2020 – Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգ. իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Խոր գոհունակութեամբ կ՚ուզենք հաստատել, որ իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ բերելու Մեր հաստատած աւանդութիւնը կը շարունակէ լայն արձագանգ գտնել մեր կեանքէն ներս։ Ինչպէս գիտէք, 2019 տարին հռչակած էինք «Հայ Մամուլի Տարի»։ Արդարեւ, ո՛չ միայն համասփիւռքեան մակարդակի վրայ, այլ նաեւ համահայկական մաշտապով հայ մամուլը դարձաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր մամլոյ օրկաններուն, հոգեւոր դասուն, լրագրողներուն, մտաւորականներուն, ինչպէս նաեւ ազգային, մշակութային ու կրթական կառոյցներու քննարկումներուն ու մտահոգութիւններուն կիզակէտը։ Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն ստացաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս մեր Ս. Աթոռին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական համագումարը։

*
* *

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Երբ կը մտածէինք 2020 տարուան համար, մեր հաւաքական մտածումի ու քննարկումի կարեւոր ու այժմէական նիւթ մը լուսարձակի տակ բերելու մասին, Մեր մտածման սլաքը ուղղուեցաւ դէպի մեր ժողովուրդի կեանքին մաս կազմող ու յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիները։ Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, յատուկ կարիքներ ունեցող մեր զաւակներուն թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել՝ մեր կեանքը դիմագրաւող տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ այլ պատճառներու ու ազդակներու հետեւանքով։ Հետեւաբար, հրամայական կը նկատենք 2020 տարին հռչակել՝

ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ
ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ

Արդարեւ, յատուկ խնամքի կարօտ անձեր կը նկատուին ծնունդով թերի, ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան թերութիւն, անկարողութիւն կամ սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անձեր՝ ի ծնէ կամ հետագային արկածներու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած։ Բժշկական տուեալներուն համաձայն, ներկայ ժամանակներուն գոյութիւն ունին աւելի քան 20 տեսակի անկարողութեան կամ թերաճութեան վիճակներ, երեւելի եւ ոչ-երեւելի, ծայրայեղ եւ ոչ-ծայրայեղ։ Անոնց թէ՛ բնոյթը տարբեր է, թէ դրդապատճառը եւ թէ բուժման կերպերը։ Ոմանք բուժելի են, իսկ ուրիշներ անբուժելի։ Մօտիկ անցեալին, նման դժուարութիւն ունեցող անձերը կը բնորոշուէին որպէս թերաճ կամ հաշմանդամ։ Այսօր, սակայն, անցեալի սահմանումները ու անուանումները լայն չափով դադրած են եւ անոնց փոխարէն աւելի մեղմ ու յարգալից բնորոշումներ սկսած են գործածուիլ։ Օրինակ, մտային կամ ֆիզիքական անկարողութիւն ունեցող (disabled) բացատրութեան փոխարէն այսօր ընդհանրապէս կը գործածուի “այլապէս կարող” (differently-abled) բնորոշումը։

Փոխուած է նաեւ ընկերութեան մտածելակերպը ու մօտեցումը յատուկ խնամքի կարօտ անձերու նկատմամբ։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն սկսեալ կրօններ, պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ յատուկ մասնագիտական կեդրոններ հիմնած են, հիմնադրամներ հաստատած ու զանազան ծրագիրներ մշակած, ինչպէս նաեւ յատուկ միջոցներու դիմած են գործնապէս դիւրացընելու համար անոնց կենցաղակերպը։ Այսպէս, անոնց մօտենալու ու անոնց հետ զրուցելու յարգալից ձեւեր ու արտայայտութիւններ որդեգրուած են. փողոցներու, շէնքերու ու հանրային կեդրոններու մէջ յատուկ կարգադրութիւններ եղած են. օդակայաններէն սկսեալ մինչեւ այլ փոխադրամիջոցներ, յարմարաւէտ միջոցառումներու դիմած են. հանրային հաւաքներու մէջ առաջնահերթութիւն սկսած է տրուիլ. տեղական թէ միջազգային յանձնախումբերու, ձեռնարկներու, ծրագիրներու ու աշխատանքներու մէջ սկսած են ներառուիլ։ Եւ այսպէս կարելի է երկար թուել շարքը այս ուղղութեամբ առնուած գործնական քայլերուն։

Անհրաժեշտ է նաեւ աւելցնել, որ ներկայ ընկե¬րութիւնը կարեւորութեամբ կը շեշտէ հաւասարութեան սկզբունքը։ Այլ խօսքով՝ յատուկ խնամքի կարօտ անձեր հարկ է որ հաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ ունենան ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ։ Անոնց քաղաքացիական իրաւունքներու դոյզն անտեսումն իսկ կը նկատուի խտրականութիւն ու անարդարութիւն, եւ նո՛յնիսկ, կարգ մը երկիրներէ ներս՝ քրէական յանցանքի համազօր վերաբերում։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 1992 թուին Դեկտեմբեր 3-ը հռչակուած է «Հաշմանդամներու օր»։ Միաժամանակ, յատուկ հռչակագիր մը որ-դեգրուած է (Convention on the rights of persons with disabilities) անոնց իրաւունքները պաշտպանելու եւ հոգածու վերաբերում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը շեշտող։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը նաեւ 1983-93 տասնամեակը հռչակած էր «Հաշմանդամներու 10-ամեակ» (UN Decade of disabled persons)։ Արդարեւ, բազմազան են ու այլազան միջազգային համայնքին կողմէ առնուած իրաւական ու գործնական քայլերը։

Բնականաբար, ֆիզիքական կամ հոգեիմացական թերութիւններ ունեցող անձերու ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս նոր երեւոյթ չէ։ Հին Կտակարանին մէջ կը հանդիպինք ֆիզիքական թերութիւն ունեցող նոյնիսկ կարեւոր դէմքերու։ Այսպէս, Մովսէս մարգարէն կը կակազէր, Սամսոն կոյր էր։ Յարաբերաբար նոր ժամանակներուն, կարելի է յիշել Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն՝ Ֆրանքլին Ռուզվելթը, որուն երկու ոտքերը անշարժութեան մատնուած էին, հանրածանօթ գրող Ակաթա Քրիսթին, որ յիշելու տկարութիւն ունէր, աշխարհահռչակ երաժիշտ Պեթհովէնը, որ խուլ էր, հռչակաւոր գեղանկարիչ Վան Կոկը, որ մտային խանգարում ունէր, հանրածանօթ քիմիագէտ Ալպերթ Այնշթայնը, որ հոգեկան խանգարումներէ կը տառապէր։ Այս եւ նման ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան դժուարութիւն¬նե¬րով աշխարհ եկած կամ յետոյ անկար դարձած, բազմաթիւ անձեր մեծ ղեկավարներ դարձած են եւ զանազան մարզերէ ներս եզակի իրագործումներ կատարած։ Այսօր եւս նման անձեր կը գործեն բոլոր ազգերու կեանքէն ներս։

Ներկայ ժամանակներուն, յատկապէս ահաբեկչութեան, պատերազմներու ու զանազան արկածներու հետեւանքով յատուկ խնամքի կարօտ մարդոց թիւը սկսած է բազմանալ։ Վիճակագրական վերջին տուեալներուն համաձայն, անոնց թիւը շուրջ 600 միլիոն է։ Եթէ անցեալին, ինչ-ինչ պատճառներով ընկերութենէ հեռու կը պահուէին կամ ենթակաները իրե՛նք իրենց ունեցած ֆիզիքական թերութիւնները թաքուն կը պահէին, այսօր, փաստօրէն նման պատեր քանդուած են ու մտայնութիւններ փոխուած։ Ներկայ ընկերութիւնը զանոնք իր անբաժան մասը կը նկատէ՝ համահաւասար պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ

Բնականաբար, որպէս քրիստոնեաներ, մեր կեանքին առնչուած երեւոյթներու ու մտահոգութիւններու գծով ճիշդ ուղղութիւն ստանալու համար հարկ է դառնանք աստուածային յայտնութեան աղբիւրը ու քրիստոնէական հաւատքին հիմքը եւ ուղեցոյցը նկատուող Աստուածաշունչին։

Աստուածաշունչին մաս կազմող բոլոր գիրքերը՝ Ծննդոցէն սկսեալ մինչեւ Յայտնութիւն, լեցուն են այնպիսի արտայայտութիւններով ու բնորոշումներով, դէպքերով ու դէմքերով, որոնք զանազան կերպերով ու շեշտաւորումներով կը վկայեն ոչ միայն ընկերութեան կեանքէն ներս ֆիզիքական կամ մտային թերութիւններէ տառապող անձերու ներկայութեան մասին, այլ նաեւ անոնց նկատմամբ թէ՛ մարգարէներուն՝ Հին Կտակարանին մէջ, եւ թէ Աստուծոյ Որդւոյն ու ապա Առաքեալներուն՝ Նոր Կտակարանին մէջ, ցուցաբերած հոգածու մօտեցման մասին։ Արդարեւ, հպանցիկ ակնարկ մը Աստուածաշունչի էջերուն վրայ նետուած, յստակօրէն կը պարզէ այս ուղղութեամբ քրիստոնէական կրօնի ուսուցումը։ Հետեւաբար, հարկ չենք նկատեր մանրամասն անդրադառնալու այս մասին։ Սակայն, կ’ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել հետեւեալ կէտերը.-

ա) Աստուածաշունչը ֆիզիքական թերութիւնը աստուածային պատիժ չի նկատեր, այլ երկրաւոր կեանքին առնչուած երեւոյթ մը։ Նման կացութեան ենթարկուած անձերուն Աստուած, որպէս Երկնաւոր Հայր, յատուկ գուրգուրանքով կը մօտենայ։ բ) Աստուածաշունչը կը շեշտէ, որ մարդը անկատար է, իր մէջ կը կրէ ադամական մեղքը. Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, որպէսզի մարդը ազատագրէ մեղքին ու չարին տիրապետութենէն։ գ) Մարդու ունեցած թերութիւնները կը նկատուին առիթ ու մարտահրաւէր՝ մարդուն հաւատքն ու յոյսը Աստուծոյ նկատմամբ աւելի զօրացնելու։ դ) Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան մաս կը կազմէր նաեւ մարդու ունեցած ֆիզիքական թէ այլ թերութիւններուն բժշկութիւնը։ Արդարեւ, բազմաթիւ են այն դրուագները, ուր հաւատքի մղումով Քրիստոսին մօտեցող անդամալոյծներ, կոյրեր, հաշմանդամներ, կաղեր, խուլեր եւ համրեր բժշկութիւն ստացան։

Նոյն մօտեցումը ունեցան Քրիստոսի առաքեալները։ Յատկանշական է Քրիստոսը հալածած ու իր տեսողութիւնը կորսնցուցած Պօղոս Առաքեալին վկայութիւնը այս մասին։ Նոյն մօտեցումը ունեցաւ եկեղեցին դարերու ընթացքին։ Քրիստոնէական հաւատքը մեկնաբանելու եւ ուսուցանելու կոչուած աստուածաբանութիւնը եւ բարոյագիտութիւնը կը շեշտեն, թէ ֆիզիքական, հոգեկան ու մտային տարածքները մարդուն մէ՛կ ամբողջութիւն կը կազմեն։ Այս շրջագծին մէջ հարկ է մեկնաբանել Պօղոս Առաքեալի կողմէ նկարագրուած «փառաւորեալ մարմին»ի (Ա.Կր 15.35-58) գաղափարը։ Հետեւաբար, ֆիզիքական իմացական թէ հոգեկան թերութիւններ ունեցող անձերուն օգնելը, քրիստոնէական հաւատքին էական ուսուցումներէն մէկն է։ Այս գիտակցութեամբ դարեր շարունակ գրած ու պատգամած են եկեղեցւոյ հայրերը։ Հայրաբանական գրականութիւնը լեցուն է բազմաթիւ նման տուեալներով։

Այսօր եւս, քրիստոնէական աշխարհը ընդհանրապէս ու եկեղեցին մասնաւորաբար, հետեւելով աստուածաշնչական ուսուցումներուն եւ եկեղեցւոյ հայրապետներու վկայութիւններուն ու յորդորներուն, խնամքի կարօտ անձերուն յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ զանազան ծրագիրներ կը մշակէ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ շրջանային միջ-եկեղեցական խորհուրդներու ու կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ տրուած է անոնց, ինչպէս նաեւ կանոնագրութիւններուն մէջ յօդուածներ ներառուած են, որպէսզի անոնք գործնապէս մասնակից դառնան միջ-եկեղեցական շարժումին։

ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ինչպէս որեւէ ազգի կամ ընկերութեան պարագային, բնականաբար հայ կեանքէն ներս եւս եղած են ու կան յատուկ խնամքի կարօտ անձեր։

Մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի մէջ հաշմանդամ նկատուող անձերուն ընդհանուր թիւը կը հասնի շուրջ 189,400-ի, բաժնուած զանազան խմբաւորումներու՝ ըստ իրենց ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան տկարութիւններուն եւ տարիքին։ 2010-ին Հայաստանի պետութիւնը վաւերացուցած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած հաշմանդամներու իրաւունքները պաշտպանող հռչակագիրը։ Անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ կը զբաղին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը, տեղական ինքնակառավարման մարմինները, Ազգային Ժողովէն ներս՝ յատուկ յանձնախումբ մը, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան լծուած հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններ։

Լիբանանահայ համայնքէն ներս ցեղասպանութենէն անմիջապէս յետոյ ունեցած ենք համրերու, կոյրերու, խուլերու եւ տարբեր տեսակի հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու յատուկ կեդրոններ, որոնք հաստատուած են Զուիցերիացի Հայասէրներու Միութեան կողմէ։ Յիշեալ կեդրոնները շուրջ երեք տասնամեակներ առաջ դադրած են գործելէ, որովհետեւ մէկ կողմէ՝ նման անձերու թիւը նուազած է, միւս կողմէ՝ մասնագիտական կեդրոններ պահելու կարելիութիւնները դարձած են շատ դժուար։ Այդուհանդերձ, 33 տարիներէ ի վեր Պուրճ Համուտի մէջ կը գործէ Զուարթնոց Կեդրոնը՝ հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Կեդրոնէն ներս ներկայիս զանազան դժուարութիւններ ունեցող շուրջ 35 փոքրիկներ ու պատանիներ կը հետեւին մասնաւոր դասընթացքներու ու վարժութիւններու։

Սփիւռքի այլ գաղութներուն մէջ, Մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նման կեդրոններ չունինք։ Սակայն, ինչպէս ըսինք, հայ կեանքէն ներս ամէն տեղ, բոլոր տարիքի ու տեսակի յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներ ունինք։ Արդ, կ՚ուզենք հետեւեալ յիշեցումները ու թելադրութիւնները կատարել.-

ա) Մեր պատգամին սկիզբը յիշեցինք, թէ մասնաւոր հոգածութեան ու խնամքի կարօտ անձերուն պէտք չէ մօտենալ խտրական ոգիով կամ անտեսելով զանոնք, այլ՝ որպէս համահաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ ունեցող անձեր։ Անոնք պէտք է զգան, ինչպէս նաեւ մենք պէտք է գիտակցինք, որ այդ դժուար պայմանները պատճառ չեն կրնար ըլլալ, որ իրենք անտեսուին եւ հեռու մնան մեր հաւաքական կեանքէն։

բ) Նման պարագաներուն համար առանձին կեդրոններ հաստատելը եւ ընկերութենէն հեռու պահելը այսօր հիմնովին շրջուած է բոլոր ընկերութիւններու մօտ։ Անոնք կ՚ապրին իրենց ընտանիքներուն հետ՝ անհրաժեշտութեան պարագային բժշկական խնամք ստանալով։ Մենք եւս նոյն մօտեցումը պէտք է ունենանք։

գ) Հետեւողական աշխատանք պէտք է տանինք ու անհրաժեշտ միջոցներ ստեղծենք, որ անոնք մեր հաւաքական կեանքէն ներս մնայուն ու գործօն ներկայութիւն դառնան։ Հարկ է որ մեր վերաբերումով վստահութիւն ներշնչենք անոնց, թէ իրենք մեր կեանքի լուսանցքին չեն պատկանիր, այլ՝ մայր էջին, եւ ամբողջական կերպով մասնակից են մեր համայնական կեանքին։

դ) Ինչպէս մատնանշեցինք, ներկայ ընկերութիւնը հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն կեանքը ու աշխատանքը դիւրացնող զանազան գործնական միջոցներու դիմած է։ Նոյն մօտեցումը պէտք է ունենանք նաեւ մենք մեր կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս ու յատկապէս մեր հանրային ու հաւաքական կեանքին առնչուած կեդրոններուն ու կառոյցներուն գծով՝ առաւելագոյն չափով դիւրացնելով անոնց առօրեան։

ե) Այսօր գիտութիւնը փաստօրէն լայն դիւրութիւններ կ’ընծայէ նման դժուար վիճակներու մէջ գտնուող անձերուն։ Հետեւաբար, մեր գերագոյն ճիգը պէտք է ի գործ դնենք մասնագիտական խնամքի կամ բուժման կարելիութիւններ ստեղծելու այն պարագաներուն համար, որոնք կը կարօտին մնայուն կամ ժամանակաւոր խնամքի։

զ) Մեր կազմակերպութիւններէն, կառոյցներէն ու յանձնախումբերէն ներս հարկ է որ ներառենք զանոնք, յարգանք ու վստահութիւն ցուցաբերելով անոնց նկատմամբ եւ ի հարկին պատասխանատուութիւն յանձնելով։ Զանազան երկիրներու մէջ անոնք կոչուած են բարձրագոյն պաշտօններու։ Էականը հոգե-իմացական արժանիքն է ու կարողութիւնը եւ ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը։

է) Ի ծնէ թերի եւ բուժուելու կարելիութիւն ունեցող, յատկապէս մանուկներուն ու պատանիներուն նկատմամբ, մասնագիտական ու նիւթական կարելիութիւններ հարկ է որ ստեղծենք՝ անոնց ամբողջական բուժման համար։

ը) Այն անձերը, որոնք կը գտնուին այնպիսի վիճակներու մէջ, որ չեն կրնար որեւէ աշխատանք կատարել եւ, հետեւաբար՝ եկամուտ ապահովել, մեր ազգը, իր եկեղեցիով, պետականութեամբ ու կազմակերպութիւններով պարտաւորութիւն պէտք է ունենայ նիւթապէս օգտակար դառնալու անոնց։

թ) Վերջապէս, մեր ազգին արժանապատուութեան դէմ է մնալ անտարբեր՝ ի տես երեխայի մը, որ դժուարութիւն ունի լսելու, խօսելու, սորվելու կամ քալելու եւ կամ նմանօրինակ այլ դժուարութիւններու ենթակայ է։ Մեր ազգին արժանապատուութեան դէմ է փողոցներուն մէջ լքուած ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող անտէր ու անօգնական անձերը, Աւետարանի առակին նման, տեսնել ու անտարբեր գտնուիլ։ Պէտք է ամէն գնով օգտակար ըլլալ նման վիճակներու մէջ տառապող մեր ազգի բոլոր զաւակներուն։ Սա նուիրական պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան։

Արդ, ի՞նչ է դերը մեր եկեղեցւոյ։ Ֆիզիքական, ընկերային, հոգեկան դժուարութենէ տառապող անձերու նկատմամբ Քրիստոսի մօտեցումը պէտք է մեր եկեղեցւոյ համար դառնայ իր ծառայութեան ուղեցոյցը։ 4-րդ դարու մեր հայրապետներէն Ներսէս Մեծը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը մնայ խորհրդանիշ՝ կարիքաւորներու նկատմամբ իր ունեցած նախանձախնդրութեամբ ու հոգածութեամբ։ Այսօր եւս, մեր եկեղեցին, իր մշակներուն ճամբով եւ ընկերային ու մարդասիրական ծրագիրներու մշակումով, կոչուած է մտնել մեր ընտանիքներէն եւ համայնքներէն ներս եւ իր շրջապատին ու պայմաններուն համապատասխան կերպով օգտակար հանդիսանալ խնամքի կարօտ հայորդիներուն։

Ի՞նչ է դերը Հայաստանի պետութեան։ Նման հայորդիներուն իրաւունքները պաշտպանելը էական է, անկասկած։ Սակայն, հարկ է որ պետութիւնը նախ մասնագիտական բոլոր միջոցներով օգտակար դառնայ անոնց եւ ընկերային թէ նիւթական անհրաժեշտ կարելիութիւններ ընծայէ, միաժամանակ զանոնք ներառելով պետական կառոյցներէն ներս՝ բնականաբար միշտ մեկնելով մասնագիտական ու փորձառական առաւելութիւններու հիման վրայ։

Ի՞նչ է դերը մեր կազմակերպութիւններուն։ Մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցները ինքնաբաւ չեն. անոնց կարելիութիւնները սահմանափակ են։ Սակայն, Մեր սպասումն է, որ անոնք իրենց առաւելագոյն ճիգը ի գործ դնեն օգտակար հանդիսանալու նման կացութեան մատնուած մեր զաւակներուն։

Վերջապէս, ի՞նչ է դերը հայ կեանքէն ներս գործող մարդասիրական, ընկերային ու առողջապահական աշխատանքներու լծուած, աւելի ճիշդ է ըսել՝ ծառայութեան նուիրուած կառոյցներուն։ Անոնք յատուկ խնամքի կարօտ անձերուն բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ կը ծառայեն։ Պատի՛ւ իրենց։ Զուարթնոց Կեդրոնը կենդանի վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ։ Վստահ ենք, որ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով պիտի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։

Ներկայ տարին Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի հռչակելով, հայրապետական սիրով ու օրհնութեամբ կոչ կ’ուղղենք.-

1) Մեր ժողովուրդին, մեր աղօթքներուն, մտածումներուն ու աշխատանքներուն մէջ, յիշելու ու մի՛շտ յիշելու նման դժուար կացութեան մէջ գործող մեր ազգին բոլոր զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ու առաւել խորացնելու անոնց նկատմամբ մեր սէրն ու գուրգուրանքը, հոգածութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը՝ գործնապէս ցոյց տալով, թէ անոնք մեր ազգի կեանքին անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմեն։

2) Մեր հոգեւոր, պետական, ազգային, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, թէ՝ հաւաքական պատասխանատուութիւն մը ունինք այս հայորդիներուն նկատմամբ եւ հետեւաբար, իւրաքանչիւր կառոյց կոչուած է առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալ՝ մասնագիտական, ընկերային կամ տնտեսական իմաստով։

3) Մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն ու Ազգ. Իշխանութեանց, Մեր պատգամէն եկող թելադրութիւններու լոյսին տակ իրենց կարելին կատարելու, որպէսզի գործնապէս օգտակար հանդիսանան յատուկ հոգածութեան կարօտ մեր զաւակներուն։

4) Մեր ունեւոր ազգայիններուն, որ իրենց ունեցած նիւթական կարելիութենէն բաժին մը յատկացնեն դժուարութեան մատնուած մեր ազգի այս զաւակներուն՝ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով կամ պետական, եկեղեցական ու ազգային կառոյցներուն ճամբով նիւթապէս օգտակար հանդիսանալով։

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Յիշենք Քրիստոսի պատմած առակը Բարի Սամարացիին մասին (Ղկ 10.25-37)։ Անտարբեր չմնանք ֆիզիքական անկարողութեան դատապարտուած մեր ազգակիցներուն նկատմամբ, այլ դառնանք Բարի Սամարացի։ Վստահ եղէք, որ մեր ազգը աւելի՛ կը հզօրանայ, մեր եկեղեցին աւելի՛ կը պայծառանայ, մեր հայրենիքը աւելի՛ կը ծաղկի՝ երբ մեր ազգի կեանքէն ներս աւելնայ թիւը Բարի Սամարացիներուն։ Երանի՜ այն ազգայիններուն, որոնց անունը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին պատմութեան մէջ կ’արձանագրուի որպէս Բարի Սամարացի։

Հայրապետական Մեր պատգամը կ’ուզենք փակել հայ եկեղեցւոյ պարզ բայց խորիմաստ աղօթքով.-

«Ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, քու ժողովուրդէդ փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ՛ հիւանդութիւնները. կատարեալ առողջութիւն շնորհէ բոլորին՝ քու ամենայաղթ Խաչիդ նշանովը, որով մարդոց տկարութիւնները քու վրադ առիր եւ դատապարտեցիր կեանքի ու փրկութեան թշնամին։ Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու փրկութիւնը, բարերա՜ր եւ բազումողորմ Աստուած. միայն դո՛ւն կրնաս մեր մեղքերը ներել եւ ցաւերն ու հիւանդութիւնները վանել մեզմէ, որովհետեւ քեզի ծանօթ են մեր կարիքները։ Ո՜վ բարիքներու Պարգեւիչ, իւրաքանչիւրին կարիքներուն համաձայն՝ քու առատ ողորմութի՛ւնդ պարգեւէ արարածներուդ, որոնք միշտ կը փառաւորեն ու կ’օրհնաբանեն քեզ ամենասո՜ւրբ Երրորդութիւն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022