Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 22-րդ Տարեկան Թելեթոն

Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Գոհաբանութեան օրը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 22-րդ տարեկան թելեթոնը պիտի հեռարձակուի առաւօտուան ժամը 10։00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00։ Առաջին չորս ժամերը պիտի սփռուի Երեւանէն։

«Ես իմ անուշ Հայաստանի» նշանաբանով այս տարուան Թելեթոնի հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի ինչպէս նաեւ Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի շրջաններուն մէջ ոռոգման գերժամանակակից ցանցեր ստեղծելու, ըմպելի ջուր մատակարարելու եւ արեւային ուժանիւթ կիրարկելու ծրագիրներու իրականացման։ Այս նախագիծերը կը բարելաւեն մեր հայրենակիցներու կեանքը՝ ապահովելով կանոնաւոր ու մաքուր ջրամատակարարում, անվճար ջեռուցում եւ ելեկտրականութիւն, ինչպէս նաեւ կը խթանեն գիւղատնտեսական ոլորտն ու բազմաթիւ աշխատատեղեր կը ստեղծեն։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային Վարչութիւնը այս տարի եւս կոչ կ’ուղղեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին՝ լիաբուռն մասնակից դառնալու այս ազգանուէր գործին՝ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կեանքը աւելի եւս հեզասահ դարձնելով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կոչը պիտի ուղղէ Թելեթոնի ընթացքին, իսկ Ազգային վարժարաններու աշակերտներ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022