2017 – Վերանորոգումի Տարի


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ մեր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին կեանքը լեցնէ ու պայծառացնէ Իր երկնային առատ բարիքներով։

Ինչպէս գիտէք, անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարուան սեմին մեր ժողովուրդի զաւակները հրաւիրեցինք իրենց մտածումներուն, աշխատանքներուն ու կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերելու մեր ազգին ու եկեղեցւոյ առնչուած հիմնական արժէք մը, խոր մտահոգութիւն մը կամ լուրջ սպասում մը։ Մեր փորձառութիւնը ու մանաւանդ մեր ժողովուրդին դրական ընդառաջումը անհատական, թեմական թէ գաղութային մակարդակներու վրայ, ցոյց տուաւ թէ նման նախաձեռնութիւն մը կենսական է՝ մեր կեանքը հեռու պահելու կաղապարուած մտածողութիւններէ, հնամաշ գործելակերպերէ եւ յոռի կենցաղակերպերէ, եւ մեր զաւակները հրաւիրելու՝ մէկ կողմէ ամրօրէն կառչած մնալու մեր կրօնական, ազգային ու բարոյական արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն, եւ միւս կողմէ՝ բացուելու, միշտ քննական ոգիով ու զգուշաւոր մօտեցումով, մեզ շրջապատող իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Թեմերուն տուած Մեր այցելութիւնները եւ ընդհանրապէս մեր կառոյցներուն ու ժողովուրդին հետ Մեր ունեցած շփումները եւս ցոյց տուին այս նախաձեռնութեան կարեւոր տեղն ու դերը ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ուր մեր ժողովուրդը միշտ ենթակայ է թէ՛ իր ինքնութիւնը կազմող արժէքներէն հեռացման վտանգին եւ թէ զինք մեկուսացման մղող ազդակներու ազդեցութեան։ Հետզհետէ բազմացող ու տարածուող երեւոյթներ ու մտահոգութիւններ, որոնք վնասաբեր են մեր ազգին առողջ ու հզօր պահպանման։

2016 տարին հռչակած էինք «Ծառայութեան Տարի»։ Անցեալ տարուան ընթացքին զանազան ծրագիրներու ու ձեռնարկներու ճամբով շեշտեցինք եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ ծառայութեան առանցքային կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, թէ Աստուծոյ Որդին ինքզինք որպէս ծառայ նկատեց եւ որպէս ծառայ իր երկրաւոր առաքելութիւնը իրագործեց. հետեւաբար, Ան մեզի համար պէտք է դառնայ գերագոյն տիպար ճշմարիտ ծառայութեան։ Վստահ ենք, որ այս առիթով կատարուած բոլոր նախաձեռնութիւնները մնայուն հետք մը պիտի ձգեն մեր կեանքէն ներս, մեր ժողովուրդի զաւակները հրաւիրելով առաւել յանձնառութեամբ ծառայելու մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ազգին եւ զօրակից դառնալու մեր կառոյցներուն, որոնք կոչուած են մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներու եւ իտէալներու կենսագործման ու հարստացման։

Արդարեւ, կեանքը, բանական թէ անբան, ինքնագոյ չէ, այլ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է։ Աստուած ստեղծեց տիեզերքը, ինչպէս նաեւ՝ մարդը, որպէս պահակը ու խնամակալը ստեղծագործութեան։ Կեանքը իր բոլոր տարրերով ու տարածքներով կարիքը ունի մնայուն վերանորոգման, այլապէս պիտի կորսնցնէ իր ներքին կենսունակութիւնը, իմաստն ու նպատակը, ինչպէս կը շեշտեն Աստուածաշունչը եւ աշխարհի բոլոր կրօններու ուսուցումները։ Վերանորոգումը երաշխիք է զարգացան, հզօրացման ու յաւերժացման։ Հետեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, ինչպէս նաեւ մեր ապրած կեանքը վերանորոգելու հրամայականէն, 2017 տարին կը հռչակենք՝

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՏԱՐԻ»

Անհրաժեշտ կը նկատենք, ամփոփ գիծերով, կարգ մը մատնանշումներ կատարել վերանորոգման մասին, ընդգծելով անոր առանցքային կարեւորութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ։ Այս ծիրէն ներս, հարկ է առաջին հերթին դառնալ աստուածային յայտնութեան աղբիւրին եւ քրիստոնէական հաւատքին ու ուսուցումներուն հիմքը հանդիսացող Աստուածաշունչին։

Ա. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Աստուածաշունչը իր էութեամբ, իր խորքով ու նպատակով մարդը դէպի հոգեւոր ու բարոյական վերանորոգում առաջնորդող երկնային պատգամ մըն է՝ Աստուծոյ յայտնութեամբ փոխանցուած մարդուն։ Այս հայեցակէտով հարկ է ճանչնալ ու ապրիլ Աստուածաշունչը։ Աստուծոյ յայտնութիւնը, տիեզերքի ստեղծագործութենէն մինչեւ մարդուն ստեղծումը, մարգարէներու կոչէն մինչեւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը, Մեսիայի գալստեան պատմութենէն մինչեւ Քրիստոսի աշակերտներուն առաքելութիւնը, մէկ ու յստակ նպատակ ունէր՝ մարդկութեան ու ստեղծագործութեան փրկութիւնը, չարէն ու մեղքէն ազատագրումը, այլ խօսքով՝ ամբողջական վերանորոգումը։ Այս պրիսմակէն դիտելով Աստուածաշունչը, նախ տեսնենք թէ ի՞նչ կ’ըսէ Հին Կտակարանը։

Յատկապէս սաղմոսները ու մարգարէները լայնօրէն կը պարզեն վերանորոգման կարեւորութիւնը։ Ադամն ու Եւան հաւատարիմ չէին գտնուած երկնային պատուէրին, եղծած էին իրենց աստուածային պատկերը ու վտարուած դրախտէն։ Արդ, մարդը կարիքը ունէր իր աստուածային պատկերին վերստեղծման, իր մարդկային բնութեան վերանորոգման ու աստուածատուր կոչումին վերահաստատման։ Սաղմոսերգուն Աստուծոյ կ’աղերսէ թէ իր մէջ “ուղիղ հոգի նորոգէ” (Սղ 51.10), որովհետեւ Աստուած է աղբիւրը վերանորոգութեան, որ միաժամանակ “երկրին երեսը կը նորոգէ” (Սղ 104.30)։ Նոյն մօտեցումով ու սպասումով, մարգարէները Աստուծմէ կը խնդրեն, որ երկնային միջամտութեամբ նորոգէ մարդն ու տիեզերքը ու կոչ կ’ուղղեն մարդուն դառնալու Աստուծոյ, սպասելով գալուստը Աստուծոյ Մեսիային։

Վերանորոգումը Նոր Կտակարանին մէջ կը ներկայացուի որպէս անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Քրիստոսի մարդեղութեան նպատակը ու փրկագործական առաքելութիւնը մարդուն ու տիեզերքին վերանորոգումն էր։ Արդարեւ, Նոր Կտակարանը աստուածային միջամտութեամբ մարդուն ու ստեղծագործութեան վերանո¬րոգ¬ման պատմութիւնն է։ Յայտնութեան գիրքը զայն կը խտացնէ հետեւեալ բառերուն մէջ՝ «ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յյտ 21. 5)։

Կեանքը իր էութեամբ Քրիստոսով նորոգուեցաւ։ Քրիստոս ինքն է աղբիւրը ու ճանապարհը վերանորոգման։ Իր հրաշքներուն, առակներուն ու ուսուցումներուն մէջ Քրիստոս առանցքային տեղ յատկացուցած է վերանորոգման։ Այսպէս, քահանայապետի ծառային՝ Մախկոսի կտրուած ականջը բժշկելով (Ղկ 22.51), Քրիստոս ցոյց տուաւ թէ ի՛նքն է որ կտրուածը կը վերանորգէ։ Երիքովի կոյրերուն աչքերը բանալով (Յհ 9.6-7), յիշեցուց թէ ի՛նքն է որ մարդոց կեանքին շիջած լոյսին ձէթը կը վերանորոգէ։ Կափառնայումի անդամալոյծը բժշկելով (Մր 2.10-12) շեշտեց, թէ ի՛նքն է որ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ անդամալուծուած յարաբերութիւնը կը վերականգնէ։ Նոյնպէս, իր առակներուն ճամբով, Քրիստոս պատգամեց մարդոց թէ ի՛նքն է վերանորոգիչը համայն մարդկութեան։ Այսպէս, բարի Սամարացիի առակով (Ղկ 10.25-37), Քրիստոս ցոյց տուաւ թէ ի՛նքն է գետին ինկած մարդը վերականգնողը։ Անառակ որդիին առակով (Ղկ 15.11-32) պարզեց, թէ ի՛նքն է մարդուն մէջ աստուածատիպ մարդը վերանորոգողը։ Կորսուած ոչխարի առակով (Մտ 18.12-14) յիշեցուց, թէ ի՛նքն է կորսուած մարդը վերականգնողը։ Աւետարանները նաեւ կը պարզեն, թէ Քրիստոսի հետ հանդիպումը կը դառնայ կեանքի վերանորոգման առիթ։ Այսպէս, հանդիպելով Պետրոս ու Անդրէաս եղբայրներուն, Քրիստոս ձկնորսները վերածեց Աստուծոյ արքայութեան քարոզիչներու (Մտ 4.18-20)։ Հանդիպելով Մատթէոս հարկահաւաքին, զինք դարձուց աւետարանիչը Աստուծոյ խօսքին, իսկ Զաքիոս դրամասէրը՝ բարեսէր (Ղկ 19.8)։ Վերջապէս, Քրիստոս հին ուխտը վերածեց նոր ուխտի (Մտ 26.28), հին մարդը՝ նոր մարդու (Եփ 4.24), հին օրէնքը՝ նոր օրէնքի (Յհ 13.34), հին ճամբան՝ նոր ճամբու (Եբր 10.20), հին ստեղծագործութիւնը՝ նոր ստեղծագործութեան (Եփ 2.10)։

Վերանորոգման հրամայականին վրայ Քրիստոսի կողմէ դրուած շեշտին արձագանգեցին Առաքեալները, նորահաստատ եկեղեցիներուն ուղղած իրենց հովուական նամակներով ու քարոզախօսութիւններով։ Պօղոս Առաքեալ կեանքի վերանորոգման մասին խօսելով կոչ կ’ուղղէ նորադարձ քրիստոնեաներուն ըսելով, որ «նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4) եւ «Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութեամբ» (Հռ 7.6) ծառայենք Աստուծոյ։ Նոյն Առաքեալը նաեւ կը թելադրէ՝ «այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք» (Հռ 12.2) ու կը շարունակէ՝ «ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ ան, ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ» (Բ.Կր 5.17)։

Նոր Կտակարանը վերանորոգումը կ’ըմբռնէ համապարփակ իմաստով.- ա) Քրիստոսով մարդը կոչուած է իր ապրելակերպը, մտածելակերպը ու գործելակերպը, այլ խօսքով՝ իր ողջ կեանքը վերանորոգելու։ բ) Վերանորոգումը աստուածային պարգեւ է տրուած մարդուն, որ մարդը կը մղէ Աստուծոյ մօտենալու։ գ) Վերանորոգումը միաժամանակ երկնային պատուէր է՝ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ վերածնուելու։ դ) Քրիստոսով իրագործուած վերանորոգումը աշխարհի չար ուժերը ու ապականիչ երեւոյթները յաղթահարելու ազդու միջոց է։ ե) Վերանորոգումը համատիեզերական նպատակ ունի, որովհետեւ Քրիստոսով ողջ տիեզերքը վերստեղծուեցաւ։

Բ. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ

Աստուածաշունչէն եկող վերանորոգման պատգամը դարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան հէնքը ու կիզակէտը։ Պատմութեան ընթացքին եկեղեցին ո՛չ միայն իր սպասաւորներուն, հովուական թուղթերուն, ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական աշխատանքներուն եւ հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեան ճամբով, այլ նաեւ տեղական թէ տիեզերական ժողովներու հաստատած կանոններով, իր կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթ տեղ տուաւ վերանորոգման։

Արդարեւ, եկեղեցւոյ հայրերը իրենց ուսուցումներուն մէջ լայնօրէն անդրադարձած են վերանորոգութեան, յատկապէս՝ հոգեւոր ու բարոյական բնագաւառներէն ներս։ Հին հայրերու գրականութիւնը հարուստ է վկայութիւններով ու խոր մեկնաբանութիւններով։ Այսպէս, Որոգինոս Աղեքսանդրացին կ’ըսէ, թէ՝ չի կրնար նորոգուիլ միտքը այն մարդուն, որ անտարբեր է Աստուածաշունչին նկատմամբ։ Յովհան Ոսկեբերան կը յիշեցնէ, թէ Քրիստոսի հետեւողներուն համար երկիրը պիտի վերանորոգուի ժամանակներու վախճանին։ Եփրեմ Խուրի Ասորին, կը վկայէ թէ Քրիստոս ինքն է միայն, որ կը վերանորոգէ մեր կեանքը։ Գրիգոր Նիւսացին մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ հաշտութիւնը կը նկատէ նախապայման համայն մարդկութեան ու տիեզերքի վերանորոգման։

Մեր եկեղեցւոյ հայրերը եւս ընդգծած են Քրիստոսով վերանորոգուելու անհրաժեշտութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը շեշտէ, թէ Տիրոջ խօսքը կը վերանորոգէ մեր կեանքը։ Յովհաննէս Մանդակունի կ’ըսէ, թէ սուրբ հաղորդութեան մօտենալը կը վերանորոգէ մեր հոգին։ Ներսէս Շնորհալին Քրիստոսը կը ներկայացնէ որպէս նորոգիչը ապականեալ տիեզերքին ու մեղքով հինցած մեր անձերուն։ Գրիգոր Նարեկացին Քրիստոսը կը նկատէ մեղքի, ցաւի, սատանայի ու մահուան ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդու կեանքին միակ վերանորոգիչը։ Վերջապէս, Գրիգոր Տաթեւացին կը յիշեցնէ, թէ ո՛չ ոք կրնայ մեզ վերանորոգել բայց միայն մեր Արարիչը։ Հայ եկեղեցւոյ ժողովները եւս յաճախակի կերպով անդրադարձած են վերանորոգման հրամայականին՝ բնականաբար հոգեւորը միշտ նկատելով աղբիւրը ու մեկնակէտը ճշմարիտ վերանորոգման։

Գ. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏՈՎ

Ըսինք ու կը կրկնենք՝ վերանորոգումը քրիստոնէական կեանքի ամենէն հիմնական պայմաններէն մէկն է, եւ իր ուղղութիւնը կը ստանայ ընդհանրապէս Աստուածաշունչի ուսուցումներէն ու յատկապէս Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութենէն։

Քրիստոնէական մօտեցումով մա՛րդն է վերանորոգման կիզակէտը։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը կը խտացնէ հետեւեալ բառերուն մէջ.- մոռցէ՛ք հին մարդը եւ եղէք նո՛ր մարդ (Եփ 4.22-24)։ Քրիստոսով հին մարդը վերանորոգելու ու նոր մարդ դառնալու կոչը միշտ կը մնայ եկեղեցւոյ ճամբով մեզի հասնող քրիստոսահիմն պատգամ։ Մարդու վերանորոգումը հարկ է ըմբռնել համապարփակ հայեցակէտով.– ֆիզիքականէն անդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու վերականգնումով. մարդ-Աստուած յարաբերութեան վերահաստատումով. մեր շրջապատին, մեր ընտանիքին, մեր համայնքին ու ազգին հետ մեր յարաբերութեան բարելաւումով. եւ այս բոլորին առանցքը ու մեկնակէտը կազմող ինքնաքննութեամբ ու ինքնասրբագրումով։ Քրիստոս վերանորոգման իր պատգամը կեդրոնացուց մարդ անհատին վրայ, որովհետեւ մարդը արժէք է Աստուծոյ համար եւ մարդու վերանորոգումը նախապայման է համայն աշխարհի ու տիեզերքի վերանորոգման։

Մարդուն մէջ աստուածատիպ մարդը քանդող ներկայ աշխարհի ապականիչ հոսանքներուն դիմաց որքան դժուար է մարդու վերանորոգումը։ Բազմաթիւ ու բազմատեսակ մտահոգութիւններով ու մարտահրաւէրներով կլանուած ներկայ ընկերութեան պատկանող մարդը յաճախ կը մոռնայ իր անձը. յաճախ անոր կը պակսի առիթը իր անձին հետ առանձնանալու ու խորհրդածելու։ 1935-ին Ֆրանսացի մեծ մտածող ու աշխարհահռչակ բժիշկ Ալեքսիս Գարելի հեղինակած գիրքը «Մարդը՝ այս Անծանօթը» այսօր եւս այժմէական է։ Առանց Աստուծոյ մարդը անծանօթ է իր անձին նկատմամբ։ Մարդու վերանորոգումը կը սկսի ինքնաճանաչումով եւ իր աստուածատուր կոչումին նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեան վերահաստատումով։

Հայ մարդն ալ ենթակայ է զինք շրջապատող իրականութիւններուն ու անոնց ազդեցութիւններուն։ Հետեւաբար, հայ մարդու վերանորոգումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին, մեր գաղութներուն ու մեր կառոյցներուն հիմքը ու մեկնակէտը հայ մարդն է։ Հարկ է հայ մարդը վերանորոգել՝ առաջին հերթին իր մէջ ամրացնելով քրիստոնէական հաւատքը։ Քրիստոնէութիւնը, ինչպէս հինգերորդ դարուն մեր պապերը ըսին, մեզի համար սոսկ հագուստ չէ. ան մեր արեան, էութեան ու գոյութեան անքակտելի մասն է։ Հպարտ ենք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգը եղած ենք։ Սակայն, այս արդար հպարտութիւնը հայ մարդը պէտք է մղէ աւելի զօրեղ ու գիտակից կապուածութեան քրիստոնէական հաւատքին։ Հարկ է, որ հայ մարդը քրիստոնէական հաւատքը ապրի որպէս հոգեւոր կենսաւորման ու լիցքաւորման աղբիւր։ Հարկ է, որ հայ մարդը վերանորոգուի իր մէջ արմատացնելով իր հաւատարմութիւնը բարոյական արժէքներուն նկատմամբ։ Քրիստոնէութիւնը կեանքի որակ է, որ անհատի մը կամ ընկերութեան մը կեանքին մէջ գործնապէս կ’արտայայտուի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու տիրական ներկայութեամբ։ Արդ, հայ մարդուն կեանքին մէջ տակաւ նահանջող բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու վերականգնումը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական։

Վերանորոգման կարիքը ունեցող երկրորդ մարզը համայնական կեանքն է։ Մարդը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ։ Քրիստոնէութիւնը մարդը կը դիտէ ու կ’արժեւորէ ընկերութեան հաւաքական կեանքի շրջագծէն ներս։ Անհատ մարդոց առնչուած իր հրաշքներուն, առակներուն ու ուսուցումներուն ճամբով Քրիստոս կը մօտենար ժողովուրդին։ Ժողովուրդն էր վերանորոգման ձգտող Քրիստոսի առաքելութեան նպատակակէտը։ Քրիստոս Աստուծմէ հեռացած ժողովուրդը դարձուց Աստուծոյ ժողովուրդ, նոր ժողովուրդ՝ աստուածակեդրոն ու աստուածանպատակ կեանքով։ Հայ եկեղեցին, որպէս ժողովուրդի եկեղեցի ու հաւատքի համայնք, կարիքը ունի վերանորոգման։ Այս ծիրէն ներս վերանորոգումը պէտք չէ ըմբռնել որպէս սոսկ վարչակազմակերպչական կամ ծիսական բարեկարգում, այլ՝ եկեղեցւոյ պատկանելիութեան նախանձախնդրութիւնը առաւել խորացնելու, եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնը աւելի սերտացնելու, անոր ներքին կեանքը աւելի պայծառակերպելու, ներքին թէ արտաքին աւետարանչութիւնը աւելի հզօրացնելու, ընկերային ծառայութեան նոր թափ տալու, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը աւելի կազմակերպելու ձգտող՝ ծրագրուած ու հանգրուանային զարգացումով աճող գործընթաց։ Այլ խօսքով, եկեղեցւոյ վերանորոգումը հարկ է իրագործել եկեղեցին իր վայրէն ու կառոյցէն անդին տանելու եւ Սուրբ Հոգւոյն վերանորոգող ներկայութեամբ հզօրացած առաքելութեան ու ծառայութեան վերածելու հաւաքական ու մնայուն ճիգ։ Այսպէ՛ս եղաւ առաքելական եկեղեցին. հալածուեցաւ, սակայն տարածուեցաւ. նահատակուեցաւ, սակայն Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ միշտ մնաց կենսունակ ու հզօր։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր վկայութեան ու ծառայական յանձնառութեան վերանորոգումով մեր ժողովուրդին կեանքը կոչուած է վերանորոգուելու՝ քրիստոնէական արժքէքներու ներթափանցումով ու կենսագործումով։

Աստուածաշունչը վերանորոգումը կ’առնչէ նաեւ ըստեղծագործութեան։ Ինչպէս Առաքեալը կ’ըսէ՝ Քրիստոսով ամբողջ տիեզերքը վերստեղծուեցաւ ու վերանորոգուեցաւ (Կղ 1.16)։ Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդը մարդէն անդին կը ներառէ ողջ տիեզերքը։ Ուղղափառ աստուածաբանութեան յատուկ այս շեշտաւորումը կը նկատենք էական։ Մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան ու ծէսին եւ ընդհանրապէս հայրական գրականութեան մէջ եւս այս մօտեցումը տիրական է։ Ստեղծագործութիւնը, ներկայ ժամանակներուն կենսոլորտ բացատրութեամբ ծանօթ, անբաժանելի մասն է եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքի ու մտածողութեան մէջ Աստուած- մարդ-ստեղծագործութիւն յարաբերութիւնը ու յարակցութիւնը պէտք է դիտուի որպէս մէ՛կ ու անբաժանելի ամբողջութիւն։ Եթէ կենսոլորտային ներկայ հարցերուն մէկ մասը աղերս ունի տիեզերքի ինքնակազմաւորման հոլովոյթին հետ, սակայն մեծ մասը հետեւանք է մարդուն կողմէ ստեղծագործութեան չարաշահումին։ Արդ, տիեզերքի առողջ ու անվթար պահպանումը եւ անոր վերանորոգումը մարդուն աստուածատուր պարտաւորութիւնն է։

Դ. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏՈՎ

Կարելի չէ եւ ճի՛շդ ալ չէ բաժանման գիծ մը քաշել քրիստոնէական ու ազգային մօտեցումներուն, մտահոգութիւններուն կամ արժեւորումներուն միջեւ։ Հայ կեանքի այս երկու տարածքները անքակտելի կերպով միաձուլուած են՝ քրիստոնէութեան հայացումով ու հայութեան քրիստոնէացումով։ Սակայն փորձենք վերանորոգումը տեսնել, այս անգամ առաւելաբար ազգային հայեցակէտով՝ միշտ հիմք ունենալով քրիստոնէական մօտեցումը։

Ազգերու պատմութեան մէջ թուականներ ու դէպքեր կան, որոնք կը դառնան յուշարար ու մարտահրաւէր վերանորոգման։ Մենք այսպէս կը բնորոշենք 2015 տարին։ Արդարեւ, հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը, Ղարաբաղի ազատագրութեան 25-ամեակը ու հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը, անկասկած որ մեր ժողովուրդի վերանորոգման պերճախօս վկայութիւնները դարձան։ Միաժամանակ, Հայաստանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները, շարունակուող արտագաղթը, Ղարաբաղի Ապրիլեան պատերազմը, Սուրիոյ հայութեան տագնապը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի դիմագրաւած բազմազան ու այլազան հիմնահարցերը՝ վտանգի ենթարկուած հայու ինքնութենէն մինչեւ արեւմտահայերէնի նահանջը, մշակութային արժէքներու աղաւաղումէն մինչեւ համաշխարհայնացումի բացասական հետեւանքները, ազդանշաններ են լուրջ ու համապարփակ վերաքննութեան ու վերարժեւորման վրայ հիմնուած համահայկական մաշտապով վերանորոգման անյետաձգելի հրամայականին։

– Առաջին հերթին մեր հայրենիքին վերանորոգումը, քսանըհինգ տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, կը նկատենք էական։ Հայրենիքը միայն հող չէ. հողը իմաստաւորողը, անոր ինքնութիւն ու հզօրութիւն տուողը ժողովուրդն է։ Մեր հայրենի ժողովուրդին կենսամակարդակի բարելաւումը ու հայրենիքին հանդէպ անոր ուժեղ կապուածութիւնը ազդու միջոցներ են հայրենիքի առաւել զօրացման։ Այս շրջագծէն ներս առնուած կարգ մը բարեկարգչական քայլերը՝ սահմանադրութեան բարեփոխումէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական կացութեան բարելաւում, բնականաբար կարեւոր քայլեր են, որոնք պէտք է շարունակուին վերանորոգ թափով ու ծրագրուած աշխատանքով։

– Նոյնպէս Ղարաբաղի անկախութեան ամրացումը կ’ապահովուի միայն մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութեամբը իր իրաւունքներուն ու մանաւանդ արիւնով ու քրտինքով ազատագրուած իր հողին։ Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ Սփիւռքի մէջ իրենց կարելին պէտք է ի գործ դնեն որպէսզի Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը դառնայ մնայուն ճիգ։ Այս ուղղութեամբ որեւէ նահանջ կրնայ դառն ու անդարմանելի հետեւանքներ ունենալ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ։

– Սփիւռքի վերանորոգումը աւելի բարդ մարտահրաւէր մըն է, նկատի ունենալով անոր պարզած բազմատարած ու բազմագոյն իրավիճակը, ներքին բաղկացութիւնը, դրուածքը ու շրջապատը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր գաղութին իւրայատուկ պայմանները։ Փաստօրէն երեք տեսակի խաւերէ բաղկացած է ներկայ սփիւռքը.- ցեղասպանութենէն վերապրողներ, նախկին Սովետական երկիրներէ հեռացողներ եւ Հայաստանէն արտագաղթողներ։ Սփիւռքը վերանորոգման առաջնորդող մեր ճիգը պէտք է ըլլայ միաժամանակ համասփիւռքեան եւ համագաղութային, բնականաբար մարտավարական ու ռազմավարական տարբեր մօտեցումներու ու մեթոտներու կիրարկումով։ Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ներգաղութային շրջագծէն ներս, տարբեր մտածելակերպ, գործելակերպ ու կենցաղակերպ ունեցող յիշեալ երեք խաւերուն միջեւ ներքին ներդաշնակութիւն յառաջացնել։ Գաղութ մը վերանորոգման ընթացքի մէջ կարելի է դնել վերարժեւորման ենթարկելով անոր կառոյցները իրենց դրուածքով ու գործունէութեամբ, շրջապատին հետ աւելի ազդու յարաբերութիւն մշակելով, ձեւական ու պատահական դարձող Հայաստանին հետ յարաբերութեան նոր որակ տալով, վերջապէս, անոր հայկական ինքնութիւնը պահող հայ դպրոցը վերակազմակերպելով եւ անոր հոգեւոր ինքնութիւնը ու բարոյական առողջութիւնը պաշտպանող եկեղեցին պայծառացնելով իր ծառայական առաքելութեամբ։

– Հայաստանին ու սփիւռքին, մեր ողջ ազգին վերանորոգման նախապայմանը ու երաշխիքը, ինչպէս շեշտեցինք, հայ մարդու վերանորոգումն է։ Այս համոզումը պէտք է հիմք ծառայէ մեր մտածումներուն, մօտեցումներուն ու նախաձեռնութիւն-ներուն։ Հայ մարդը խիստ կարիքը ունի վերանորոգման։ Արդարեւ, վերանորոգումը սոսկ պակասը ամբողջացնել չէ, թերին շտկել չէ. այլ՝ լաւէն լաւագոյնին ձգտիլ է, ներկայ պայմաններու յարաբերաբար մեր կեանքը, մեր անձը, մեր գործը վերաքննել է ու զանոնք նոր կարելիութիւններով հարստացնել է, նոր մարտահրաւէրներու յարաբերաբար նոր մօտեցումներ որդեգրել է, նոր իրագործումներու ի խնդիր նոր միջոցներ որոնել է ու նոր հորիզոններու բացուիլ է։ Արդ, անհրա¬ժեշտ է հինէն նորին ուղղուիլ, անցեալէն ներկային նայիլ ու ներկայէն ապագային ընթանալ՝ վերանորոգ տեսիլքով ու յանձնառութեամբ եւ միշտ ինքնաքննարկումի ու ինքնասրբագրումի քաջութիւնը որպէս ուղեգիծ ունենալով։ Ա՛յս է ճշմարիտ վերանորոգումը։ Յիշենք Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին հետեւեալ պարզ բայց խորիմաստ բառերը, զորս յաճախ աղօթքի մրմունջով կ’արտասանենք եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ՝ «նորոգող հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորո՛գ զարդարեա՛»։

Ե. ԴԷՊԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Քրիստոնէական ուսուցումներու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ մեր ազգային մտահոգութիւններու հրամայականին դիմաց, վերանորոգման շուրջ Մեր կատարած յիշեցումներն ու ընդգծումները վստահաբար մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի մղեն լրջօրէն մտածելու վերանորոգման խիստ կենսական կարեւորութեան մասին։ Արդարեւ, եթէ մեր համայնական կեանքը, հայ մարդու վերանորոգումը ունենալով որպէս մեկնակէտ, իր բոլոր մարզերով, դրուածքներով ու արտայայտութիւններով համապարփակ ու մնայուն վերանորոգման գործընթացքի մէջ չդրուի, ան պիտի ընթանայ դէպի մեկուսացում, աղքատացում ու ճահճացում։ Վերանորոգումը պատահական, միակողմանի կամ ձեւական քայլ մը չէ, եւ պէտք չէ դառնայ. այլ՝ խորապէս մտածուած, լրջօրէն ուսումնասիրուած ու իրապաշտօրէն ծրագրուած գործընթաց մը՝ յառաջատուական կերպով, նպատակասլաց տեսլականով ու հաւաքական մասնակցութեամբ իրագործելի։ Վստահ ենք որ մեր ժողովուրդի զաւակները ու յատկապէս մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս գործող ու ծառայող պատասխանատուները, գոյութենական կերպով կը զգան վերանորոգման կարիքը՝ արմատական ու արագ փոփոխութիւններով բնորոշուող համաշխարհայնացած ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ։ Արդարեւ, նոյնը կրկնելը, նոյնը պահելը, միայն անցեալին նայիլը, միայն եղածով հպարտանալը մարդը, կառոյցը կամ գաղութը կը պահեն անցեալին մէջ՝ անհաղորդ ներկայ իրականութիւններուն։ Ինչպէս տիեզերքի բոլոր տարրերը զարգացման բնական հոլովոյթի մէջ են, այնպէս ալ մարդկային կեանքը իր բոլոր մարզերով, ներքնապէս ու արտաքնապէս, վերանորոգման, յառաջդիմութեան ու այժմէականացման մնայուն ընթացքի մէջ պէտք է ըլլայ։

Եկեղեցին կեանքի վերանորոգիչ Քրիստոսին կողմէ պատուէր ունի դառնալու մղիչ ուժը յատկապէս հոգեւոր ու բարոյական վերանորոգման, որ հիմքը կը կազմէ ընկերութեան կեանքի ճշմարիտ վերանորոգման։ Արդ, մեր ժողովուրդին ղեկավարութիւնը ստանձնած ազգայիններ, հոգեւորականներ թէ աշխարհականներ, մտաւորականներ թէ ուսուցիչներ, մշակներ թէ քաղաքական ղեկավարներ, այրեր թէ կիներ, պարտաւորութիւնը ունին իրենց ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերելու մեր կեանքը վերանոգոման առաջնորդող աշխատանքներուն։ Վերանորոգման այս յոյժ կարեւոր գործընթացին դրօշակիրը պէտք է դառնայ հայ երիտասարդը, որովհետեւ ան մօտէն հաղորդ է ներկայ աշխարհի խնդիրներուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն եւ հետեւաբար, ան թէ՛ գործնապէս կարիքը կը զգայ վերանորոգման, եւ թէ իր մասնագիտութեամբ ու նոր մտածումներով կարեւոր նպաստ կրնայ բերել վերանորոգման հաւաքական ճիգին։

Այս մտածումներով եւ 2017 տարին մեր կեանքի վերանորոգման առաջին ու վճռական հանգրուանը նկատելու հեռանկարով կոչ կ’ուղղենք.-

– Մեր հոգեւոր մշակներուն՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան ճամբով շեշտելու կենսական անհրաժեշտութիւնը հոգեւոր ու բարոյական վերանորոգման, միաժամանակ՝ մասնակից դառնալով նոյն աշխատանքին նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն։

– Մեր մտաւորականներուն՝ իրենց խօսքով ու գրիչով արծարծ պահելու վերանորոգման առանցքային կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս։

-Մեր համայնքային, կուսակցական թէ քաղաքական ղեկավարներուն՝ իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան ծիրէն ներս առաջնահերթութիւն տալու մեր կառոյցները վերանորոգման առաջնորդող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։

– Մեր ազգի իւրաքանչիւր զաւակին՝ յիշեցնելով, որպէս հարազատ անդամը մեր Մեծ Ընտանիքին, թէ կոչուած է իր ապրած կեանքի որակով ու հարուստ գործերով կարեւոր նպաստ բերելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին առաւել կազմակերպման, ծաղկման ու վերանորոգման։

Կ’օրհնենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ առողջութեան, յաջողութեան ու երջանկութեան բարիքներով ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը։

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար 2017
Անթիլիաս, Լիբանան

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022