ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՆՈՒԷՐ ՄԸ՝ ԱԶԳ. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ ազնիւ Տիկնոջ՝ Սաթիկի, այցելեց Ազգային Մեսրոպեան Երկրդ. Վարժարան եւ հիւրընկալուեցաւ Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ։

Այցելութիւնը տեղի կþունենար ուրախ առիթով մը. Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան բախտաւոր դուրս եկած էր ու շահած՝ վարժարանին կազմակերպած վիճակահանութեան գլխաւոր նուէրը՝ ինքնաշարժ մը։

Աշակերտները գեղեցիկ անակնկալ մը պատրաստած էին յարգելի հիւրերուն. անոնք երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու Տէր Յովհաննէսեան ամոլը, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին ստեղծելով հայկական մթնոլորտ, գործնապէս ցոյց տալով, որ մեր վարժարանները են ու կը մնան մեր մշակոյթի օճախները։

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը յուզում պատճառեց հիւրերուն. Տէր եւ Տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան վիճակահանութեան պարգեւը ամբողջութեամբ՝ 15,000 տոլար, նուիրեցին վարժարանին, առ ի քաջալերանք անոր հայակերտումի աշխատանքին։

Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակից հիւրերը վարժարանէն մեկնեցան խոր տպաւորութեամբ եւ աղուոր յիշատակներով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022