Հայ Դատի Կլենտէյլի Յանձնախումբի Գնահատանքի Երեկոն


Հայ Դատի Կլենտէյլի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան «Իմփրեշընզ» սրահին մէջ ունեցաւ արժանաւոր ծառայողներու գնահատման իր տարեկան ճաշկերոյթը։ Գնահատանքի արժանացան մեր Դատին ու ընդհանրապէս մարդկային ընկերութեան բազմամեայ ծառայութիւն մատուցող հետեւեալ նուիրեալները. Ալիս Պետրոսեան՝ Երկարամեայ Ծառայութեան մրցանակ, Ճոն Պանտէք՝ Երիտասարդական գործունէութեան պարգեւ, Նազ Աթիքեան՝ Ոսկեայ Սիրտ պարգեւ, Սիւզըն Հանթ՝ Ընկերութեան ծառայութեան պարգեւ, Զարեհ Իսախանեան՝ Հայ Դատի պարգեւ, Կլենտէյլի «Էտվէնթիսթ» բժշկական կեդրոն՝ «Մարիա Ճէյքըպսըն» մադասիրական պարգեւ։

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ երեկոյթին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Ան շնորհաւորեց կազմակերպութեան անդամները՝ իրենց աննահանջ աշխատանքին համար, մաղթելով, որ անոնք անվհատ շարունակեն վսեմ առաքելութիւնը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ պատիւի արժանացողներուն մասին, վեր առնելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնները՝ ի սպաս հանրութեան, յոյս յայտնելով, որ անոնց իրագործումները ներշնչումի աղբիւր դառնան նոր սերունդին։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց պետական ընտրեալ պաշտօնատարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք յարատեւօրէն զօրավիգ կը կանգնին հայութեան Դատին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022