Սուրիոյ Հայութեան Գործնապէս Նպաստելու Համար

Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անմիջական հետեւանքով ստեղծուած սուրիահայութեան տագնապալի առօրեան կ՛ահազանգէ ողջ հայութիւնը՝ զայն մատնելով մտատանջութեան:

Պատմութիւնը, իր ողջ էութեամμ, կը յուշէ ժողովուրդներու անցեալի ու ներկայի ճակատագիրը, իսկ անցեալի հետքերով ենթադրութիւնները կը տանին անորոշութեան ու անձկութեան գիրկը, որուն համար անմիջական հաստատակամութեամμ ու ծառայական ոգիով պէտք է դիմել գործնական քայլերու:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայկական գաղութի երեք յարանուանութեանց, կուսակցութեանց եւ μարեսիրական միութեանց ներկայացուցիչները, ըլլալով արթուն հովիւն ու պահակը շրջանի հայութեան՝ սրμազան դերով մը համախմμուեցան եւ որոշեցին յառաջացնել

«Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմին» մը, որպէսզի կազմակերպչական եւ անմիջական դրամահաւաքի աշխատանքներով գաղութը լծուի գործի՝ շուտափոյթ կերպով տեղ հասցնելու համար հանգանակուած գումարները, որոնք պիտի ծառայեն կեանքեր փրկելու եւ μարոյական ու հոգեկան ապահովութիւն ներշնչելու Սուրիոյ տարածքին դժուարին պայմաններու մէջ ապրող մեր քոյրերուն եւ եղμայրներուն, ազգային հաստատութիւններուն: Սուրիահայութեան օժանդակութէան գործադիր մարմինը կազմուեցաւ հետեւեալ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներով, ու դիւանական պաշտօններու μաժանումով.

– Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ՝ տիար Զաւէն Խանճեան՝ ատենապետ

– ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ներկայացուցիչ՝ տիկին Սոնա Մատարեան՝ ատենադպրուհի – Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ներկայացուցիչ՝ տիար Հէրի Պալեան՝ փոխատենապետ

– Արեւմտեան թեմի Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ՝ տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան՝ գանձապահ

– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութենէն՝ տիար Խաժակ Տիքիճեան

– Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչ՝ տիար Պարգեւ Համալեան

– Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներայացուցիչ՝ տիար Արա Արոյեան

– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ներկայացուցիչ՝ տիար Խաչիկ Ճանոյեան

– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) ներկայացուցիչ՝ տիար Վարդգէս Նալպանտեան

– Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) ներկայացուցիչ՝ տիար Յարութ Ֆագճեան:

Վերոյիշեալ Մարմինի անդամները անմիջական կապերով ու աշխատանքներով պիտի հասնին մեր ազգի նուիրաμերող զաւակներուն, այն վստահութեամμ, որ անոնք հայավայել հաւատարմութեամμ պիտի չզլանան իրենց օժանդակութիւնները, որպէսզի անկարելին կարելի դարձնենք եւ օգնութեան ձեռք երկարենք, ի խնդիր սուրիահայութեան փրկութեան:

Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը հայրական իր օրհնութիւնը ստացաւ ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի զոյգ Առաջնորդներէն՝ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանէն եւ Տ.
buy temovate online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/temovate.html no prescription

Յովնան արք. Տէրտէրեանէն, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետ. յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներէն, եւ արդէն անցած է գործնական առաջին քայլերուն:

Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներուն՝ հետեւելու հրապարակուած լուրերուն, մամուլի էջերէն, հայկական պատկերասփիւռի կայաններէն, եւ յատկապէս՝ Գործադիր մարմինի յատուկ կայքէջէն՝ www.syrianarmenianrelieffund.org, եւ ըստ կարելւոյն՝ փոխանցել ձեր առատաձեռն նպաստը:

Նիւթական օժանդակութիւնները կարելի է յղել հետեւէալ հասցէին. Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948.

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022