2019 – Հայ Մամուլի Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու Մեր որոշումը՝ Հայրապետական յատուկ պատգամի ճամբով, մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ։ Ան առիթ հանդիսացաւ տուեալ տարուան նիւթին մասին խօսելու, գրելու, քննարկումներ կատարելու եւ զանազան այլ միջոցներով զայն մեր անձնական թէ համայնական կեանքի լուսարձակին տակ բերելու։ Արդարեւ, յատկանշական երեւոյթ մը, զոր կը նկատենք կենսական, առաջին, քննական ու իրապաշտ արժեւորումի ենթարկելու մեր կեանքը իր զանազան բնագաւառներով ու զայն բանալու նոր հորիզոններու. եւ երկրորդ, ուղիներ որոնելու՝ մեր եկեղեցին վերանորոգման, մեր հայրենիքը հզօրացման եւ մեր ազգը պայծառ ապագայ առաջնորդող։

Վերջերս, Լիպանանի մեր մամուլի պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին առաջարկուեցաւ, որ ներկայ տարին հռչակենք «Հայ Մամուլի Տարի»։ Առաջարկը գտանք տեղին, որովհետեւ, ինչպէս յաճախ Մեր պատգամներուն մէջ շեշտած ենք, հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով, գերազանցօրէն առաքելութիւն է։ Ահա այս համոզումէն մեկնելով, 2019 տարին կը հռչակենք՝

«ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»

Այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք նախ հպանցիկ ակնարկ մը նետել ընդհանրապէս մամուլին ու յատկապէս հայ մամուլի ծագման ու պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներու վրայ։

Ի՞ՆՉ Է ՄԱՄՈՒԼԸ

Մամուլը իր ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ՝ տպագրութիւն, հրատարակութիւն, տպագրական մեքենայ, տեղեկատուութիւն, տեղեկատուական ցանց կամ կառոյց։ Մամուլ բառով, յատկապէս վերջին քանի մը դարերուն, առաւելաբար կը բնորոշուէր տեղեկատուական որեւէ օրկան՝ օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ։ Իսկ վերջին տասնամեակներուն, մամուլը աւելի լայն հասկացողութեամբ կը ներառէ ինչ որ առնչուած է տեղեկատուութեան. այսինքն՝ տպագրուած մամուլի կողքին, նաե՛ւ ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց։ Մեր խօսքը հոս առաւելաբար կը վերաբերի տպագիր մամուլին։

Տեղեկատուական բնագաւառը հսկայ աշխարհ մըն է, ուր մասնաւորաբար ելեկտրոնային մամուլի մարզէն ներս, ամէն օր տեղի կÿունենան հսկայաքայլ ու աննախընթաց զարգացումներ։ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշռին, դարձած է աշխարհի ամենէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ՝ յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ՝ հակառակը։ Փաստերը պերճախօս են։ Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ թափով շարունակուիլ՝ տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքէն ներս։

ՄԱՄՈՒԼԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

Մամուլի ծագումը կ’երթայ մինչեւ Ք.Ա. 59 թուականը, երբ Հռոմի մէջ հանրութեան տեղեկութիւններ փոխանցելու փորձ մը եղած է, «Աքթա Տիուրնա» (Acta Diurna) անունով ծանօթ, պատերու կամ մետաղներու վրայ կատարուած փորագրութիւններով։ Առաջին տպագրուած շաբաթօրեայ թերթը լոյս տեսած է Սթրազպուրկի մէջ, 1605-ին գերմանացի Ճոհան Քարօլուսի կողմէ՝ «Կարեւոր եւ յիշարժան լուրերու ներկայացում» (Relation aller Fürnemmen und gedenckwürdigen Historien) անունով։ Ապա, տպագրուած մամուլը հանգրուանային զարգացումով սկսած է տարածուիլ գլխաւորաբար Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Հնդկաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ դառնալով, ծանուցումներու ու լրատուութեան կողքին, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու հասարակական խնդիրներու քննարկումի կարեւոր ժբեմ։ Նկատի ունենալով մամուլին հետզհետէ աճող ազդեցիկ դերը ընկերութեան կեանքին մէջ, պետական, քաղաքական եւ այլ մարզերու պատկանող կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ ունեցած են իրենց մամուլի օրկանները թէ՛ իրենց սկզբունքները տարածելու ու շահերը հետապնդելու եւ թէ համակիրներ սիրաշահելու հեռանկարով։

Վերջին տարիներու վիճակագրութիւններուն համաձայն, օրինակ, օրական 93 միլիոն թերթ կը սպառի Չինաստանի մէջ, 78 միլիոն՝ Հնդկաստանի, 70 միլիոն՝ Ճափոնի, 48 միլիոն՝ Միացեալ Նահանգներու, 22 միլիոն՝ Գերմանիոյ մէջ։ Իւրաքանչիւր երկիր մեծ թիւով տպագրուած մամուլ ունի. օրինակ, Անգլիոյ մէջ 100 ամսաթերթ եւ 75 օրաթերթ գոյութիւն ունին. Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 110 ամսաթերթ եւ 95 օրաթերթ։ Կարգ մը օրաթերթեր համաշխարհային ճանաչում կը վայելեն թէ՛ իրենց բովանդակութեամբ եւ ազդեցութեամբ, եւ թէ ընթերցողներու որակով ու քանակով. օրինակ, Ռուսիոյ «Փրաւտա»ն, Միացեալ Նահանգներու “The New York Times”ը, Անգլիոյ “The Sun”ը. արաբական աշխարհէն ներս՝ Գահիրէի “Ահրամ”ը կամ ֆրանքօֆոնի ծիրէն ներս՝ Փարիզի “LeMonde”ը։

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

Հայ առաջին տպագիր թերթը՝ «Ազդարար», լոյս տեսած է Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ 1794 Հոկտեմբեր 14-էն մինչեւ 1796, եւ միայն՝ 18 թիւ։ «Ազդարար»ը գիտական, գրական,
հասարակական բնոյթ ունեցած է. տպագրած է ազգային, կրօնական, դաստիարակչական եւ բարոյախօսական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, առակներ, Անգլիացի ծանօթ գրողներու գործերէն թարգմանութիւններ, նաեւ Մատրասի հայութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ։ «Ազդարար»էն ետք Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքին մէջ լոյս կը տեսնէ «Օճանասփիւռեան» (1815) եւ Կալկաթայի մէջ՝ «Հայելի Կալկաթեան» (1820) եւ «Շտեմարան» (1821) պարբերաթերթերը։

Հայ մամուլը Պոլիս կը հասնի 1832-ին։ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս, 42 քաղաքներ, յատկապէս Պոլիսն ու Զմիւռնիան, կÿունենան իրենց հայատառ մամուլը. իսկ լոյս ընծայուած հայ թերթերուն թիւը կը հասնի շուրջ 650-ի։ Արեւմտահայաստանի մէջ՝ Վասպուրականը եւ Տարօնը իսկ Արեւելահայաստանի մէջ՝ Երեւանը, Ս. Էջմիածինը եւ Շուշին կը դառնան հայ մամուլի կարեւոր կեդրոններ։ Հայ Առաքելական եկեղեցին, հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան հայրեր, պաշտօնական ամսագիրներուն կողքին զանազան ձեւի ու ծաւալի պարբերաթերթեր կը հրատարակեն։

Արդարեւ, հայը ուր որ հաստատուած է, հետամուտ եղած է թերթ հրատարակելու. նոյնիսկ եթէ տպարան չէ ունեցած, դիմած է խմորատիպի. անոնցմէ ոմանց կեանքը պայմաններու բերումով եղած է կարճատեւ։ Այսպէս, հայ պարբերական մամուլի առաջին հետքերը կը գտնենք հետեւեալ քաղաքներուն մէջ.և Թիֆլիս (1846), Սինկափուր (1847), Փարիզ (1855), Մոսկուա (1858), Թէոդոսիա (1860), Մանչեսթըր (1863), Փետեսպուրկ (1863), Գահիրէ (1865), Արմաշ (1864), Երուսաղէմ (1866), Հալէպ (1868), Պաքու (1877), Վառնա (1884), Ժընեւ (1887), Ուէսթ Հոպոքըն, Միացեալ Նահանգներ (1888), Աղեքսանդրիա (1889), Պաղտատ (1890), Աթէնք (1891), Թեհրան (1894), Հռոմ (1911), Քորֆու (1923), Եթովպիա (1932)։ Լիբանանի մէջ առաջին պարբերաթերթը լոյս տեսած է 1918-ին Զահլէ. ապա՝ 1921-էն սկսեալ որբանոցներու մէջ, ընդհանրապէս խմորատիպ։ Պէյրութի մէջ առաջին զոյգ լրագիրները եղած են «Փիւնիկ» (ապա «Նոր Փիւնիկ») եւ «Լիբանան» 1924-ին. իսկ 1927-ին՝ «Ազդակ», եւ 1937-ին՝ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը։ Լիբանանի մէջ լոյս ընծայուած տարբեր բնոյթի պարբերաթերթերուն թիւը կը հասնի շուրջ 250-ի։

Հայ տպագիր մամուլը ներկայութիւն է այսօր հայ կեանքի մայր էջին վրայ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Տպագիր մամուլին առընթեր ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը ու ընկերային ցանցը իրենց ուրոյն դերը ունին եւ յաճախ աւելի՛ ազդու՝ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան աննախընթաց զարգացումով։

ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Հայ մամուլի ծագումին ու անոր պատմական հոլովոյթին վրայ նետուած հպանցիկ ակնարկ մը ի յայտ կը բերէ շարք մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնք անհրաժեշտ է որ լուսարձակի տակ առնուին.և

ա) Հայ մամուլի պատմութեան գծով կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, տպագրուած առաջին հայ մամուլէն մինչեւ այսօր շուրջ 4600-5000 մեծ ու փոքր պարբերականներ հրատարակուած են։ Եկեղեցւոյ, դպրոցի ու մշակոյթի կողքին հայը յատուկ կարեւորութիւն է տուած մամուլին եւ՝ զանազան չափի, ձեւի ու բովանդակութեան թերթեր հրատարակած։ Մեր տուած ամփոփ տեղեկութիւնները պերճախօս կերպով կը վկայեն, թէ հայ մամուլը առանցքային դեր ունեցած է գաղութներու կազմակերպման ու կազմաւորման, հաւաքական յիշողութեան պահպանման ու ազգային ինքնութեան ամրապնդման մէջ։

բ) Հայ մամուլը դարձած է հարազատ հայելին ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի համազգային եւ յատկապէս գաղութային կեանքին՝ իր էջերուն մէջ լայն տեղ տալով համարեա բոլոր բնագաւառներուն կապուած տեղեկութիւններու, նկարագրականներու, դէպքերու ու դէմքերու։ Ան նաեւ դարձած է գաղութէ գաղութ տեղեկութիւններու ու լուրերու փոխանցման եւ գաղութներու միջեւ փոխ-յարաբերութիւն ստեղծող կենդանի, եւ յաճախ միա՛կ կամուրջը։

գ) Հայ մամուլը դարձած է մեր հոգեմտաւոր արժէքներու, ազգային խնդիրներու, կրօնա-բարոյական նիւթերու, հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւններու, անցեալին ու ներկային առնչուած կարեւոր դէպքերու ու երեւոյթներու արծարծման ու քննարկման եւ նո՛յնիսկ բանավէճերու հրապարակային բեմ։

դ) Հայ մամուլի ճամբով հայ մարդը իրազեկ դարձած է արտաքին աշխարհի անցուդարձերուն, հակառակ այն իրողութեան, որ յատկապէս Օսմանեան ու Ցարական կայսրութեանց սահմաններէն ներս եւ Միջին Արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, հայ մամուլը եւս, տեղական մամուլին նման, ենթակայ եղած է խիստ գրաքննութեան։

ե) Իր հրատարակած թերթօններուն միջոցաւ հայ մամուլը ընթերցողներուն ներկայացուցած է հայ գրողներուն, եւ նոյնիսկ օտար հանրածանօթ գրողներու երկերը։ Ան նաեւ առիթ ընծայած է հայ գրողներուն, իրենց գրական առաջին ստեղծագործութիւնները լոյս ընծայելու մամուլի էջերուն վրայ, այս ձեւով դառնալով դպրոց՝ գրական դաշտ մուտք գործած նոր սերունդներուն։

զ) Հայկական հողէն ու միջավայրէն պոկուած հայու բեկորներուն համար հայ մամուլը դարձած է հայակերտումի դարբնոց՝ հայ լեզուի պահպանումով, մեր հոգեւոր, մշակութային, բարոյական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն տարածումով ու պաշտպանութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգին գերագոյն իտէալներուն ու երազներուն սերունդէ սերունդ փոխանցումով։

է) Վերջապէս, իր ունեցած բազմակողմանի դերին կողքին անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ հայ մամուլը իր պարունակած լայն տեղեկութիւններով ու հայթայթած ճիշդ տուեալներով, կը մնայ վստահելի սկզբնաղբիւր՝ տուեալ գաղութի, ժամանակաշրջանի, կազմակերպութեան, դէպքի կամ դէմքի մը կապուած պրպտումներու կամ աշխատասիրութիւններու համար։

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Ինչպէս այլ ընկերութիւններու պարագային, նոյնպէս եւ հայ կեանքէն ներս մամուլին դերը աւելի ծաւալած է ու դարձած առանցքային թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Ինչպէս միշտ, այսօր աւելիո՛վ, բազմերես է ու բազմանպատակ հայ մամուլին դերը. ահա թէ ինչու զայն բնորոշեցինք որպէս առաքելութիւն։ Ա՛յս հայեցակէտով կ’ուզենք մօտենալ հայ մամուլին եւ կը սպասենք, որ նո՛յն այս ինքնահասկացողութեամբ հայ մամուլը մօտենայ ինքնիրեն, ինչպէս նաեւ՝ մեր ժողովուրդը հայ մամուլին։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը ներկայ ժամանակներու ու հրամայականներու լոյսին տակ, ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման գործընթաց մը ճշդէ՝ համապարփակ մօտեցումով եւ իրապաշտ ու քննական ոգիով, որպէսզի կարենայ առաւել պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ շարունակել իր առաքելութիւնը։ Ա՛յս սպասումով ու հեռանկարով, կ’ուզենք կարգ մը երեւոյթներ, մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ մատնանշել .և

1) Հայ մամուլին կոչումը առաջին հերթին տեղեակ պահել է մեր ժողովուրդը ներգաղութային, ներազգային ու միջազգային գլխաւոր լուրերուն ու անցուդարձերուն։ Բնականաբար, իր այս պատասխանատուութեան մէջ մամուլը պէտք է ըլլայ իրապաշտ ու անաչառ, իր էջերուն վրայ հարազատ կերպով ներկայացնելով լուրերը եւ տեղ տալով նախընտրաբար այն լուրերուն, որոնք կենսական են ու այժմէական եւ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն առնչութիւն ունին մեր ժողովուրդին հետ։ Հայ մամուլը կանոնաւոր ու գնահատելի կերպով կը շարունակէ իր լրատուական դերը՝ յարաբերաբար տուեալ օրաթերթի կամ շաբաթաթերթի ծաւալին ու առաջնահերթութեան։

2) Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը իր տեղեկատուական լայնածիր ցանցերուն ու լրատուամիջոցներու ճամբով վերածուած է, ինչպէս յաճախ կը շեշտուի, փոքր գիւղի մը, ուր ամէն մարդ, եւ կայծակնային արագութեամբ, ամէ՛ն բանէ տեղեակ կը դառնայ։ Անհրաժեշտ է որ հայ մամուլը նո՛յն արագութեամբ քայլ պահէ միջազգային մամուլին հետ, ներգրաւելու համար ընկերային համացանցին մօտէն հետեւող իր ընթերցողը։ Սակայն, յաճախ տարօրինակ տեղեկութիւններով լեցուն միջազգային մամուլին նկատմամբ հարկ է ըլլալ չափազանց զգուշաւոր։ Հայ մամուլը կոչուած է մեր արժէքներու ու ըմբռնումներու մաղէն անցընելու այն լուրերը, որոնք վնասակար են մեր ազգային ինքնութեան եւ ընդհանրապէս խոտոր
կը համեմատին հայ մարդու բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Յիշեալ երկու տարածքները իրարմէ հեռացնելը ճիշդ չէ, եւ փաստօրէն՝ անկարելի։ Հայ մամուլին դերը ներդաշնակ ու օգտաշատ հաւասարակշռութիւն ստեղծել է։

3) Հայ մամուլը իր սովորական դերէն անդին պէտք է դառնայ դպրոց յատկապէս հոն, ուր չկայ հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի լծուած հայ դպրոց, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք պայմաններու պարտադրանքով հեռու մնացած են հայ դպրոցի հայաշունչ մթնոլորտէն։ Կանուխ տարիքէն հայ մարդու կազմաւորման փուլերուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալու հեռանկարով, անհրաժեշտ է նախաձեռնել եւ զարգացնել մանկապատանեկան մամուլի հրատարակութիւնը։ Հայ մամուլը պէտք է նաեւ դառնայ՝ հայ լեզուի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ դատի ուսուցիչ, ընթերցողներուն փոխանցելով հիմնական գիտելիքն եր ու տեղեկութիւններ նշեալ մարզերուն շուրջ։ Թերթօնի վերադարձը կը նկատենք էական. կարգ մը օրաթերթերու նախաձեռնած «յաւելուած»ները եւս կրնան նպաստել այս ուղղութեամբ։ Յիշեալ նիւթերը այնպիսի ձեւով հարկ է ներկայացուին, որ ըլլան ամփոփ, հասկնալի ու գրաւիչ, որպէսզի ընթերցողը չբաւարարուի միայն թերթին վերնագրերը կարդալով եւ
կամ միայն առաջին էջը աչքէ անցընելով։

4) Հայ մամուլը նաեւ դաստիարակիչ դեր ունի։ Այսպէ՛ս եղած է հայ մամուլը. այսպէս պէ՛տք է ըլլայ մանաւանդ այսօր, բնականաբար տարբեր մօտեցումներով ու շեշտաւորումներով՝ երբ ապազգային ու ապաբարոյ առուներ սկսած են հոսիլ հայ կեանքէն ներս։ Սակայն, հայ ինքնութեան կազմաւորման ու առողջ պահպանման իր կարեւոր դերին մէջ հայ մամուլը զգոյշ պէտք է ըլլայ, որպէսզի չխրտչեցնէ նոր սերունդը, անոր եւ ներկայ ընկերութեան միջեւ բաժանման գիծեր քաշելով։ Նման մօտեցում կրնայ նոր սերունդը հեռացնել ո՛չ միայն հայ մամուլէն, այլ նաեւ՝ հաւաքական հայ կեանքէն։ Իր դաստիարակիչ դերին մէջ հայ մամուլը կրնայ հետաքրքրական ու աշխոյժ հարթակ դառնալ հայ եւ օտար արժէքներու ու հայեցակէտերու երկխօսութեան ու այդ ճամբով՝ հայու ինքնութեան առաւե՛լ բիւրեղացման ու հարստացման։

5) Հայ մամուլը լայն չափով ենթակայ ըլլալով անհատական, կուսակցական կամ պետական ուղեգիծերու, միշտ խուսափած է նոյնիսկ նուազագոյն ինքնաքննադատութեան տեղ տալու իր սիւնակներէն ներս։ Սա բնական երեւոյթ է։ Սակայն, ծայրայեղ զգուշաւորութիւնը հայ մամուլը կրնայ առաջնորդել կաղապարուած մօտեցումներու, զմռսուած մտածումներու ու տոկմաթիք կեցուածքներու, որոնք չեն նպաստեր որեւէ բնոյթ կամ նպատակ ունեցող կառոյցի վերանորոգման ու զարգացման եւ ընդհանրապէս ընկերութեան յառաջդիմութեան։ Հայ մամուլին դերը աւե՛լի կը հզօրանայ ու իր հմայքը աւե՛լի կը ծաւալի՝ երբ քաջալեր հանդիսանայ բազմակարծիքութեան, դառնայ խթան հայ քաղաքական մտքի զարգացման, ըլլայ համապարփակ ու հաւասարակշռուած իր մօտեցումներուն ու արժեւորումներւն մէջ, երբ քաջալերէ մեր թերութիւնները սրբագրելու ձգտող շինիչ քննարկումները իր էջերուն վրայ, վերջապէս երբ դառնայ ժողովուրդին ձայնը ու կամքը արտայայտող վստահելի ու ազդու միջոց։

6) Հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն ըլլալով, կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ ջատագովը հանդիսանալ մեր ինքնութեան էական տարրերը կազմող՝ հոգեւոր, բարոյական, ընկերային, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, իտէալներուն ու խորհրդանիշերուն։ Այս ուղղութեամբ, յատուկ առիթներով յօդուածներու կամ յօդուածաշարքերու հրատարակութիւնը, մրցանքներու կազմակերպումը եւ այլ նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները կրնան բարերար դեր ունենալ։ Մեր կեանքի ներկայ պայմանները այնպիսին են, որ հայ մարդը, մանաւանդ պատանին ու երիտասարդը, մնայուն կերպով հաղորդ է կայքէջերու ճամբով պարզուող ներկայ ընկերութեան յոռի
երեւոյթներուն։ Հայ մամուլը իր կայքէջին միջոցաւ, հայ մարդուն ունեցած անմիջական կապը ընկերային ցանցին հետ ճի՛շդ կերպով օգտագործելով, կրնայ արթուն պահակը դառնալ մեր արժէքներուն։ Այս աշխատանքը հարկ է որ կազմակերպուի մասնագիտական եւ մանկավարժական յատուկ մօտեցումներով։

7) Հայ մամուլը պէտք է դառնայ հալ լեզուի պաշտպան։ Խորապէս մտահոգ ենք հայ լեզուին նահանջով։ Արեւելահայերէնի աղաւաղումը Հայաստանի մէջ՝ օտար բառերու ու դարձուածքներու լայն գործածութեամբ եւ արեւմտահայերէնի գործածութեան նուազումը Սփիւռքի մէջ, մեր լեզուն արագ ընթացքով կ’առաջնորդեն դէպի նահանջ։ Հայ լեզուի առողջպահպանման ու պաշտպանութեան մեր հաւաքական ճիգին առաջին ճակատի վրայ կը գտնուի հայ մամուլը։ Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է, որ հայ մամուլը նախ խստապահանջ ըլլայ ինքնիր նկատմամբ, զգոյշ ըլլալով իր էջերուն վրայ յաճախ երեւցող լեզուական թերիներէ։

8) Ցեղասպանութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս ազգային պահանջատիրութեան գծով հետզհետէ ծաւալող ապատեղակատուութեան դէմ պայքարելու պատասխանատուութիւնը ունի հայ մամուլը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ հայ մամուլը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք զօրակցութեամբ եւ եռամիասնական ծրագրուած աշխատանքներով հակազդէ թէ՛ օտար պետական եւ թէ տեղեկատուական օրկաններու ու ցանցերու կողմէ հայկական հարցերու եւ թեմաներու շուրջ կիրարկուող հսկայական ապատեղակատուական արշաւներուն՝ միաժամանակ պարզելով պատմական իրողութիւնները եւ պաշտպանելով մեր իրաւունքներն ու կեցուածքները։

9) Մամուլին ստանձնած նշեալ պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր սպասումները իրմէ, զայն կը մղեն հայ կեանքէն ներս ստանձնելու, որոշ իմաստով, առաջնորդողի դեր։ Արդարեւ, հայ մամուլը լոկ եղածը կամ տեսնուածը փոխանցողի
կրաւորական դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ. սոսկ մեր կեանքի հայելին պէտք չէ դառնայ. այլ՝ մեր կեանքի թերիները տեսնելու իմաստութիւնն ու արթնութիւնը, եւ զանոնք սրբագրելու քաջութիւնն ու պարտաւորութիւնը պէտք է ունենայ։ Եւ աւելի՛ն, սպասելի է որ հայ մամուլը, նոր սերունդները մեր արժէքներով դաստիարակելով, մեր լեզուին, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն պաշտպանը ու ջատագովը դառնալով, յուշարարի, քննադատողի, սրբագրողի եւ ուղղութիւն տուողի անաչառ դերին մէջ ըլլայ՝ հեռու միաբեւեռ մօտեցումներէ ու մակերեսային դատումներէ։

10) Հայ մամուլին առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ գաղութի, ազգին ու հայրենիքին ամբողջականութեան պահպանումը ու միութեան ամրապնդումը։ Երբեմն սակայն, մամուլը, տպագիր թէ համացանցային, կը գործէ իր կոչումին հակադիր ուղղութեամբ, տեղ տալով՝ անհանդուրժողութիւն սերմանող, լարուածութիւն յառաջացնող, հին վէրքեր գրգռող ու բեւեռացումներ ստեղծող նիւթերու ու մօտեցումներու։ Հայ մամուլը պարտաւոր է հեռու մնալ նման վատառողջ մթնոլորտի ստեղծումէ։ Այսօր խիստ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ձեւաչափով հայ մամուլը դառնայ լուրջ, իրատես ու համապարփակ քննարկումներու հարթակ՝ արծարծելով համահայկական օրակարգեր եւ ճշդելով անոնց լուսաբանման եւ վերլուծման հիմնական ուղղութիւնները։

11) Հայ մամուլը հեռու պէտք է մնայ մանաւանդ, այսպէս կոչուած «դեղին մամուլ»էն։ Մեր բարոյական ու ազգային արժէքներուն հետ խոտոր համեմատող լրագրական այս յոռի երեւոյթը, դժբախտաբար, սկսած է տեղ գտնել մասնաւորաբար
ընկերային ցանցերու վրայ գտնուող լրատուամիջոցներու մէջ։ Արդարեւ, ընկերային ցանցերու անհակակշիռ ազատութիւնը, կայքէջային մամուլը վերածած է անպատասխանատու արտայայտութիւններու եւ ապատեղեկատուութեան տեղ տուող, ինչպէս նաեւ դէպքեր չարափոխող ու դէմքեր վարկաբեկող կամ վճարումով վարկ ու գնահատանք գնող, բարոյական սկզբունքներէ զուրկ մամուլի։ Մամուլի ազատութիւնը, որ ներկայ ընկերութիւնները կառավարող հիմնական սկզբունքներէն
մէկն է, հարկ է ճիշդ ըմբռնել ու կիրառել։ Սանձարձակ ազատութիւնը անպատասխանատուութեան վերածուելով, կը դառնայ աղբիւր չարիքի։ Անհրաժեշտ է որ հայ մամուլը գործէ ազատ մթնոլորտի մէջ՝ հեռու ամէն տեսակ ներքին թէ արտաքին կաշկանդումներէ։ Սակայն, պատասխանատու ու հաշուետու ազատութիւնը պէտք է ուղեգիծը դառնայ հայ մամուլին։

12) Ինչպէս առաքելութեան կոչուած եկեղեցին ժողովուրդին տանողը եւ անոր արժէքները ու նպատակը կենսագործողը հոգեւորականն է, նոյնպէս ալ մամուլը առաքելութեան վերածողը մամուլի մշակն է՝ խմբագիր, լրագրող, թղթակից կամ աշխատակից։ Առանց իր մշակին նուիրեալ աշխատանքին, մամուլը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը ու կոչումը, իր որակն ու նպատակը։ Մամուլի սպասարկուներուն նկատմամբ երբեմն կիրարկուող ապօրէն միջոցառումները՝ հալածանք, արգելք, բանտարկութիւն ու նոյնիսկ սպանութիւն, խստօրէն դատապարտելի են։ Մամուլի մշակը կոչուած է ազատ միջավայրի մէջ եւ բարձրագոյն աստիճան պատասխանատուութեամբ կատարելու իր առաքելութիւնը՝ ըլլալով հաւատարիմ, արդար, առողջ, թափանցիկ, իրատես, շինիչ իր աշխատանքին մէջ։ Անցեալին ունեցած ենք, այսօր եւս ունինք, հայ մամուլի առաքելութեան նուիրուած նման մշակներ։

13) Ներկայ օրերուն հայ մամուլը կը գտնուի լուրջ մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց։ Տպագիր մամուլին նկատմամբ հետզհետէ աճող անտարբերութիւնը, որ միջազգային երեւոյթ մըն է, նա՛եւ հայ տպագիր մամուլը մատնած է լուրջ դժուարութիւններու։ Արդարեւ, տպագիր մամուլին էջերուն նուազումը, անոր բոըանդակութեան կրճատումը ու որակի անկումը, օրաթերթերու շաբաթաթերթի վերածումը, ընթերցողներու թիւին նօսրացումը, կարգ մը մամուլի օրկանն երու փակումը եւ հետզհետէ զգացուող խմբագիրներու ու լրագրողներու պակասը մտահոգիչ երեւոյթներ են։ Այս բոլորին կողքին, հայ մամուլին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները փաստօրէն հայ մամուլին համար ստեղծած են լուրջ տագնապ։ Եթէ ուրիշներուն համար մամուլը եկամուտի աղբիւր է ու շահաբեր ձեռնարկ, իր ողջ պատմութեան ընթ ացքին հայ մամուլը երբեք այդպէս չէ՛ եղած եւ չէ՛ այսօր։ Հայ մամուլին առաքելութիւնը վերականգնելու ու առաւել հզօրացնելու համար անհրաժեշտ է զայն դարձնել տնտեսապէս ինքնաբաւ։ Տնտեսապէս նեցուկ կանգնիլ հայ մամուլին կը նշանակէ՝ զարգացած, ատակ ու փորձառու խմբագիրներ ու լրագրողներ ունենալ, որակաւոր բովանդակութեամբ ու մեծաթիւ էջերով մամուլ ունենալ, մեծ թիւով ընթերցողներ ունենալ եւ հայ մամուլի հայակերտ, ազգակերտ ու հայրենակերտ առաքելութիւնը աւելի՛ ծաւալել։ Արդարեւ, ներկայ տարին հռչակելով
Հայ Մամուլի Տարի, այլ յիշեցումներու կարգին, նաեւ հայ մամուլը նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնելու հրամայականը կ’ուզենք կարեւորութեամբ յանձնել մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան։

Այս առիթով Մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք անցեալի այն բոլոր խմբագրապետները, խմբագիրները, լրագրողները ու ընդհանրապէս մամուլի մշակները, որոնք իրենց ամուր հաւատքով ու նուիրեալ աշխատանքով հայ մամուլին առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ կենսագործեցին նոյնիսկ մեր կեանքին ամենէն մռայլ պայմաններուն մէջ։ Բի՜ւր յարգա՛նք անոնց։

Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը ու բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մամուլի բոլոր սպասաւորներուն, որոնք, հակառակ բազմազան ու այլազան դժուարութիւններուն, հաւատարմօրէն կառչած կը մնան իրենց կոչումին։ Բի՜ւր պատի՛ւ իրենց։

Ներկայ տարին Հայ Մամուլի Տարի հռչակելով կոչ կ’ուղղենք.-

– Մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր քոյր կազմակերպութիւններուն ու հայ մամուլի օրկաններուն՝ հանդիսութիւններու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

– Հայաստանի մէջ պետական, իսկ Սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն, գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին՝ շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը։

– Մեր ունեւոր ազգայիններուն, հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու՝ հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման։

– Խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութեան դիմելու՝ գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն։

– Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան։

Մեր ջերմ մաղթանքն է, որ հայ մամուլը վերանորոգ նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Հայրական օրհնութեամբ ու սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2019
Անթիլիաս, Լիբանան

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022