Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2010

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ ՁԵԶԻ

 «Մինչ այս մասին կը խօսէին, ահա նոյնինքն Յիսուս  կեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. Խաղաղութիւն ձեզի. ես եմ, մի՛ վախնաք»։ (Ղուկաս 24։36)

«Խաղաղութիւն ձեզի»։ Այս բառերով էր որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ողջունեց Իր աշակերտները, երբ յարութիւն առնելէ ետք երեւցաւ անոնց։

Ս. Յարութեան երեկոյեան, առաքեալները խմբուած էին փակ դռներու ետին, ահով ու շփոթով։ Անոնք երկիւղով լեցուած էին, որովհետեւ ականատես եղած էին խաչին վրայ իրենց սիրելի Վարդապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի բազմաչարչար մահուան։ Անոնք նաեւ շփոթահար էին թափուր գերեզմանին ի տես, զոր գտած էին Պետրոս եւ Յովհաննէս։ Թէպէտեւ Քրիստոս աշակերտներուն յայտնած էր իր խաչելութեան ու յարութեան մասին, ու տակաւին՝ Մարիամ Մագթաղենացին վկայած էր թէ յարուցեալ Փրկիչին հանդիպած է թափուր գերեզմանին մօտ, սակայն աշակերտները չէին կրցած ձերբազատիլ ահի զգացումէն, որովհետեւ չէին կրնար ըմբռնել թէ ի՛նչ կը պատահէր։

Ահա մխիթարութեան ու վստահութեան կարիքի ճիշդ այդ պահուն, Յիսուս եկաւ առաքեալներուն մօտ ու զանոնք ողջունեց ըսելով. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Ան փարատեց անոնց անձկութիւնը՝ վախի զգացումն ու կասկածը փոխարինելով ցնծութեամբ։ Ահա Ս. Յարութեան հզօր պատգամն է այս, որ կեանքի ամէնէն դժուար պահերուն, մեր ամէնէն մտահոգ ու անձկալից վայրկեաններուն, պէտք չէ զարհուրինք, որովհետեւ մեր Փրկիչը մի՛շտ մեզի հետ է, «Խաղաղութեան Իշխանն» է բոլորիս համար (Եսայի 9։6)։

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական Ս. Յարութիւնը ո՛չ միայն պատմական իրողութիւն է, այլ նաեւ մեր առօրեայ կեանքին մաս կազմող ճշմարտութիւն։ Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի խաչին վրայ զոհուի մեր մեղքերուն համար. Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ պարտութեան մատնեց մահը, որպէսզի նոր կեանք շնորհէ բոլոր անոնց՝ որոնք կը հաւատան Իրեն։ Մահուան վրայ Իր յաղթանակով, մեզի շնորհուեցաւ փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Հետեւաբար, Ս. Յարութիւնը աղբիւր է յոյսի, քաջալերանքի, ուժի եւ խաղաղութեան։

Ինչպէս որ առաքեալները եւ իւղաբեր կանայք, Քրիստոսի խաչելութեան նախօրեակին ու անկէ անմիջապէս ետք, պարուրուած էին վախի զգացումով, ի տես թափուր գերեզմանին, մենք ալ մեր առօրեային ընթացքին յաճախ կ՚իյնանք վախի ու անորոշութեան ալիքներու մէջ։ Առաքեալներուն յուսախաբութիւնը փոխարինուեցաւ խաղաղութեամբ եւ յոյսով, երբ իմացան յաղթական աւետիսը, թէ՝ խաչեալ Քրիստոսը յարութիւն առած էր։

Մեզմէ շատեր վախի ու մնայուն անձկութեան մէջ կ՚ապրին, մտահոգուելով, թէ ապագան ի՞նչ պիտի բերէ մեզի. այնքան կը մտահոգուինք, որ յաճախ չենք գնահատեր մեր առօրեայ կեանքի օրհնութիւններն ու բարիքները։ Ս. Յարութեան տօնը կը պատգամէ, թէ Յիսուս Քրիստոս կու գայ յաղթահարելու մեր երկիւղը, որպէսզի սպառազինուինք  իր շնորհած սիրով, ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Երբ սրտաբեկ ենք, երբ մատնուած ենք շփոթի, մտահոգութեան եւ անորոշութեան, պէտք չէ մոռնանք, որ յարուցեալ Քրիստոսը միշտ մեզի հետ է, իր սիրով մեզ մխիթարելու եւ հանգչեցնելու։ Պէտք չէ մոռնանք, որ ան յարութիւն առաւ մեզի վստահեցնելու, որ Ինք մեր կենդանի ու ապրող Տէրն է, կը բնակի մեր սիրտերուն մէջ, մեր վախն ու երկիւղը կը փարատէ ու մեզի կատարեալ կեանք կը շնորհէ։

Հետեւաբար, պէտք չէ երբեք վարանինք կամ զարհուրինք, որովհետեւ Ան մահը զգետնեց եւ մեզի նոր կեանք շնորհեց։ «Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16։33)։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մեզի պարգեւած նոր կեանքը ընդունելու համար, Ս. Յարութեան տօնէն աւելի լաւ առիթի պէտք չէ սպասենք։ Եկէ՛ք, Իրեն վստահինք մեր կեանքերը, զԻնք ընդունելով իբրեւ մեր Փրկիչը, որպէսզի մեր մէջ ունենանք յարուցեալ Քրիստոսի պարգեւած սէրը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Եկէ՛ք, վստահինք Իրեն իբրեւ մեր Փրկիչը եւ մեր կեանքն ու կամքը յանձնենք Իրեն, որպէսզի իմանանք, թէ յարուցեալ Փրկիչին սէրը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը կ՚ապրին մեր մէջ։

Մեր Տիրոջ չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման ու յարութեան վկաները հանդիսացող արիասիրտ իւղաբեր կիներուն պէս, մենք ալ հաստատ մնանք յարուցեալ Փրկիչին հանդէպ մեր հաւատարմութեան ու նուիրումին մէջ, ծնրադիր աղօթենք Յարուցեալին ոտքերուն առջեւ, մեր սիրտերը Իրեն բանալով ու իր պարգեւած խաղաղութիւնն ու փրկութիւնը ստանալով։

Արդարեւ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդը իւրայատուկ իմաստ ու պատգամ ունի մեզի՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներուս համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կ՚ոգեկոչենք յիշատակը 95 տարի առաջ գործադրութեան դրուած Ցեղասպանութեան զոհ մեր բիւրաւոր նահատակներուն։ Քաջարի մեր նահատակները եւս քալեցին Քրիստոսի զոհաբերութեան ճամբով. մենք եւս յաղթանակ տարինք մահուան վրայ ու այսօր կը շարունակենք վերականգնումի, մեր պատմութեան եւ հաւատքին հանդէպ հաւատարմութեան երթը։

Ս. Յարութեան տօնի խորհուրդին մասնակից ու առնչակից եղան իւղաբեր կանայք, որոնք հաւատարմութեան ու հաւատքի տիպար օրինակներ են բոլոր քրիստոնեայ կանանց, բայց մանաւանդ հայ կնոջ համար, որուն ձօնուած է 2010 տարին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Հայ Կինը եւս հաւասար մասնակից է եղած մեր պատմութեան ու աւանդութեանց, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական մեր կեանքի կերտումին մէջ, տոգորուած՝ Ս. Յարութեան յաղթանակի պատգամով։

Ս. Յարութեան յաղթական ու ցնծալից տօնին առիթով ու անոր ներշնչած ապրումներով, հայրական սիրով կ՚ողջունենք Թեմիս Հոգեւորականաց Դասը, Ազգային Վարչութիւնը, Ազգային Երեսփոխանները, Կրթական Համակարգին նուիրեալները, հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, աղօթելով, որ մահուան վրայ մեր Տիրոջ տարած յաղթանակը վերակենսաւորէ եւ գօտեպնդէ մեզ, խաղաղութիւն պարգեւէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն, այսօր եւ յաւիտեանս յաւիտենից։

«Թող ձեր վայելած շնորհքն ու խաղաղութիւնը առատանան՝ Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի մասին ձեր ունեցած գիտութեամբը» (Բ. Պետրոս 1։2)։ Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ
Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ 2010

 

 

 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022