Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2015

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒԸ՝ ԱՒԵՏԻՍ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ

Դարձեալ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգեպարար շրջանը կ՛ապրինք եւ մեր սրտերը լի են ցնծութեամբ, նոր տարուան մը ծնունդին ընդառաջ, որ իր հետ կը բերէ նոր սկիզբ մը, նոր երազներ եւ նոր յոյսեր, եւ մեր հոգիները Աստուածայայտնութեան խորհուրդով գօտեպնդուած, սէր եւ խնդութիւն կը վայելեն:

Դարեր առաջ, աշխարհին յայտնուած մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը անգամ մը եւս մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ պիտի յայտնուի, աստուածային սիրոյ օրհնութեամբ եւ հաճութեամբ հարստացնելով մեր կեանքը:

Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ, աւելի քան 2000 տարիներ առաջ, մարդկութիւնը ստացաւ անպատմելի պարգեւ մը, որ իբրեւ խաղաղութեան լոյս եւ արդարութիւն աշխարհ եկաւ ու լուսաւորեց խաւար աշխարհը: “Այսօր արեւ արդարութեան երեւացեւ ի մէջ մարդկան, աւետիս” (Ժամագիրք): Այդ լուռ ու սուրբ գիշերուան մէջ, Աստուծոյ փրկարար ծրագիրը մարդկութեան շնորհուեցաւ:

Ս. Ծննդեան շրջանը յիշեցում մըն է բոլորիս, որ Աստուած ինքզինք ընծայաբերեց մեզի, Յիսուս Մանուկով, եւ մեզի պարգեւեց լոյս մը, որ ո՛չ մէկ տեսակի խաւար կրնայ մթագնել:

Բեթղեհէմի Աստղը ո՛չ միայն մութ երկինքը լուսաւորեց, այլ նաեւ՝ մարդուն սիրտն ու հոգին, աւետելով մեր փրկչին ծնունդը, որ աշխարհ եկաւ մեզի ցոյց տալու սիրոյ, խոնարհութեան, հնազանդութեան, համբերութեան, հաւատքի, խաղաղութեան եւ հաճութեան նոր ճանապարհ մը։

Արդարեւ, այս պատգամը գեղեցկօրէն մարմնաւորուած է Ս. Ծնունդով։ Անսահման սէրը՝ Աստուծոյ ինքնընծայումով, որ իր միածին Որդին տուաւ, խոնարհութիւնը՝ Աստուծոյ Որդւոյն խանձարուրով ու համեստ մսուրով օրինակուած, հնազանդութեան ու համբերութեան առաքինութիւնը՝ Յովսէփով ու Մարիամով մարմնաւորուած, հաւատքը՝ համեստ հովիւներով արտայայտուած, որ զիրենք արժանացուց խաղաղութեան ու հաճութեան առաջին աւետիսը ստանալու առանձնաշնորհումին, հրեշտակներուն աստուածային փառաբանութեամբ եւ երկնային երգակցութեամբ:

“Փառք ի բարձունս Աստուծոյ…”

Փառք Տիրոջ Օծեալին, որ աշխարհ եկաւ ոչ թէ դատելու՝ այլ փրկելու։ Ան աշխարհ եկաւ մեղաւորները ազատագրելու, գերեալները ազատելու, հիւանդները բժշկելու, աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սգաւորները եւ սրտաբեկները մխիթարելու, եւ հարստահարուածները ազատելու եւ անարդար աշխարհի մէջ արդարութիւնը վերահաստատելու. “Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ…Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան: Դաւիթի աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ, Անոր իշխանութեանը մեծնալուն եւ խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ զանիկա” (Ես. 9:6-7):

Այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան օրերուն, այսօր եւս աշխարհը լեցուն է պայքարներով, խառնակ վիճակներով եւ անարդարութեամբ: Չար ուժեր կը փորձեն իրենց տիրապետութիւնը հաստատել, պատճառ դառնալով անմեղ ժողովուրդին անտանելի տառապանքներուն: Որեւէ անարդարութիւն անարգանք է Աստուծոյ, որ պատճառ կը հանդիսանայ Յիսուս Քրիստոսի լոյսով շնորհուած հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ տկարացման:

Հայ ժողովուրդը անծանօթ չէ անարդարութեան. սակայն հակառակ բազմաթիւ ներխուժումներու, գրաւումներու, մահուան ու քանդումի, տոկաց եւ վերապրեցաւ, շնորհիւ իր հաւատքին, լեզուին եւ մշակոյթին, զորս պահեց անաղարտ: Մեռանք, բայց չկորսուեցանք, որովհետեւ մենք միայն չենք ապաւինիր մեր ուժերուն, այլ Աստուծոյ ամենակալ զօրութեան:

***

2015 տարին նշանակալից տարի մըն է մեր ժողովուրդին համար, երբ մենք ազգովին, ամբողջ աշխարհի տարածքին, պիտի միանանք նշելու հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ արդարութիւն պահանջելու մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած անարդարութեան համար: Թէեւ 100 տարիներ անցած են, սակայն մենք երբեք չենք վհատած, որովհետեւ իբրեւ հաւատաւոր Քրիստոնեաներ, գիտենք ապաւինիլ Աստուծոյ եւ Ան մեզ կը փրկէ։ Երբ զգանք որ յոյսի դռները փակուած են, Աստուած անպայման ելք կը գտնէ։

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին ծնունդը այս ճշմարտութեան մեծագոյն յայտնութիւնն է, որովհետեւ երբ մարդկութիւնը խաւարի մէջ էր, Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց, որ աշխարհը իր միջոցով փրկուի, “քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է” (Ես. 30:18)։

Մեր նախնիք դիմեցին Աստուծոյ եւ Իրեն ապաւինեցան, որ հաւատք եւ ոյժ շնորհեց տոկալու, յարատեւելու եւ վերստին վերականգնելու։ ԶԱստուած մեզի հետ ունենալով մենք յաջողեցանք վերատիրանալ մեր անկախութեան, ապահովեցինք Արցախի ազատագրութիւնը, եւ դարձեալ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի յաջողինք մեր նահատակներուն հոգիները խաղաղեցնել ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումով եւ արդարութեան հատուցումով։

Աստուած պահեց եւ պահպանեց մեզ, մեր ժողովուրդի կեանքի ուղին դարերով առաջնորդեց, եւ վստահ կրնանք ըլլալ, որ այս հանգրուանին եւս, Ան մեզ պիտի առաջնորդէ: Մեր յոյսն ու վստահութիւնը ամենակալ Աստուծոյ վրայ դնելով՝ պիտի շարունակենք մեր արդար պայքարը հետապնդել, այն համոզումով որ Արդարութեան Արեգակը մեզ պիտի առաջնորդէ մեր յաղթանակին եւ արդարութեան. ազգովին պիտի պայքարինք անարդարութեան ու ճնշումին դէմ, մեր Տիրոջ օրինակով, որ իբրեւ պաշտպան ժողովուրդներուն եւ ջատագով արդարութեան աշխարհ եկաւ:

Սիրելի հարազատներ,

Ս. Ծննդեան տօնը հրաշալի ժամանակ է, տարուան ամէնէն սքանչելի շրջանը՝ մանուկին ու չափահասին համար հաւասարապէս: Այս շրջանին, մեր կեանքի մթնոլորտին մէջ խաղաղութիւն եւ ցնծութիւն կը տիրէ, որ մեզի մանկութիւն յիշեցնող տօնական ուրախութիւն կը բերէ։ Մարդիկ աւելի ազնիւ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն իրարու հանդէպ, բարեսրտութեան ոգին կը ծաղկի մարդոց էութեան մէջ: Հետեւաբար, եղբայրասիրութիւնը, համերաշխութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը պէտք է առաջնորդեն մեր կեանքը, որովհետեւ Յիսուս չծնաւ մէկ օրուան համար, այլ Ան ամէն օր մեր սրտերուն մէջ պէտք է ծնի։ Ջանանք, որ մեր Տիրոջ Ս. Ծնունդով սկիզբ առած բարութիւնն ու ողորմածութիւնը մեր կեանքերուն մէջ շարունակուին ամէն օր, աստուածային սէրն ու ողորմութիւնը տարածենք Երկնաւոր Հօր բոլոր զաւակներուն միջեւ, հետամուտ ըլլանք արդարութեան ու ճշմարտութեան, մասնաւորաբար ի ծառայութիւն անպաշտպանին ու ճնշուածին: Յիսուս աշխարհ եկաւ իբրեւ տիպար օրինակ մեր կեանքին։ Ան մեզի սորվեցուց թէ ինչպէս պէտք է ապրինք.- “իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել, ու խոնարհութեամբ Աստուծոյ հետ քալել” (Միք. 6:8):

Եկէ՛ք ուրեմն, միասնաբար տօնենք մեր Փրկչին Ս. Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը, մաղթելով, որ Ան վերստին ծնի մեր սրտերուն մէջ եւ մեզ վերանորոգէ նոր կեանքով: Աղօթենք, որ Ան մեզ հարստացնէ Իր շնորհքներով, եւ առաջնորդէ մեզ Իր փառքին համար, խոնարհութեամբ եւ արդարութեամբ ծառայելու Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր Դատին իրագործման համար: Աղօթենք, որ Մանկացեալ Փրկիչը աշխարհի ժողովուրդները առաջնորդէ Իր ճշմարտութեան ու արդարութեան ճանապարհով, որպէսզի աշխարհն ամբողջ վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, որ արդարութեան պտուղն է:

Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներու սեմին, մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը յղենք մեր հոգեւոր դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, մեր վարժարաններուն, ազգային մեր մարմիններուն, միութեանց ու կազմակերպութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, աղօթելով, որ Մանկացեալ Աստուածորդին առողջութեան ու յաջողութեան բարիքներով լեցնէ տարին, մեր անձնական ու հաւաքական կեանքին մէջ, մեր ժողովուրդին ու ամբողջ աշխարհին համար: Թող որ մանկացեալ Աստուածորդւոյն սէրն ու խաղաղութիւնը բոյն դնեն մարդոց սրտերուն մէջ, որպէսզի վերջ դրուի մարդկութեան տառապանքին եւ անարդարութեան, 2015 տարուան ընթացքին, եւ անդին:

Շնորհաւոր Նոր Տարի
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2015

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022