«Ս. Վարդան» եւ «Գայլ Վահան» Սկաուտական Շքանշաններու Տուչութիւն Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին, Մեծ Պահոց չորրորդ՝ Տնտեսի Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Վարդան» եւ «Գայլ Վահան» սկաուտական շքանշաններ շնորհեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գայլիկներու եւ արծուիկներու, որոնք հետեւած էին այս շքանշանին յատուկ կրօնական-դաստիարակչական դասընթացքին։ Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Շքանշանի տուչութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քահանայ Աթմաճեան եւ Արժ. Տէր Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Արարողութեան ներկայ էին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ ծնողներ։

Իր պատգամէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց շքանշանները եւ հոգեւոր հայրերուն հետ կատարեց յանձնումը, ապա ուղղեց իր պատգամը։ Ան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները, որոնք Առաջնորդարանին գործակցութեամբ կրօնական դասընթացքներ կը կազմակերպեն յօգուտ սկաուտներու եւ երիտասարդներու, եւ յատկապէս օրհնեց ու գնահատեց սկաուտները որոնք կ’արժանանան մեր ազգային հերոսներուն անունը կրող շքանշաններուն, մաղթելով, որ մեր հերոսներուն «հաւատքը, քաջութիւնն ու նուիրումը ներշնչման օրինակ ծառայեն ձեզի, որպէսզի առաջնորդուիք եւ հասակ առնէք իբր օրինակելի քրիստոնեաներ եւ հայորդիներ»։

Օրուան Աւետարանական ընթերցումի՝ Ղուկասու Աւետարանի 16-րդ գլուխէն Անիրաւ Տնտեսի առակը պատմելով Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ բոլոր մեր ունեցածները երկնաւոր պարգեւներ են Աստուծմէ եւ կը պատկանին Աստուծոյ։ Մենք պէտք է ըլլանք հաւատարիմ եւ պարկեշտ տնտեսներ եւ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներն ու շնորհքները ծառայեցնենք Աստուծոյ նպատակներու իրագործման, ի փառս Աստուծոյ եւ յօգուտ մեր նմանին։ Պէտք չէ ըլլանք «աշխարհի զաւակներ»ուն նման՝ անհաւատներ որոնք կը բաւականանան ֆիզիքական երկրաւոր աշխարհով, այլ ըլլանք «լոյսի որդիներ», հաւատացեալներ՝ որոնք կը պատրաստուին յաւիտենական կեանքը ժառանգելու։ Աւելի՛ն, պէտք է հաւատարիմ գտնուինք աշխարհի վրայ մեզի վստահուած ունեցուածքին, որպէսզի Աստուած կարենայ վստահիլ մեզի եւ երկնքի արքայութեան մէջ մեզի տայ «ճշմարիտ հարստութիւնը»։

«Այսօր լաւագոյն առիթն է մեր ներաշխարհը քննելու եւ հարց տալու, թէ հաւատարիմ ու պարկեշտ տնտեսնե՞ր ենք։ Մեծ Պահքը կը թելադրէ ինքնաքննութեան իբրեւ արդիւնք հոգեպէս վերակազմակերպուիլ։ Մեր օրերը կը թաւալին եւ որեւէ ժամանակ կրնանք դէմ յանդիման գտնուիլ Աստուծոյ դատաստանին առջեւ։ Ուրեմն, ըլլանք շնորհակալ եւ երախտապարտ մեր վայելած բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար, եւ զանոնք ի սպաս դնենք Աստուծոյ փառքին, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին բարօրութեան համար, ձգտելով միայն երկնային յաւերժական գանձերուն», եզրափակեց Սրբազանը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022