Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան Դատաւորներու Ի Պատիւ Տարեկան Ընդունելութիւն

Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւնը Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Կլէն Արտըն» սրահին մէջ կազմակերպած էր դատաւորներու ի պատիւ իր տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին յարգանքի արժանացան դատաւորներ Վիքթըր Չաւէս, Հուի Քաթըն եւ Հոլի Ֆուճի։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Հանդիսավարն էր Տիկ. Վանա Կիտցինեան, որ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը կատարելու բացման աղօթքը եւ փոխանցելու իր գնահատական խօսքը։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ընկերակցութեան վարչութեան ու անդամներուն մասին, որոնք աշխատանք կը տանին տեղական ու միջազգային մակարդակներու վրայ, առաջինի ոլորտին մէջ իբրեւ ուղեցոյց ծառայելով ասպարէզ մուտք գործող իրաւաբաններուն, իսկ միջազգային ոլորտին մէջ կ’աշխատին բարելաւել միջազգային օրէնքները եւ օգտակար խորհրդատուութիւն կը կատարեն Հայաստանի օրինական դրութեան բարելաւման նպատակով։ Ան նաեւ վեր առաւ երեք մեծարեալներուն արժանիքները, նշելով, որ անոնք կը հանդիսանան մարդկային իրաւունքներու, բազմազանութեան, ընկերային արդարութեան եւ քաղաքական գործունէութեան ախոյեաններ։ Ան խնդրեց Աստուծմէ, որ հովանի ըլլայ ու առաջնորդ հանդիսանայ արդարութեան ասպարէզին մէջ բոլոր ծառայողներուն, որոնք կը գործեն ի խնդիր սահմանադրական մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական ազատութեանց, ինչպէս նաեւ արդարութիւն կիրարկելու ի խնդիր ամենօրեայ աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը իրագործեն արդարութեամբ, անաչառութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Ու նկատի ունենալով, որ կը կանգնինք Գոհաբանութեան ու Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ իր բազմաթիւ բարիքներուն համար եւ օրհնեց ներկաները։

Հիւրընկալ ընկերակցութեան ատենապետը՝ Սարօ Քերքոնեան դրուատիքով խօսեցաւ մեծարեալ դատաւորներուն եւ ընդհարապէս օրէնքի սպասարկուներուն մասին, միաժամանակ կանգ առնելով ընկերակցութեան առաքելութեան վրայ, իբրեւ պաշտպան՝ կառավարական մակարդակի վրայ օրինական իշխանութեանց անկախութեան եւ օրէնքի հիմամբ կառավարման դրութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022