Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2007

 ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ

21 դարեր առաջ, լուռ ու սուրբ գիշեր մը, Բեթղեհէմի մօտակայ դաշտի մը մէջ իրենց հօտերուն պահպանութիւն ընող խումբ մը բարի հովիւներ հրաշալի երեւոյթի մը դիմաց գտնուեցան. երկինքի բազում աստղերուն շարքին, անոնք տեսան արտակարգօրէն փայլուն աստղ մը, որ ծագած էր մօտակայ գիւղի համեստ բնակարանին վերեւ։ Նոյն պահուն Հրեշտակներու մեղմանոյշ երգերով համայն աշխարհը կը ստանար Աստուածայայտնութեան հրաշափառ Աւետիսը.

«Փա~ռք ի բարձունս Աստուծոյ,
Եւ
յերկիր Խաղաղութիւն
Ի
մարդիկ հաճութիւն»
(Ղուկ. 2:14)

Մարգարէներու կողմէ կանխագուշակուած մարդոց փրկութեան Աստուծոյ խոստումը կ՛իրագործուէր, Աստուածորդի մանուկ Յիսուսի ծնունդով։ Արդարեւ, Աստուած կը մարմնանար ու կը մարդանար մեզ աստուածացնելու, կատարելութեան  ճամբաներէն առաջնորդելու։

 Իր Միածինը աշխարհ ղրկելով, մարդուն ստեղծիչն ու Հայրը իր ամենասիրելի արարածին հետ կը վերանորոգէր ուխտ մը, անոր տալով խաղաղութեան, սիրոյ ու հաճութեան Աւետիսը։ Աստուած մանկանալով աշխարհ կ՛այցելէր՝ մարդու կեանքին յուսատու ապագայի մը նոր սկիզբ մը տալու։ Ան որ Անիմանալի Աստուծոյ պատկերն ըլլալով՝ զգեցաւ պատկերը մարդուն, որպէսզի մարդը կարենայ իր մէջ վերստեղծել «Անտեսանելի Աստուծոյ պատկերը» (Բ. Կորնթ. 4:4, Կող. 1:15):

Յիսուս Մանուկի ծննդեան պայմաններն իսկ ապացոյց էին վերանորոգեալ կեանքի Աւետիսին։ Արդարեւ, Աստուածորդին փարթամ պալատներու մէջ չծնաւ, իշխանական ընտանիքի մը յարկին տակ իր երկրաւոր աչքերը  չբացաւ, այլ՝ աղքատիկ մսուրի մը մէջ աշխարհին պարգեւ-ընծայ եղաւ։ Անոր աշխարհ մուտքին առաջին աւետիսը կը հասնէր համեստ ու աղքատիկ մարդոց՝ բարի հովիւներուն, որոնք անմիջապէս ճամբայ կ՚ելլէին դէպի մսուր, աւետաբեր վկաները դառնալու ծննդեան մեծ եւ հրաշալի խորհուրդին։ Իսկ արեւելքի հարուստ ու իմաստուն մոգ-թագաւորները՝ Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, փայլուն աստղին առաջնորդութեամբ, հեռաւոր երկիրներէ Բեթղեհէմ կը հասնէին, խոնարհելու եւ թանկագին ընծաներ մատուցելու համար նորածին Մանուկին, որ կոչուած էր ըլլալու մարդկութեան Փրկիչը։ Ծնեալ Յիսուս-Փրկիչով աշխարհ պիտի վերանորոգուէր։ Մեղքի, մահուան եւ խաւարի մէջ շղթայուածներ՝ ազատութիւն, առաւել կեանք եւ փրկութիւն պիտի ստանային։ «Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսայի 9:2): Արդարեւ, պարզունակ ու բարի հովիւներ եւ իմաստուն մոգեր՝ տարբեր ճամբաներով միեւնոյն մանկացեալ Յիսուս-Աստուածը կը գտնէին։

Բեթղեհէմի երկնակամարին ներքեւ ծագած փայլուն աստղը՝ ահաւասիկ 21 դարերէ ի վեր կը շարունակէ լուսաւորել աշխարհի երկնակամարը, հակառակ զայն մթագնելու փորձող չարիքի ալիքներուն։

21 դարեր ետք, շարականագիրին բառերով՝ «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը» կը շարունակէ յուսադրել, ներշնչել ու իմաստաւորել մարդկութեան կեանքը, միտքն ու հոգին, շարունակ պատգամելով՝ առաջնորդուիլ բարիով, սիրով, արդարութեամբ ու խաղաղութեամբ։

Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութենէն 21 դարեր ետք, բազմաթիւ հերովդէսներ փորձած են խափանել Արդարութեան Արեգակին լոյսը, սակայն ինչպէս առաջին Հերովդէսի փորձը, նոյնպէս ալ անոր բոլոր հետեւորդներուն ճիգերը մնացած են ապարդիւն։

Բեթղեհէմի մսուրին ճամբով աշխարհ եկող «Նոր Արքային» երկրաւոր  առաքելութիւնը եղաւ կարճատեւ, սակայն մարդուն անոր թողած ժառանգութիւնը եղաւ այնքան հարուստ եւ Սիրոյ Նոր Կեանքի ուսուցում-վարդապետութիւնը՝ թանկարժէք, որ յեղաշրջեց  աշխարհն ու մարդկային կեանքը։ Արդարեւ Բեթղեհէմի Աստղը եղաւ կեանքի անսպառ ուղեցոյց, արդարութեան ճանապարհ եւ ճշմարտութեան դուռ՝ մարդը վերանորոգելու, զինք Աստուծոյ սիրոյն մէջ հաստատելու եւ պարգեւելու աւելի կատարեալ, արդար, խաղաղ ու երջանիկ կեանք մը։

Աստուածորդւոյն պատգամներուն էութիւնը մնացած է անփոփոխ. համեստութեան, սիրոյ, խաղաղութեան ու մարդոց միջեւ հաճութեան անոր պատգամը այսօր նոյնքան ազդու կը հնչէ, որքան հաւատքի ու քրիստոսահիմն եկեղեցւոյ համար նուիրաբերելու այն թելադրանքը, որ իր առաջին արտայայտութիւնը գտաւ մանուկ Յիսուսի առջեւ խոնարհող իմաստուն մոգերուն ընծայաբերումով։

Մենք՝ հայերս, այս բարիքներով երախտապարտ ու հարուստ զգալու ամէն պատճառ ունինք, ոչ միայն անոր համար, որ եղած ենք Աստուածորդւոյն հաստատած կրօնքը իբրեւ պետութիւն ընդունող առաջին ժողովուրդը, այլ մանաւանդ անոր համար, որ մեր ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնն ու ստեղծագործութիւնները եղած են մարմնաւորումը քրիստոնէական մեր հաւատքին, որ միաձուլուած է մեր ազգի էութեան ու նկարագիրին հետ։

Սիրելիներ,

Մարդը՝ Արարիչին ամէնէն սիրելի ձեռակերտը այսօր ալ կոչուած է հաւատարմօրէն քալելու Աստուածայայտնութեան խորհուրդով բացուած լուսաւոր ուղիէն։ Սիրոյ, հանդուրժողութեան, համեստութեան ու նուիրաբերումի անժամանցելի պատգամները այսօր ալ նոյն ուժգնութեամբ կը հնչեն ու պէտք է հնչեն մեր սեփական ընտանիքներու յարկին տակ, մեր հաւաքական ընտանիքներու շրջանակին մէջ, հաւաքական այդ ընտանիքները ըլլան միութիւն, կազմակերպութիւն, հայրենիք թէ ամբողջ աշխարհը։

Աստուածային պատգամներէն շեղումը, խաղաղութեան զինուորի առաքելութենէն դասալքութիւնը միայն չարիք ու դժբախտութիւն կը բերեն մարդուն, ի՛նչ մակարդակի վրայ ու շրջագիծի մէջ ալ դիտենք զայն։ Ընտանիքներ կը քայքայուին, մարդկային ընկերութիւններ ու երկիրներ կը քանդուին առանց սիրոյ ու նուիրաբերումի ոգիի, մինչդեռ սէրն ու մարդոց միջեւ հաճութիւնը կ՚ամրացնեն ամէնէն փոքր ու համեստ տնակին հիմերն անգամ։

Իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ՝ մենք ամէն օր բազմաթիւ պատճառներ ունինք փառք ու գոհութիւն տալու Աստուծոյ, մեզի պարգեւած բարիքներուն համար։ Սակայն Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը բացառիկ այն առիթներն են, երբ պէտք է պահ մը կանգ առնենք խոկումով, մեր անձերուն հետ հաշուեյարդար կատարելու կամքով, սակայն նաեւ Յիսուս Մանուկի ծննդեան Աւետիսով մեզի տրուած անբաւելի հաճութեամբ ու գոհունակ սիրտով, որպէսզի ոչ միայն յիշենք Ամենաբարին Աստուծոյ հետ մեր ուխտը, այլ մանաւանդ Իր կամքը երկրի վրայ իրագործելու պատրաստակամութիւնը, հոգեպէս վերաթարմանանք եւ մեր կեանքերը ապրինք աստուածահաճոյ ու ծառայական ընթացքով։

Ա՛յս կը պատգամէր Աստուածայայտնութեան խորհուրդը երէկ։
Ա՛յս կը թելադրէ Ս. Ծննդեան տօնը՝ այսօրուան ու վաղուան մարդուն։

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, մեր աղօթքն ու բարի մաղթանքն է, որ Երկնաւոր Հայրը մարդկութեան հոգիներուն, սիրտերուն ու կեանքերուն մէջ շարունակէ առատօրէն շաղ տալ իր բարիքները, աշխարհն ու մարդկութիւնը զերծ պահէ Չարին փորձութիւններէն, պատերազմներէ ու պատուհասներէ, հայութեան ու մեր հայրենիքին պարգեւէ բարօրութիւն ու բարգաւաճում։ Օրհնաբեր այս տօներուն որդիական սիրով կը շնորհաւորենք մեր զոյգ հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ ընդ երկար արդիւնաշատ տարիներ։ Հայրենի պետութեան ղեկավարութեան՝ արեւշատութիւն, իմաստութիւն եւ ժողովրդանուէր ծառայութիւն։ Մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք նաեւ Թեմիս հոգեւորական դասուն, Ազգային Իշխանութեան, Երեսփոխանական Ժողովին, մեր եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերուն, կրթական մեր մշակներուն, կազմակերպութեանց, հաստատութեանց եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն, եւ պատուական մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, բարերարներուն, աղօթելով եւ մանկացեալ Փրկչէն խնդրելով աշխարհիս սէր եւ խաղաղութիւն, ազգային  ու եկեղեցական ծրագիրներեու եւ ամէն բարի գործերու յաջողութիւն։

Թող բոլորին Ամանորն ու մանկացեալ Փրկչին Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը ըլլան շնորհաւոր, լուսաւորեն եւ առաջնորդեն մեր անհատական, ընտանեկան ու ազգային հաւաքական կեանքը։

Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորիդ
Քրիստոս
Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Օրհնեալ
է յայտնութիւնն Քրիստոսի։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2007

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022