Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 12 Փետրուար 2019-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։

Հիմնարկի ներկայացուցիչները իրենց գործունէութեան 20-ամեակի սեմին, տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքի մարզերուն ու հետագայի ծրագիրներուն մասին։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ մշտապէս նեցուկ կանգնած է իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներու իրագործման։ Անոնք երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան Առաջնորդին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է Հիմնարկի աշխատանքներուն մասին գաղութիս մէջ տեղեկատուական աշխատանքներու տարածման, որ կը նպատակադրէ նուիրաբերողներու արձանագրումը, ինչպէս նաեւ իր եկեղեցանուէր ծառայութեանց համար։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց կամաւոր ծառայողներու անմնացորդ նուիրումը, օրհնելով անոնց աշխատանքները, որոնք ի սպաս կը դրուին Հայաստանի եւ արտերկրի հայութեան, այս առիթով եւս պատրաստակամութիւն յայտնելով Ազգ. Առաջնորդարանի բոլոր հնարաւորութիւններով սատարելու Հիմնարկի ծառայութեանց ծանօթացման աշխատանքին:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց իւրաքանչիւրին եւ յաջողութիւն մաղթեց հայութեան համար այնքան կենսական համարուող իրենց օգտակար աշխատանքին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022