Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ Նստաշրջանի Հոգեւորականաց Համագումար

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին յարկին տակ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց տարեկան միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։

«Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ տեղի ունեցաւ գիշերային ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեւոր խորհրդածութիւնը։ Ան իր խորհրդածութեան բնաբան ընտրած էր Մատթէոսի աւետարանի 5րդ գլխու 13-16 համարներէն, ուր Յիսուս խօսքը ուղղելով աշակերտներուն կ’ըսէ, որ երկրի աղն ու աշխարհի լոյսն են, ինչպէս նաեւ Պօղոս Առաքեալի Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին 10րդ գլխու 17րդ համարէն, ուր Առաքեալը կը թելադրէ թէ «հաւատքը ծնունդ կ’առնէ քարոզութիւն լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ’արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին։» Ան յորդորեց հոգեւորականները իրենց հովուական կեանքին մէջ ըլլալ աղ եւ լոյս, շրջապատէն ներս ըլլալով դրական ներկայութիւն եւ լուսաւորութիւն։ Հոգեւորականը քարոզիչ է, սակայն միշտ հետեւող եւ աշակերտող Աստուածաշունչի պատգամներուն։ Հոգեւորականի առաջին պարտականութիւնը հաւատացեալներուն մէջ հաւատք սերմանելն է եւ զանոնք Քրիստոսի մօտեցնել։

Այնուհետեւ, համագումարը սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազանին բացման խօսքով։ Ան ողջունեց հոգեւորականները ու մաղթեց արդիւնաւէտ համագումար։ Ապա կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։

Կէսօրուան ճաշի ընթացքին կարկանդակի հատումով նշուեցաւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի Մագիստրոսի Տիտղոսի արժանանալը եւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի տարեդարձը, որմէ ետք սկիզբ առաւ համագումարի Բ. Նիստը։

Առաջնորդ Սրբազանը զեկուցեց Անթիլիասի մէջ գումարուած Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի կարգ մը հարցերու շուրջ, որոնք ընդհանրապէս կը վերաբերին ծիսական բարեկարգման։ Տեղի ունեցաւ քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում եւ կատարուեցան առաջարկներ, որոնք պիտի քննարկուին ու պատշաճ լուծումներ առաջարկուին։ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան առաջնորդեց այս զրոյց-քննարկումը։ Հոգեւորականները լայնօրէն անդրադարձան ծիսական, արարողական ու գործնական հարցերու շուրջ, որոնք հովուական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն են։

Նիստին մնացեալ բաժինը յատկացուեցաւ դիւանական եւ վարչական դասաւորումներու, յառաջիկայ տօներու մասին ինչպէս նաեւ հովիւներու զեկուցումներուն ու ծխական շրջաններու մէջ տարուող հոգեւոր աշխատանքներու մասին։ Քննարկում կատարուեցաւ ու առաջարկներ ներկայացուեցան հոգեւորականաց համագումարէն երեսփոխանական ժողովին փոխանցելու համար։ Օրակարգի վերջին կէտով հոգեւորական երեսփոխաններու լրացուցիչ ընտրութիւնը կատարուեցաւ։

Համագումարը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով եւ աղօթքով ու «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի երգեցողութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022