Փասատինայի Հանրային Վարժարաններէ Հայ Շրջանաւարտներու Գնահատանքի 30-րդ Տարեկան Հանդիսութիւն

Չորեքշաբթի, 22 Մայիսին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, Փասատինայի հանրային երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու 30րդ գնահատանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ ընթերցեց իր պատգամը։

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Ազգային քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Օրուան հանդիսավար Գօգօ Փանոսեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանը, կատարելու բացման աղօթքը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Փասատինայի քաղաքապետ՝ Թերրի Թօրնըք եւ քաղաքային ներկայացուցիչներ, Փասատինայի հանրային վարժարանի բաժանմունքի նախագահ Լօրընս Դորէզ եւ անդամներ, Եկեղեցոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութեան անդամներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարերարներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը ընթերցեց Տիար Աւօ Քէշիշեան։ Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին իր գնահատանքը կը յայտնէր Փասատինայի հանրային վարժարանի համակարգի տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն, մեր երիտասարդութեան մատուցած իրենց ուսումնակրթական ուղեցոյցին. յատուկ կերպով կը գնահատէր նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու կազմակերպիչ յանձնախումբը, երեք տասնամեակ այս աւանդոյթի շարունակաբար պահպանման համար։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը ուղղելով շրջանաւարտներուն, զանոնք կը քաջալերէր, որ իրենց վստահութիւնը դնեն Աստուծոյ վրայ եւ հաւատք ունենան իրենց անձերուն նկատմամբ, շարունակ աղօթելով եւ ուսանելով, որպէսզի իրականացնեն իրենց երազները՝ համբերութեամբ, աշխատանքով, եւ վճռակամութեամբ, չմոռնալով իրենց արմատներն ու պատասխանատուութիւնները մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին հանդէպ։

Խօսք առին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յակոբ Ետալեան, քաղաքապետ Թերրի Թօրնըք, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեան, եւ Փասատինայի կրթական համակարգի նախագահ Լօրընս Դորէզ։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Սան Կապրիէլ քաղաքի փոխ-տեսուչ Արմինէ Չափարեան։ Կրթանպաստները տրամադրուած էին Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեաններու, Սիլվիա եւ Սինթիա Թօմպուլեաններու եւ Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան կողմէ։ Բոլոր շրջանաւարտները գնահատագիրներ ստացան եկեղեցւոյ եւ քաղաքապետութեան կողմէ։ Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին հայկական ժողովրդական պարերով, ասմունքներով, եւ դաշնամուրի վրայ նուագով։ Երեկոն իր աւարտին հասաւ Արժ. Տ. Պօղոս Պալթայեանի փակման աղօթքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022