Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2010

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՅՈՅՍԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ

«Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է»։ (Ղկ 2.10-11)

Կը կանգնինք 2010 տարուան սեմին։ Եւ ինչպէս իւրաքանչիւր տարեմուտի, անգամ մը եւս, մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հոգեկան վերանորոգ ցնծութեամբ կը լեցնէ մեր ընտանեկան յարկերն ու մեր ազգային կեանքը։

Ահա դարձեալ պահն է վերապրելու այն հրաշալի դէպքը, երբ դարեր առաջ Փայլուն Աստղը ծագեցաւ Բեթղեհէմի վերեւ, աշխարհին աւետելով հրաշափառ ծնունդը Աստուածորդւոյն. ցնծալի աւետիսը առաջին ստացողները եղան դաշտին մէջ գիշերող բարի հովիւները։ Լուսաւոր աստղէն ճառագայթող շողերը եւ հրեշտակներուն երգերը շուտով հասան մարդկութեան։ Քրիստոսի առաքեալներուն շնորհիւ, Բեթղեհէմի փարոսէն ճառագայթող լոյսը հասաւ նաեւ Հայաստան Աշխարհ ու ահաւասիկ դարերէ ի վեր կ՚առաջնորդէ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին երթը։

Եկէ՛ք, ուրեմն, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան տօնը դիմաւորենք դարերէն մեզի հասած գեղեցիկ մեղեդիով, փառաբանենք զԱստուած, խաղաղութիւն, հաճութիւն ցանկանք մարդկութեան եւ աշխարհին։ Հրեշտակներուն երգը թող յուշարարը ըլլայ մեր ուխտին վերանորոգման, քրիստոնէական առաքինութիւններով լիցքաւորուած կեանք մը ապրելու մեր յանձնառութեան եւ մեր դարաւոր աւանդներուն հաւատարմութեան.

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ
եւ յերկիր խաղաղութիւն
ի մարդիկ հաճութիւն։
(Ղկ 2.14)

Սիրելիներ,

Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը տօնն է Յոյսի ծնունդին, նոր յոյսի մը, որ մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս մեզի շնորհեց Իր Հրաշափառ Ծնունդով։

Բեթլեհէմի համեստ մսուրէն աւելի քան երկու հազար տարի առաջ ճառագայթած լոյսը տարածուեցաւ մութ աշխարհին վրայ ու լուսաւորեց զայն։ Այս սուրբ ու խորհրդաւոր գիշերին սկիզբ առաւ Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը մարդկութեան համար։ Աստուած իր Միածինը պարգեւեց մարդկութեան, որպէսզի Ան կրէ մեր մեղքերուն ծանրութիւնը եւ փրկութիւն բերէ մեզի։ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ։ Ս. Ծննդեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Տէրը ինքզինք մեզի նուիրեց Մանուկ Յիսուսի միջոցով ու մեզի շնորհեց լոյս մը, զոր ոչ մէկ խաւար կրնայ մթագնել։

Անցնող տարին աշխարհի ժողովուրդներուն ու համայն մարդկութեան համար եղաւ դժուար շրջան մը։ Տնտեսական տագնապը անկայուն դարձուց շատերու կեանքը։ Աւելին, Հայ ժողովուրդը անորոշութեան մատնուեցաւ մեր Դատին ու ազգային պահանջներուն դիտանկիւնէն։

2010 տարին կը նշէ Ցեղասպանութեան 95րդ տարեդարձը։ Պարզ է որ հիասթափուած զգանք, որովհետեւ տասմանեակներու մեր պայքարին ընթացքը մատնուած է անորոշութեան։ Որեւէ ատենէ աւելի ա՛յսօր պէտք է մեր յոյսերը կապենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, որովհետեւ «Օրհնեալ է այն մարդը, որ կը յուսայ Տիրոջ, եւ որուն յոյսը նոյնինքն Տէրն է» (Երեմիա 17.7)։ Տէրը դարեր շարունակ պահպանած է մեզ ու առաջնորդած է մեր ուղին, եւ մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ այս հանգրուանին եւս, Ան պիտի մնայ մեր առաջնորդը եւ պիտի գործէ ի նպաստ մեր նպատակներուն ու երազներուն իրականացման։ Յոյս չդնենք մարդոց վրայ, որոնք կրնան յուսախաբ ընել մեզ, այլ մեր յոյսը դնենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ, որովհետեւ Աստուած գիտէ մեր կարիքները ու պիտի հոգայ զանոնք։ Ինչպէս որ Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ հռոմայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.5)։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Նուէրներու փոխանակման այս օրերուն, եկէ՛ք, անգամ մը եւս յիշենք, որ արժանացած ենք ամէնէն մեծ նուէրին՝ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան ու բերած յոյսին մեր կեանքերուն մէջ։ Այս ճշմարտութիւնը յիշենք ո՛չ միայն Ամանորի ու Ս. Ծննդեան հրաշափառ տօնի օրերուն, այլ նաեւ տարուան բոլոր օրերուն։ Յիշենք, որ Ան, միայն Ան է մեր յոյսն ու աշխարհի լոյսը։ Բոլորս ալ կը դիմագրաւենք խաւարի պահեր, սակայն գօտեպնդուինք այն գիտակցութեամբ, որ Տէրը մեզի պարգեւած է ամէնէն մութ պահերն անգամ յաղթահարող յոյսը։

Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան այս հրաշափառ տօնին առիթով, մենք մեր օրհնութիւնները, քաջառողջութեան ու գործոց բարեաց բարեմաղթութիւնները կը բաշխենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն, Ազգային Վարչութեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամներուն, կրթական մշակներուն, հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց անդամներուն, ծխական շրջաններու մեր ժողովուրդին ու բարեկամներուն։

Կ՚աղօթենք, որ Ս. Ծննդեան յոյսը վերածնի մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ, Յիսուս Քրիստոսի լոյսը շողարձակուի մեր մէջ ու մեր կեանքերը լեցնէ խաղաղութեամբ։ «Արդ, յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցնէ՝ իրեն հանդէպ ունեցած ձեր հաւատքովը, որպէսզի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ յոյսով առատանաք» (Հռ 15.13)։

Շնորհաւոր Նոր Տարի,
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2010

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022