ՀՕՄ-ի «Անահիտ» Մասնաճիւղը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 60-ամեակը

Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2018-ին, ՀՕՄ-ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղը «Աւետիսեան» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ գնահատագիրով մը պատուեց մասնաճիւղը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային ու մասնաճիւղերու վարչութեանց, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի եւ շրջանի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ ու անդամներ։

Յայտագիրը սկսաւ Քայլերգներով, զորս կատարեց Թուխման Խաչատուրեան։ Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավարուհին՝ Տիկ. Արուսեակ Մելքոնեան։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Տ. Ռազմիկ Աւ. Քահանայ։ Տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու յանձնում. գնահատագիրներ ունէին Քոնկրէսական Տիար Պրէտ Շըրմըն, նահանգի խորհրդարանի անդամ Տիար Ճէսի Կէպրիէլ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Փօլ Քորէց։ Գլխաւոր բանախօսն էր Տիկին Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան։ Մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական յայտագիրին, ներկայացնելով երգ ու արտասանութիւն։ Այս բաժինին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը։ Վարչութիւնը պատուեց 60 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող անդամուհիները։ Շրջանային Վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան։ Ապա Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ ուղղելու իր պատգամն ու յանձնելու գնահատագիրը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով ՀՕՄ-ի քայլերգին բառերը եւ ՀՕՄ-ուհիները օրհնեց իբրեւ սուրբ գործի ուխտեալներ, լոյսի բանակի անդամներ ու հայ կնոջ ոսկի սիրտով նուիրեալ ծառայողներ։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի ու «Անահիտ» մասնաճիւղի անցեալի ու այժմու ծառայողներուն մասին, օրհնեց յիշատակը ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներուն եւ, յիշեցնելէ ետք, թէ յաջորդ օրը Ս. Խաչի Վերացման տօնն է՝ նկատեց, որ ՀՕՄ-ը արդարեւ եղած է ու կը մնայ խաչով բացուած ծառայական սիրոյ ու զոհաբերութեան գործի մէկ անդաստանը։

Նշենք նաեւ, որ իր գնահատագիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսքերով անդրադարձած է «Անահիտ» մասնաճիւղի վեց տասնամեակներու վրայ երկարած նուիրեալ ծառայութիւններուն, որոնք ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան հովանիին տակ ի սպաս դրուած են մասնաւորաբար Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայութեան, յիշեցնելով, որ «Անահիտ» մասնաճիւղը եղաւ մէկը այն ձեռքերէն, որ 60 տարի առաջ, շրջանի հայկական միաւորներուն հետ գործակցաբար՝ ՀՕՄ-ի ջահը բարձրացուց Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան կեանքին մէջ։ «Մասնաճիւղի առաքելութեան գլխաւոր խորագիրները եղան սպեղանի հասցնել կարօտեալներուն, իր շրջանին մէջ թէ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք։ Գնահատելի են մասնաճիւղին զօրակցութիւնը եւ ներդրումը՝ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ու անոր կողքին կանգնող հայկական կրթօճախներուն՝ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան երկրդ. վարժարանին, Մարի Գապայեան նախակրթարանին եւ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրին, անոնց հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր։ Նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ բազմաթիւ հայ աշակերտներ հանրային վարժարաններ կը յաճախեն, «Անահիտ» մասնաճիւղը հիմնած է շաբաթօրեայ դպրոց, որպէսզի հայ մանուկն ու պատանին հեռու չմնան հայկական կրթօճախի հնոցէն։ Մասնաճիւղը ծառայած է նաեւ մեր մշակոյթին ու անոր տարածման, մասնակցութիւն բերած է Շրջանային Վարչութեան ժողովրդանուէր ու հայրենակերտ նախաձեռնութիւններուն։ Կամաւորներու նուիրումով, այսպէ՛ս կերտուած է 60 տարիներու վաստակը», շեշտած է Առաջնորդ Սրբազանը եւ օրհնած՝ յիշատակը հիմնադիրներուն, նաեւ վաստակը մինչեւ օրս ծառայողներուն, մաղթելով, որ «Անահիտ» մասնաճիւղը շարունակէ իր վերելքը։

Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ տարեդարձի կարկանդակի հատում։ Ապա, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022