2013 – ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լեցուն բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկո­սու­թեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհ­նու­թեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգա­յին վառ ապրումներով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սի­րե­լի զաւակները, իրենց մաղթելով աստուա­ծային բարիքնե­րով ու շնորհներով լե­ցուն տա­րի մը։

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, Մեր նախաձեռնած աւանդու­թեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը նուիրենք մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայ­րենիքին հետ անմի­ջական աղերս ունեցող ընդհան­րական մտա­հո­գութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը։ Այս առի­թով, մեր ժողովուրդի զաւակ­ները կը հրա­ւիրենք զա­նազան նախաձեռնու­թիւն­ներու ճամ­­բով, հաւաքաբար թէ ան­հա­տաբար, լուսար­ձակի տակ առնելու տուեալ թե­ման՝ իրա­պաշտ քննարկումով, լուրջ ար­ժեւորումով եւ մեր համայ­նական կեանքը աւելի՛ ծաղ­կեցնելու նպա­տակասլաց մօ­տեցու­մով։

Արդարեւ, առաջին հայ գրքի տպագ­րութեան 500-ամ­եակը ինչպէս նաեւ հայ գիրքին նկատմամբ մեր ժողո­վուրդին ունեցած նախանձախնդիր վերաբե­րումը Մեզ մղեց անցնող տարին հռչակելու Հայ Գիրքի Տարի։ Ամբողջ տարի մը, դասախօսութիւններու, ցու­ցահան­դէսներու, շնորհահանդէսներու ու հրատարակու­թիւն­ներու ճամբով փառքը հիւսեցինք հայ գիրքին, մեր յար­գանքը արտայայտեցինք հայ գիրք գրողներուն ու մեր գնահատանքը՝ մեկենասներուն, վե­րաշեշտելով հայ կեան­քէն ներս հայ գիրքին պայ­ծա­ռակերպիչ ու հայա­կերտիչ ներկայութեան նոր կենսու­նա­կութիւն տալու հրամայականը։

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի հաւաքա­կան կեանքէն ներս հայ մօր կեդ­րո­նական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, ներկայ Հայ­­րապե­տական Գիրով 2013 տարին կը հռչակենք՝

ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ

Մեր ողջ պատ­մութեան ընթացքին, հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դար­ձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հո­գեւոր, բարոյական ու ազգային սրբա­­զան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՛չ միայն ան ընտանի­քին ամրա­կուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստ­իա­րակը, այլ մեր պատ­մու­­թեան ամենէն ճակատագրա­կան պահերուն իր օրի­նա­կելի վարքա­գծով, ամուր կեց­ուածքով, անհուն զոհո­ղու­թեամբ, քրիստոնէական հա­ւատքի պահպա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նութեան, ինչպէս նաեւ ազ­գաշինու­թեան ու հայ­րե­նաշինութեան սրբա­զան առաքելութեան բերած իր ամբողջանուէր ու յանձ­նա­ռու մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­ղած է բարձրագոյն աստի­ճա­նի յար­գանքի արժանի անձ մը։

Արդ, ներկայ տարուան ընթացքին անհրաժեշտ է հա­մապարփակ մօտեցումով վերար­ժեւո­րել հայ մօր տի­պա­­րը, յատկապէս պարզելով ներկայ ժամանակներուն անոր դիմագրաւած մտահոգութիւն­ներն ու մարտա­հրա­ւէրները եւ շեշտելով մեր կեանքը յուզող տագնապ­նե­րուն դի­մաց իրեն վիճակուած ճա­կա­տագրական դերը։

Անհրաժեշտ է սակայն, նախ դառնալ Աստ­­ուա­ծա­­շուն­չին, որպէս հիմքը մեր քրիս­տոնէական հաւատքին, կեան­քին ու մտածողու­թեան։

Ա.
Մայրը Աստուածաշունչին մէջ

Աստուածաշունչը աղբիւր է աստուածային յայտնու­թեան։ Այս անհերքելի ճշմարտութենէն մեկ­նելով, եկե­ղեցին իր կեանքին ու առաքելութեան կապ­ուած որեւէ ուսուցման, սկզբունքի, արժէքի կամ երեւոյթի գծով, հարկ է որ միշտ նայի Աստուածաշունչին՝ անկէ ստա­նալու համար իր ներշնչումն ու ուղղութիւնը։

Արդարեւ, Հին թէ Նոր Կտակարան­ներուն մէջ բազ­մա­թիւ են ակնարկութիւնները՝ մօր նկատմամբ։

Այս ուղղութեամբ, եւ որպէս Աստուածաշունչի ուսու­ցումներուն մեկնակէտ, հարկ է յիշել Աստուծոյ պատուէ­րը՝ Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ (Ելից 20.12)։ Եսայի մար­գարէութեան մէջ կը կարդանք՝ Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ )66.13(։ Իսկ Առակաց գիր­քը կ’ըսէ՝ Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ երբ կը ծերանայ”)23.22(։ Այլ տեղ Առա­կաց գիրքը դա՛րձ­­եալ կ’ըսէ՝ “Որդեակ իմ, քու հօրդ խրատը մտիկ ըրէ, ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր, որով­հետեւ անոնք քու գլխուդ շնորհաց պսակ եւ քու պա­րանոցիդ մանեակները պիտի ըլլան (1.8-9)։

Նոր Կտակարանին մէջ մօր գերագոյն տիպարը Սուրբ Մար­իամ Աստուածածինն է։ Մարիամի ընտրու­թիւնը Աս­տուծոյ կողմէ, որպէս Աստուծոյ Միածին Որդ­ւոյն մայրը դառնալու կոչուած տի­պար կին (Մատթ. 1.20), Բեթղե­հէմի մէջ ծնեալ Յիսուս մանուկին նկատ­մամբ Աստուա­ծածնի ցուցաբերած գուրգու­րանքը (Ղուկ. 2.6-7), Յի­սուսի հոգեմտաւոր աճման մէջ Աստուա­­ծած­նի դերը (Ղուկ 2.22-24) եւ ապա Քրիստոսի առաքելութեան ըն­թաց­­քին Աստուածածնի մնայուն ներ­կայութիւնը իր զաւկի կող­քին (Յովհ. 19.25) եւ, միւս կողմէ, Քրիս­տոսի ցուցաբերած խոր յար­գանքը իր մօր նկատ­մամբ (Յովհ. 19.26), պերճախօս կերպով կը պար­զեն մօր հարա­զատ պատկերը եւ փոխադարձ սիրոյ ու գուրգուրանքի վրայ հիմնուած մայր-զաւակ օրի­նակելի յա­րա­բե­րու­թիւնը։

Եզրակացնելէ առաջ մօր մասին Աստուածաշունչի ուսուցումները, յայտնենք նաեւ որ մայրը այնքան յար­գանքի արժանի անձ է եղած, որ նոյնիսկ Վերին Երու­սա­ղէմըը բնու­թագրուած է որ­պէս բոլորի՛ն մայրը )Գաղտ. 4.26(։

Աստուածա­շունչին մէջ մօր ներկայութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.-

ա) Մայրը կը ներկայանայ որպէս հիմքը ընտանի­քին. անոր դերը միայն ընտանիքին գոյատեւումը երաշ­խա­ւորել չէ՝ զաւակներու ծննդաբերութեամբ. ան նաեւ դաստիարակիչ դեր ունի։ Բարոյական ու հոգեւոր իմաս­տով ընտանիքի առողջ պահպանումը մօր առաջնահերթ պարտաւո­րութիւնն է։

բ) Նկատի ունենալով աստուածային տնօրինումով մօր յանձնուած եզակի առաքելութիւնը, ան կոչուած է իր կեանքին ու գործին մէջ գործնա­պէս արտայայտելու բարոյական ու հոգեւոր արժէք­ներն ու սկզբունքները։

գ) Անհրաժեշտ է որ զաւակները հնազանդին իրենց մօր՝ հետեւելով անոր ցուցմունքներուն ու կեանքի օրի­նակին։

դ) Սուրբ Մարիամ Աստուածածին կը նկատուի որ­պէս տիպար ճշմարիտ մայրութեան։

Բ.
Մայրը՝ եկեղեցւոյ հայրերու
ուսուցումներուն մէջ

Թէ՛ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թէ հայ եկեղեցւոյ հայրերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած են մօր՝ բնա­կանաբար միշտ Աստուածաշունչը ունենալով իրենց մեկնաբանութիւններուն ու ուսուցումներուն առանցքը եւ Սուրբ Աստուածածինը նկատելով որպէս օրինակելի մայր։ Եկեղեցւոյ հայրերը մօր դերին անդրադարձած են առա­ւելաբար Աստուածաշնչական գրքերու իրենց մեկ­նաբա­նութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ եկե­ղեցւոյ հաս­­տա­տած բարոյական, հոգեւոր ու ընկերային բնոյթ ունեցող կանոններուն մէջ։

Այս ուղղութեամբ կ’արժէ հպանցիկ կերպով յիշել կարգ մը եկեղեցական հայրեր.-

Յովհան Ոսկեբերան անդրադառնալով Եսայի 66.13 համարին թէ՝ ինչպէս մայր մը իր տղան կը հան­գըս­տաց­նէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգս­տացը­նեմ, կ՚ըսէ, թէ Աստուած գուրգուրալից մօր նման սէր, հոգա­ծութիւն ու խա­ղաղութիւն կը շնորհէ իր զաւակ­նե­րուն։

Օգոստինոս յիշելով Բ. Օրինաց 5.16 համարը՝ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլանեւ Եփեսացիս 6.1-3 համարը թէ՝ Ո՛րդիներ, ձեր ծնող­ներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջ­մով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ, կ՚ըսէ, թէ մօր հանդէպ ցու­ցաբերուած յար­գանքն ու պատիւը մեր առջեւ լայն կը բանան երկնային բա­րիքներուն դռները։

Կիւրեղ Աղեքսանդրացին մէջբերելով Ղուկաս 2.44 համարը, ուր կը յիշուի թէ Յովսէփ եւ Մարիամ “սկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ, կ՚ըսէ, թէ ծնողները միշտ պէտք է փնտռեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք չկորսուին մեղքի ու անօ­րէնութեան փոշիներուն մէջ։

Որոգինէս մէջբերելով Ղուկաս 2.27 համարը, թէ՝ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին կ՚ըսէ, թէ Յովսէփն ու Մարիամը այս ընելով ծնողներուն կը սոր­վեցնեն իրենց զաւակները եկեղեցի բերել։

Հայ եկեղեցւոյ հայրերը եւս յաճախակի կերպով անդ­րադարձած են մօր դերին։

Ներսէս Լամբրոնացին մէջբերելով Առակաց 29.15 հա­­մարը, թէ՝ գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաս­­­տութիւն կու տան, բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ՚ամչցնէ, կը շեշտէ, թէ մօրը կողմէ իր զաւակներուն հանդէպ ցուցաբերուած խստապա­հանջութիւնը զա­նոնք կ՚առաջնորդէ պատասխանա­տը­ւու­­թեամբ ապրելու իրենց կեանքը։

Յովհաննէս Երզնկացին կÿընդգծէ յատկապէս մօր դաստիարա­կիչ դերը՝ յիշեցնելով, որ եթէ ան թերանայ իր պատաս­խա­նատուութեան մէջ, Աստուծոյ ատեանին առջեւ ի՛նք պատասխանատու պիտի ըլլայ զաւակներուն գործած չարիքներուն համար։

Բարսեղ Մաշկեւորցին վեր առնելով աղօթքի կարե­ւո­րու­թիւնը կը թելադրէ մայրերուն, որ աղօթել սոր­վեցնեն իրենց զաւակներուն։

Գրիգոր Տաթեւացին կը շեշտէ թէ հայ մայրը ար­ժանի է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի ու պատիւի, որովհետեւ ան Աստուծոյ պատկերը հայ մանուկին մէջ կազմաւորելու գծով յոյժ կարեւոր պարտաւորութիւն ունի։

Յովհան Մանդակունին այնքան զօրեղ կերպով կը շեշտէ հայ մօր տիպարը, որ զայն կը նկատէմայրերու մայրը։

Խրիմեան Հայրիկ կը թելադրէ մայրերուն իրենց զա­ւակներուն սորվեցնել Աւետարանը, որպէսզի անոնք սորվին սիրել իրենց եղբայրը, իրենց ընկերը եւ իրենց նմանը։

Ընդհանրական եկեղեցւոյ ու մեր եկեղեցւոյ հայրե­րէն քաղուած այս փունջ մը վկայութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ ընդգծում­նե­րը կա­տարել.-

ա) Թէ՛ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թէ հայ եկե­ղեց­ւոյ հայրերը ընդհանրապէս անդրադարձած են ընտանի­քին ու զաւակներուն նկատմամբ ծնող­քի ունեցած պար­տաւորութեան, հայր ու մայր նկատելով որպէս մէկ ամ­բողջու­թիւն, սակայն յատուկ շեշտ դնելով մօր դերին վրայ։

բ) Հետեւելով Աստուածաշունչին, անոնք կարեւո­րու­թեամբ ընդգծած են մօր դաստիարակիչ դերը ու զինք նկատած քրիստոնէական առաքինութիւններու հարա­զատ ար­տա­յայտիչը ընտանեկան թէ ընկերային կեան­քէն ներս՝ Աստուածածինը նկատելով բացառիկ տի­պար մայրութեան։

գ) Մեր եկեղեցւոյ հայրերը հայ մայրը նկարագրած են ո՛չ միայն որպէս քրիստոնէական արժէքներու ու առաքի­նութիւններու ճառագայթող ներ­կա­յութիւն ըն­տա­նե­կան յարկին տակ, այլ նաեւ անոր մէջ տեսած՝ ազ­գային կեանքէն ներս  կարեւոր դերակատարութեան կոչուած անձը։

Գ.
Հայ մայրը՝ հայ կեանքէն ներս

Հայ մայրը հայ ժողովուրդի պատմու­թեան մայր էջին վրայ միշտ եղած է առանցքային ներկայու­թիւն։ Անոր տի­րական ներկայութիւնն ու իւրայատուկ դերակատա­րութիւնը ակներեւ են մեր կեանքի կրօնական, մշա­կու­թային, քա­ղաքական, ընկերային, մարդասիրական մար­զերէն ներս ու նոյնիսկ ազատագրական պայքարին մէջ։ Կա­րելի չէ ամբողջական կերպով հասկնալ հայոց պատ­մութիւնը առանց անդրադառնալու հայ մօր առաքելու­թեան, եւ փոխադարձաբար՝ կարելի չէ ճիշդ ու ամբող­ջական կեր­պով ըմբռնել հայ մօր եզակի դերը, առանց խորա­թափանց ակնարկով քննելու հայոց պատ­մու­թիւնը։

Հայ եկեղեցւոյ առաքելու­թեան ու ընդհանրապէս մեր ազգի կեանքին, հայ մայրը բե­րած է գործօն մաս­նակ­ցութիւն ու կարեւոր նպաստ եւ իր սրբակենցաղ կեան­քով, ծառայական դե­րով, անմնացորդ նուիրումով եւ նոյնիսկ արեան վկա­յութեամբ հարստա­ցուցած է մեր հաւաքական կեանքը՝ մեր պատմութեան ճակա­տագրա­կան պահերուն գրա­ւելով առաջնորդողի ու առաջ­նորդի դիրքը։ Մեր մատե­նագիրները՝ Ագաթանգեղոս, Խորե­նացի, Եղիշէ եւ ու­րիշ­ներ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ Հայ­րապետները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ նոր ժամանակներու մեր հոգեւոր հայրերը սքան­չելի տողերով բնորոշած են հայ մօր դերը։

Թերեւս ամենէն աւելի ցայտուն ու հարազատ կեր­պով հայ մշակոյթն է, որ գիրի ու գոյներու, ձայնի ու կերպի ճամբով ներկայացուցած է հայ մօր կերպարը, անոր իւրայատուկ տեղն ու դերը մեր ազգի ու հայ­րենիքի պատմութեան մէջ։ Եւ աւելին, ընդ­հան­րա­պէս մեր գե­ղարուեստական գրականութիւնն է ու մանա­ւանդ բանաստեղծութիւնը, որ այնքան կեն­դանի պատ­կեր­­նե­րով բնութագրած է հայ մայրը եւ մեր ժողովուրդի անխառն զգացումները մօր նկատմամբ։

Արդարեւ, “Ո՞վ աղօթք ուսուց իմ բերնիս քնքոյշ, որ պաշտեմ Աստուած երգած Մատթէոս Մամուր­եանէն մինչեւ իր պանդուխտ զաւկին տունդարձի կարօ­տով ճենճերող հայ մօր վիշտն ու սպասումը նամա­կագրած Դանիէլ Վարուժան, ազգին ու հայրենիքին հերոս որդիք պարգեւած մայրերուն առջեւ խոնար­հած Ալեքսանդր Ծատուր­եա­նէն մինչեւ “Ո՜հ, ներէ ինձմօրս արտօ՜սրը տեսիերգած Պետրոս Դուրեան, “Մեր տան աստ­ուա՛ծն է մայրս յուշակոթողած մայրերգակ Յով­հաննէս Շիրազէն մինչեւ Ալ կը բաւէ, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ հայ մամիկին աղօթքը երկինքն ի վեր բարձ­րացուցած Մուշեղ Իշխան, հայ մօր աղօ­թական կեանքը թէ՝ իրենց հոգին կը վառէին իբրեւ կանթեղ առտուգիշեր, որ մութի տեղ՝ լոյս Աստու­ծոյ գութը իջնէ պարզ սակայն խորիմաստ բառերով նկարագրած Ժագ Ս. Յակոբեանէն մինչեւ բազմատասնեակ այլ քեր­թող­ներ քալած են իրենց մայ­րերուն ոտնա­հետ­քերով եւ հայ մայրը առաջնորդած դէպի հայ հոգիի ու մտքի երկնա­մերձ բարձունք­ները։ Հայ մայրը ի՛նք քա­լած է ժա­մա­նակին հետ եւ նոյնիսկ ժամանակներէն վեր՝ որ­պէս լու­սա­ճաճանչ ուղեցոյցը հայ ժողովուրդի փոթորկայոյզ կեան­­քին։

Կարելի՞ է չյիշել եւ պահ մը կանգ չառնել այն պաշ­տելի մայրերուն առջեւ, որոնք վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց նշանաբանի հաւատքով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ ապրեցան եւ իմացեալ մահով իրենց կեանքը ընծայաբերեցին։ Կարելի՞ է չյիշել այն պաշտելի մայ­րերը, որոնք Տէր Զօրի անապատ­նե­րուն մէջ եկե­ղե­ցի եւ դպրա­տուն դարձան, Սարտա­րապատեան հրաշա­մար­տը հա­ւատ­քի պարիսպներով պողպատեցին եւ Արցախ­եան երկնամերձ կատարները իրենց ուխտին կրակով ու արիւնով հոգեզինեցին եւ իրենց հաւատքի կեանքով սրբացան ու արժանացան եկեղեցւոյ ու ազ­գին պաշտա­մունքի հասնող սիրոյն։

Արդարեւ, եթէ մայրական սիրոյն անհունութիւնը, խան­­դաղատանքին ջերմութիւնը, նուիրումին ազնուու­թիւնը եւ զոհաբերութեան զօրութիւնը բնութագրած մակ­­­­­դիրները, վերադիրները, ստորոգելիներն ու ածա­կաննները պահ մը փորձենք ի մի խմբել, էջե՜ր կը լեցուին։ Նո՛յնը կարելի է ըսել հայ մօր բացառիկ կեր­պարը եւ առաքինի էութիւնը փառաբանելու նպատակով յօրին­ուած բազմահարիւր բանաստեղծութիւններուն ու երգերուն համար։

Հայուն համար ուրի՛շ է հայ մայրը, որպէս հաւատքի, նուիրումի, կամքի ու սիրոյ վաւերական մարմ­նացում։ Բանաստեղծին բառերով՝

Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,
Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,
Բայց չտեսայ, չգտայ ո՛չ մէկ սիրտ այնքան արի,
Քու հոգիիդ չափ ազնիւ, մա՛յր իմ անուշ ու բարի։

Հայուն ջինջ զգացումները իր մօր նկատմամբ հարա­զա­տօրէն նկարագրող Համաստեղի  այս բառերը կա­րելի է տա­րածել բոլոր ժամանակներու հայ մայրերուն՝ սկսելով հե­թա­­նոս շրջաններէն ժառանգուած բեղմնա­ւորութեան եւ ինքնա­բաշխումի խորհրդանիշ Անահիտ չաստուա­ծու­հիէն, վեր առնելով երկնային առաքինու­թիւն­­ներով լուսապսակ­ուած պայծառ ներկայու­թիւ­նը հայ եկեղեց­ւոյ  սրբուհի­ներուն՝ հասնելու համար հայոց պատ­­մու­թեան ամենա­ճակատագրական պահերուն բախ­­­­­տո­րոշ պատասխա­նատուութիւններ ստանձնած մեր թա­գու­հիներուն եւ իշխանուհիներուն, որոնք կոչ­ուե­ցան Աշխէն թագուհի եւ Շուշանիկ Պահլաւունի, Փառանձեմ ու Սօսէ Մայրիկ ու մինչեւ նոր ժամանակ­ներու յայտնի ու անյայտ մեր բոլոր անզուգական մայ­րերուն։

Վերջապէս, ինչպէս չյիշել հայ մօր խոր հաւատքին, անհուն սիրոյն ու ծով զոհողութեան առջեւ խոնարհած Պարոյր Սեւակի հետեւեալ տողերը.-

Եկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար
Մեզ աշխարհում ծնած, սնած,
Մեզ աշխարհում շահած, պահած,
Մեզնից երբե՛ք չկշտացած,
Փոշի սրբող, լուացք անող,
Անվերջ դատող, անվերջ բանող
Ա՛յս ձեռքերը.
Թող որ ճաքած ու կոշտացած,
Բայց մեզ համար մետաքսի պէս
Խա՛ս ձեռքերը։

Հայ մարդուն սրտին հարազատ թարգմանը կ՚ըլլայ Աւետիք Իսահակեան երբ կ՚ըսէ՝ “Ամենալաւ կինը մա՛յրն է։ Մօր սիրտը մարդկութեան սիրտն է, տիե­զերքի սիրտը։ Հէնց միայն մայր ունենալու հա­մար արժէ աշխարհ գալ։ Աւելի ճիշդ ըսած՝ մի՛միայն Հա՛յ Մայր ունենալու հա­մար կ’արժէ աշխարհ գալ…։

Դ.
Հայ մայրը այսօր
նոր մարտահրաւէրներու դիմաց

Բառերը մարդկային, որքան ալ զօրեղ ու գեղեցիկ ըլլան, անզօր են արտայայտելու հայ մարդու սրտին ընդերքէն ժայթքող ջինջ զգացումները, անհուն սէրն ու խոր երախտագիտութիւնը իր գոյաւորման աղբիւրը ու գոյատեւման ամ­րոցը դարձած հայ մօր նկատմամբ։ Արդարեւ, զուր չէ, որ մեր իմաստուն ժո­ղովուրդը իր ամենէն նուիրական սրբու­թիւններուն տուած է մայր մակդիրը՝ զանոնք կո­չե­լով Մայր Եկե­ղեցի, Մայր Հայաստան, Մայր լեզու…։

Հայ մայրը հոմանիշ է յաւիտենական արժէքներու ու երկնատուր ար­ժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտում­ներու, վեհ առաքինութիւններու ու ամուր սկզբունք­ներու։ Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյու­թեան, աղբիւրը մեր զօրու­թեան, միջնաբերդը մեր ինք­նութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին։

Արդ, առանց հայ մօր ճառա­գայթող ներկայու­թեան երա՛շտ է մեր կեանքը։ Առանց հայ մօր մարդակերտումի ու հա­յա­կերտումի առաքելու­թեան անգո՛յն է մեր կեան­քը։ Առանց հայ մօր յանձ­նառու մասնակցութեան աղ­քա՛տ է մեր կեանքը։

Հայ մայրո՛վ հայը հայ մնաց՝ պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց։

Հայ մայրո՛վ հայը հայ է՝ ներկայ ժամանակներու ինքնութիւն ապականող հոսանքներուն դիմաց։

Հայ մայրո՛վ հայը հա՛յ պիտի մնայ՝ գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց։

Այսօր երբ դիտենք մեր ժողովուրդին կեանքը, հարց կու տանք. արդեօք հայ մայրը այսօր իր հայ մօր առա­քելու­թեա՜ն մէ՞ջ է. որքանո՞վ հաւատարիմ է հայ մայրը իր նուիրական կոչումին…։

Երբեմն հաճոյապաշտ կեանքին գերին է ան։

Երբեմն ընտանեկան սրբութեանց խաթարիչը։

Երբեմն օտարամուտ բարքերու տարածիչը։

Երբեմն հեռո՜ւ է ան հայ կեանքի ոգեշնչող ու հա­յացնող ներկայութենէն…։

Բայց ո՛չ։ Հայադրոշմ արժանապատուութեան զօրեղ պաշտպան, հայկական սրբութեանց եւ աւանդութեանց արթուն պահապան, ազգային հաւաքական խոյանքնե­րու ռահվիրայ հայ մայրը այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ, պէտք չէ՛ ըլլայ։

Մենք հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, յոյս ներար­­կող, սէր փոխանցող, այլ խօսքով՝ հայուն մէջ քրիս­տոնեայ ու հայ մարդը կերտող ու այդ ճամբուն վրայ իր անձը ընծայաբերող հայ մօր յոյժ կարիքը ունինք։

Գիտե՛նք, դիւրին չէ մայր ըլլալը. դիւրին չէ մա՛նա­ւանդ հայ մայր ըլլալը։

Չմոռնանք երբեք, որ հայ մայրը եկեղեցի՛ դարձաւ, հոն ուր եկեղեցի չունեցանք. դպրո՛ց դարձաւ, հոն ուր դպրոց չունեցանք. հայրենի՛ք դարձաւ, երբ հայրենիք չունե­ցանք։

Նո՛յնը կոչուած է ըլլալ հայ մայրը այսօր ու միշտ։ Ա՛յս է հայ մօր հարազատ կոչումը։

Բի՜ւր յարգանք հայ մայրերուն։

*
* *

Ներկայ տարին “Հայ Մօր Տարի” հռչակելով, Մեր սպասումն է, որ՝

ա) Անդրադառնանք մեր կեանքէն ներս հայ մօր վի­ճակուած նուիրական առաքելութեան։

բ) Վերահաստատենք հայ մօր նկատմամբ մեր ունե­ցած խորունկ սէրն ու յարգանքը։

գ) Յիշեցնենք միաժամանակ հայ մօր իր եզակի դերն ու ճշմարիտ դիմագիծը միշտ պայծառ պահելու հրա­մա­յականը։

Հետեւաբար, Մեր այս սպասումներու լոյսին տակ, Մեր հայրական թելադրութիւնն է ուղղուած մեր Թեմա­կալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշ­խա­նութեանց ու մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կա­ռոյց­ներուն, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ նախա­ձեռնու­թիւն­ներով վերաշեշտեն, վերյիշեցնեն ու վերար­ժեւորեն հայ մօր տիպարը՝ իր հարազատ պատ­կերով ու առանց­քային դերով մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրե­նիքի կեանքին մէջ։

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնա­յին շնորհներով շնորհազարդէ մեր մայրերը, որպէսզի վերանորոգ նուիրումով անոնք կարենան քրիստոնէա­կան հաւատքով թրծել եւ ազգային արժէք­ներով ու իտէալներով կազմաւորել իրենց զաւակները։

Հայրական ջերմ սիրով,

­Աղօ­թա­րար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

1 Յունուար, 2013
Ան­թիլ­ի­աս, Լի­բա­նան

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022