Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2008

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՝ ՀՐԱՇՔԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշալի դէպքէն աւելի քան երկու հազար տարիներ ետք, դարձեալ բարեմաղթութիւններ ու շնորհաւորութիւններ կը փոխանակենք եւ հաւաքաբար կը տօնենք «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը», որ յայտնուեցաւ ու յայտարարուեցաւ աշխարհին՝ հրեշտակներուն փառաբանութեան երգերով։ Դարեր ետք, հրեշտակներուն աւետիսը նոյն քաղցրութեամբ կը հնչէ մեր կեանքին մէջ, եւ կը ջերմացնէ մեր սրտերն ու հոգիները։

Ս. Ծնունդը մեծագոյն հրաշքն է աշխարհին, իրաւամբ՝ հրաշքներուն հրաշքը, աննախընթաց ու անկրկնելի։ Ինչ որ պատահեցաւ լուռ ու սուրբ գիշերուան մէջ, Աստուծոյ փառքին հրաշալի երեւումն էր երկրի վրայ, Աստուծոյ մարդեղութիւնը՝ Քրիստոսի մէջ։ «Եւ Բանը մարդ եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով ու ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յովհ. 1։14) Աստուած Ինք երկինքէն երկիր իջաւ, մարդացաւ ու զգեցաւ մարդկային բնութիւն. ան բաժնեկից եղաւ մարդուն ուրախութեանց ու դառնութիւններուն, բնակեցաւ մեր սրտերուն մէջ, մեզի ընծայեց յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Ուրեմն, սիրելիներ, թող մեր հոգիները ցնծութեամբ լեցուին Ս. Ծննդեան ոգիո՛վ՝ որ է Խաղաղութիւնը, Ս. Ծննդեան հրաշքո՛վ՝ որ է Յոյսը, եւ Ս. Ծննդեան սրտո՛վ՝ որ է Սէրը։

Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը տեղի ունեցան բազմախորհուրդ հրաշքներով, որոնք սկիզբ առին Ս. Կոյսին անապական յղութեամբ ու Գաբրիէլ Հրեշտակապետին կողմէ անոր տրուած աւետիս-պատգամով. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս ու զաւակ մը պիտի ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի» (Ղուկաս 1։30-32)։

Այլ հրաշալիք մըն էր Եսայի մարգարէին կողմէ կատարուած մարգարէութիւնը՝ Յիսուսի ծնունդէն եօթը հարիւր տարիներ առաջ։ Այս բոլորը եղան, որպէսզի Մարգարէին միջոցով մարդկութեան փոխանցուած Աստուծոյ խոստումը իր կատարումին հասնէր. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (Ես. 7։14, Մատթ. 1։23)։

Սքանչելի ծնունդէն ետք, հրեշտակը երեւցաւ հովիւներուն ու տուաւ հրաշալի աւետիսը. «Մի՛ վախնաք. ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2։10-11)։ Հրեշտակները երգեցին. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ, եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկաս 2։14)։

Ցնծալի դէպքը ներշնչում տուաւ իմաստուն մոգերուն, որոնք ճամբայ ելան դէպի Բեթլեհէմ, իրենց հետ տանելով թանկարժէք նուէրներ՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս, փառաբանելու համար «թագաւորներու Թագաւորը». անոնք Քրիստոսի ծննդավայր մսուրը հասան ուրիշ հրաշքով մը՝ Բեթլեհէմի լուսաւոր Աստղին առաջնորդութեամբ։

Քրիստոսի Ս. Ծնունդը արտասովոր դէպք էր ու հրաշալիք, որ կը տօնախմբուի հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Ահաւասիկ այսօր անգամ մը եւս կը միանանք այդ տօնախմբութեան։ Աստուած մարդկութիւնը փրկելու համար ծրագիր մը ունէր. ան իր խոստումը կատարեց, որպէսզի մենք փրկուինք ու յաւիտենական կեանք ունենանք, պայմանաւ որ զԻնք ընդունինք մեր կեանքերուն, սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։  Տարուէ տարի, ժամանակի արգելքները չճանչցող այս պատգամը կը շարունակէ ներշնչել ու առաջնորդել մեզ, տալով մեզի մեր Փրկչին փայլուն աստղին հետեւելու հաւատքը։

Նուէրներու փոխանակման այս օրերուն, յիշենք, որ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը նուէրներուն մեծագոյնն է ու նոր սկիզբ մը, որ Աստուած պարգեւեց մարդկութեան։ Մարդուն հանդէպ Իր սէրը Աստուած կենսագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Միածին Որդին, որպէսզի փրկէ մեզ՝ մեղաւորներս, ու զինք մեր հոգիներուն մէջ ընդունողներս բարեփոխէ համաձայն իր Սուրբ Կամքին։ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած այս պարգեւը, խորքին մէջ մարդուն համար հոգեկան վերածննդեան ու նոր սկիզբի մը ազդանշանն է։ Ան պարգեւ մըն է իւրաքանչիւր անհատի, նուէր մը, որ չի թառամիր ու չի կորսուիր։ Փրկութեան, յաւիտենական կեանքի եւ սիրոյ պարգեւը, որ Աստուած շնորհեց մեզի, պարգեւ մըն է, որ միշտ կը վերանորոգուի ամէն անգամ որ Տէր Յիսուսը ընդունինք մեր սրտերուն մէջ։

Սիրելիներ,

Այս մտածումներով կ՚աղօթենք, որ Նոր Տարուան սեմին, հրաշափառ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնի հրաշքը մեր կեանքերը պայծառացնէ ու հարստացնէ։ Շնորհակալ ըլլանք Տիրոջ, իր սիրոյն համար, Ս. Ծննդեան հրաշքին մասնակից ըլլանք, եւ մեր ուշադրութիւնը սեւեռենք Աստուծոյ փառքին, որ այս Տօնին իսկական իմաստն ու նշանակութիւնն է։

Արդ, նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան հրաշափառ տօնին առիթով, որդիական սիրով կը շնորհաւորենք Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր տարիներ։ Հայրենի պետութեան ղեկավարներուն կը մաղթենք արեւշատութիւն, իմաստութիւն եւ ժողովրդանուէր ծառայութիւն։ Մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները՝ նաեւ Թեմիս հոգեւորական դասուն, Ազգային Իշխանութեան, Երեսփոխանական Ժողովին, մեր եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերուն, սերունդ կերտող կրթական մշակներուն, կազմակերպութեանց, հաստատութեանց եւ մարմիններուն, բարերարներուն ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Մանկացեալ Փրկչէն աղօթքով կը խնդրենք, որ աշխարհիս պարգեւէ սէր ու խաղաղութիւն, բարի գործերու յաջողութիւն։

Ս. Ծննդեան ու տարեմուտի այս օրերուն եւ ընդմիշտ, հաւատքի, յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան ու հաճութեան ալիքները թող ողողեն Հայաստանը, Արցախն ու Հայկական Սփիւռքը, թող պայծառացնեն մեր ժողովուրդին կեանքը։

Թող Բեթլեհէմի փայլուն աստղը ըլլայ առաջնորդ՝ մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան, ինչպէս որ եղաւ իմաստուն մոգերուն առաջնորդը՝ աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ։

Թող Երկնաւոր Հօր սէրը մեր սրտերն ու հոգիները ջերմացնէ խաղաղութեամբ, ցնծութեամբ, այսօր ու մեր կեանքի բոլոր օրերուն։

Շնորհաւոր նոր տարի,
Քրիստոս
ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի
եւ մեզի մեծ աւետիս։

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2008

 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022