Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Աշակերտները Ապրիլեան Ուխտը Վերանորոգեցին Ազգ. Առաջնորդարան Այցելութեան Առիթով


Օրէնճ Քաունթիի Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն ուխտի եկան Ազգային Առաջնորդարան եւ ապրիլեան պահ մը ապրեցան իրենց երգերով, արտասանութիւններով եւ ուխտով: Աշակերտներուն կ’ընկերանային Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Գոհար Զահըր եւ հայերէնի ուսուցչուհին՝ Տիկին Անի Կելոյեան: Անոնք հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան:

Ազգ. Առաջնորդարան ժամանելէ ետք, աշակերտները շրջապտոյտ մը կատարեցին Ազգի Տան բաժանմունքներուն մէջ եւ Տ. Նարեկ Քահանայէն տեղեկութիւններ ստացան աշխատանքներու բնոյթին մասին: Ապա, անոնք առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ ունեցան աղօթքի պահ մը, ունկնդրեցին Ս. Նահատակներուն նուիրուած շարականը եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը:

Աշակերտները կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էին: Յանուն իր ընկերներուն, Նաթալիա Միհրանեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, այս այցելութեան առիթին համար, եւ նշեց, որ այս օրը իրենց համար ուխտի օր մըն է, կ’ուխտեն սիրել մեր լեզուն, պահպանել մեր աւանդութիւնները, պահել քրիստոնէական հաւատքն ու ըլլալ արժանաւոր ժառանգորդները Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի: Այնուհետեւ, անոնք երգեցին «Եկեղեցին Հայկական»ը, «Փառք Յարութեան Քո Տէր» շարականն ու «Կիլիկիա»ն:

Աշակերտները իրենց դպրոցին կողմէ յուշանուէր մը բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին: Անոնք Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ ստացան սրբադասեալ նահատակներուն պատկերը, ինչպէս նաեւ օրինակներ՝ Ժագ. Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը ընդգրկող հատոր մը, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հրատարակուած էր Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ: Այլ յուշանուէր մըն էր Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմական խօսքը պարունակող որմազդը: Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ մեր նահատակներու սրբադասումին մասին, նշելով, որ այս հանդիպումը տեղի կ’ունենայ այն օրերուն, երբ նոր նշած ենք Ցեղասպանութեան 101րդ տարին եւ վերանորոգած ենք մեր ուխտն ու յանձնառութիւնը:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինը իրագործուեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ կանգնած նոր յուշարձանին առջեւ: Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւոր հայրերը, աշակերտներն ու դաստիարակները ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ, ապա, արտասանութիւններով ու երգերով գործնապէս վերահաստատեցին իրենց ուխտը, արտայայտելով վերականգնող ու գոյատեւելու կամքով տոգորուած հայուն նկարագիրը:

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ աշակերտները այսօր Ազգ. Առաջնորդարան այցելած են եւ աղօթքներով, երգերով ու արտասանութիւններով գործնապէս ապացուցեցին, որ հաւատարիմ են իրենց ուխտին: Ան աշակերտներէն խոստում առաւ, որ պիտի շարունակեն նոյն հաւատարմութեամբ մնալ ուխտապահ զաւակները մեր ազգին ու եկեղեցւոյ:

Հանդիպումը վերջ գտաւ Տէրունական Աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ ու Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022