

Նոր տարին կը թեւակոխենք նախընթաց տարիներու խորհուրդները պահպանելու եւ անոնցմով նորը կերտելու յանձնառութեամբ, սակայն նաեւ տոգորուած՝ մօտիկ անցեալի մեր իրագործումներով ու վայելած յատուկ շնորհներով։

Արդարեւ, 2005 տարիէն բոլորիս մնաց գեղեցիկ աւանդ մը, որ մարմնաւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաբեր այցելութեամբ։ Հովուապետական այցելութիւնը մեր Թեմին համար եղաւ Կաթողիկոսութեան 75ամեայ Դպրեվանքի Լոյսի Աղբիւրէն ճաճանչներ ստանալու եւ Վեհափառ Հայրապետին օծման 10րդ տարեդարձը նշելու առիթ։ Տակաւին, Նորին Ս. Օծութեան հովանաւորութեամբ ձեռնարկներու եւ հանդիսութեանց ընթացքին, տօնակատարեցինք մեր գրաւոր մշակոյթի ամրագրման 1600րդ տարեդարձն ու նշեցինք Ցեղասպանութեան 90ամեակը, անգամ մը եւս վերահաստատելով մեր հաւատարմութիւնը Թարգմանչաց սերունդին եւ մեր նահատակներուն անջնջելի կտակներուն։ Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները՝ աշակերտ, ուսանող, երիտասարդ թէ տարեց, բազմաթիւ առիթներ ունեցան ականջալուր ըլլալու Վեհափառ Հայրապետին բազմախորհուրդ պատգամներուն, որոնք ըստ էութեան վերամարմնաւորումն էին մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատմութիւնն ու մշակոյթը կերտած սրբազան հայրերու աւանդներուն, շարունակումը՝ անոնց սկզբնաւորած ուղիին։

Ահա թէ ինչո՛ւ 2005 տարուան յիշեալ հանգրուանը եղաւ պատմական։ Այդ հանգրուանը պիտի չմնայ մեր անցեալին մէջ, այլ իբրեւ նորագոյն փարոս պիտի լուսաւորէ մեր յառաջիկայ ուղին, պիտի կենսաւորէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը։ Նախընթաց տարիներուն, Հայրապետական պատգամներով հռչակուած «Ընտանիքի Տարի» եւ «Աստուածաշունչի ու Նարեկի Տարի» հանգրուանները եւս լուսաւորած էին մեր կեանքերը ու ընդմիշտ կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։

Սիրելիներ,

Դարերու խորքէն ու մօտիկ անցեալէն եկող աննիւթական այս գանձերուն բերկրանքով է որ այսօր կը շնորհաւորենք Ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան Տօնը։ Մեր բարեմաղթութեանց կողքին, կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ աշխարհին ընծայուած մեծագոյն պարգեւին՝ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդով համակուած միասնաբար ապրինք մեր կեանքը եւ հրեշտակներուն երգակցութեամբ գոչենք.-

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»
Փառք տալով Իր պարգեւած կեանքին,
Գոհութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Իր շնորհած բարիքներուն,
Սէր եւ ծառայութիւն խոստանալով Իր փառքին։

«Եւ յերկիր խաղաղութիւն»
Խաղաղութեան Իշխանին զինուորներ դառնալով,
Մեր հոգեկան աշխարհին մէջ խաղաղութիւն ցանկալով,
Տիրոջ կամքին հնազանդութեամբ խաղաղութեան սերմեր ցանելով։

«Ի մարդիկ հաճութիւն»
Հաւատքի հիմերուն վրայ հաստատուած մեր եկեղեցին սիրով
եւ միաբանութեամբ առաջնորդելով,
Աստուծոյ պատկերը անաղարտ պահելով,
Արդար եւ բարի ցանկութիւններով մեր կեանքը նորոգելով։

Ահա ա՛յս ցանկութիւններով կը մաղթենք, որ մեր Թեմի ու եկեղեցիներու բոլոր նուիրեալներն ու ծխական բոլոր շրջաններու սպասարկուները ա՛յս խոստումներով շարունակեն եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութիւնները։

Թող 2006 նոր տարին մեր կրթական օճախներուն ու սերնդակերտումի առաքելութեան նուիրուած բոլոր հայ դաստիարակներուն համար ըլլայ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի թանկագին աւանդին յաւելեալ ծաղկում տալու նոր շրջանի մը բացումը։ Թող մեր դեռատի ու պատանի աշակերտները մտովին ու հոգեպէս աճին այդ սնունդով, եւ Աստուծոյ պատկերը անաղարտ պահելով։

Թող այս տարին առաւել աշխուժութիւն, եւ միասնական գործի մէջ վերանորոգ նուիրում ներարկէ մեր միութեանց ու կազմակերպութեանց, որպէսզի անցեալին նման, այսօր եւս անփոխարինելի ներդրում ունենան մեր հաւաքական կեանքի անդաստաններու ծաղկումին ու հոգածութեան մէջ։

Կ՚աղօթենք առ մանկացեալն Աստուած, որ Նոր Տարին ու Ս. Ծննդեան Տօնը իրենց բազմախորհուրդ պատգամներով համակեն մեր Հայրենիքը՝ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները, խաղաղութիւն ու բարգաւաճում շնորհելով անոնց։

Թող ամենաբարին Աստուած Իր Ս. Աջին շնորհաբաշխ հովանին տարածէ մեր բոլոր գաղութներուն եւ հայկական հեռաւոր ու մօտակայ օճախներուն վրայ, բոլորին պարգեւելով իմաստութիւն, մեր հաւաքական կեանքի բարօրութեան ի խնդիր միասնականութիւն ներշնչելով, ինչպէս նաեւ գործակցութեան նոր ուղիներ բանալով։

Վերջապէս, թող համայն մարդկութիւնը, մեծ ու փոքր երկիրներու զաւակները, Աստուծոյ պատգամներուն անսալով ու խաղաղութեան պատգամին ապաւինելով շարունակեն նոր աշխարհի կերտումը, հեռու՝ պատերազմի մթնոլորտէն ու վնասաբեր պատահարներէ եւ ընթացքներէ, որպէսզի Քրիստոսի Ս. Ծնունդով աշխարհին տրուած աստուածային պարգեւը, իր նոր շնորհներով, մշտանորոգ կերպով առաջնորդէ համայն մարդկութիւնը՝ ի խնդիր Բարիին, Լաւին, Գեղեցիկին ու Կատարեալին, երթալու դէպի աղբիւրը լոյսին։

Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորիդ
Քրիստոս
Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Օրհնեալ
է յայտնութիւնն Քրիստոսի։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2006

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022