Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակի Նշում

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Շաբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2018-ին, Լոս Անճելըսի «Պիլթմոր» պանդոկին մէջ տօնեց իր հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքը։ Ներկայ էին հոգեւոր ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր։

Խօսք առին Ընկերակցութիւն նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան, գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի գործադիր տնօրէն Տիար Լեւոն Ֆիլեան։      

Ճաշկերոյթի ընթացքին, պատիւի արժանացան Ընկերակցութեան նուիրեալ զօրակիցներ։ 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022