Վաստակաւոր Ուսուցիչներու Մեծարանքի Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2017-ին, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ Ազգային Վարժարաններուն մէջ 25 ու աւելի տարիներ նուիրեալ ծառայութիւն ունեցող կրթական մշակներու ու անձնակազմի անդամներու։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր մեծարելու համար աւելի քան 50 կրթական մշակներ ու նուիրեալ ծառայողներ։

Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ, եւ յարգարժան հիւրեր ներկայ եղան ձեռնարկին, որ ունէր մշակուած յայտագիր մը։

Հանդիսաւոր երեկոն սկսաւ Հայաստանի եւ Միցեալ Նաանգներու քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան նշեց, որ երեկոն իւրայատուկ եւ յիշատակելի պահ մըն է եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ բոլորիս, որովհետեւ հաւաքուած ենք պատուելու համար բոլորիս պատիւ բերող նուիրեալներ՝ «ուսուցիչներ ու մեր վարժարաններու անձնակազմի նուիրեալ անդամներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ իբրեւ մարմնացեալ ջահեր լուսաւորած են իրերայաջորդ սերունդներու հոգին ու միտքը, մարդկային առաքինութիւններով ու հայութեամբ ջերմացուցած, տոգորած ու կերտած են անոնց ինքնութիւնը»։ Ան գնահատեց Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, որ այս ձեռնարկը կազմակերպած է, պատուելու համար մեր վարժարաններուն մէջ 25 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչներ եւ անձնակազմի անդամներ, ինչ որ «գործնական վկայութիւն է, որ իբրեւ հայեր՝ գիտենք գնահատել ու պատիւի արժանացնել ո՛չ միայն անոնք, որոնք գործած են ու անցած՝ մեր հաւաքական կեանքի անդաստաններուն մէջ, այլ մանաւանդ անոնք՝ որոնք կը կանգնին պատնէշի վրայ, աւելի՛ եւս ամրացնելու համար հայութեան բերդերը՝ մեր դպրոցները»։

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ «մեր դաստիարակներուն ու վարժարաններու նուիրեալ ծառայողներուն աշխատանքը, իրենց իսկ նկարագիրին բերումով, ընդհանրապէս քողարկուած է համեստութեամբ ու խոնարհութեամբ, համաձայն մեր Տիրոջ պատգամներուն, որոնք մեզի կը թելադրեն ըլլալ առաքինի ու գործել առանց ցուցամոլութեան, առանց մեծ վարձատրութիւններու ակնկալութեան, այն հաւատքով, որ Ամենակալն ու Ամենատեսը լաւագոյն գնահատողն ու վարձատրողն է»։ Ան նշեց, որ «առածի կարգ անցած է այն խօսքը, թէ Հայ Ուսուցիչին ու ընդհանրապէս նոր սերունդի դաստիարակութեան ասպարէզին մէջ ծառայողին մեծագոյն վարձատրութիւնը՝ աշակերտին միտքին ու հոգիին մէջ իր ցանած սերմերուն ծաղկումին ականատես ըլլալն է։ Ու եթէ այսօր մէկ առ մէկ հարց տանք պարգեւատրուողներուն, թէ ի՞նչ հարստութիւն ունիք, վստահաբար պիտի պատասխանեն Թեքէեանի հետեւողութեամբ. ինչ որ տուի աշակերտներուս, անո՛նք վերադարձած են ինծի ու կը հարստացնեն, կ’անուշցնեն ու բուրումնաւէտ կը դարձնեն կեանքս»։ Ան շնորհաւորեց օրուան մեծարեալները եւ գնահատեց անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։

Հանդիսավարը՝ Խնամակալ Մարմինի անդամներէն Տիար Սարգիս Ուրֆալեան արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Խնամակալ Մարմինին անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց ատենապետուհին՝ Տիկին Լիզա Կապուտեան։ Իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Խնամակալ Մարմինի նախկին անդամներէն Տիար Մհեր Շխըրտըմեան, որ տարիներ շարունակ վարած է ատենապետի պաշտօնը։ Անոր խօսքին աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր մը յանձնեց Տիար Շխըրտըմեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը նման գնահատագիր մը շնորհեց նաեւ մանկավարժ-դաստիարակ Տիկին Գարմէն Տէր Կարապետեանի՝ ի բացակայութեան։ Նշենք, որ Տիար Շխըրտըմեան եւ Տիկին Տէր Կարապետեան բազմատասնեակ տարիներու վաստակ կերտած են իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան ասպարէզին մէջ եւ արժանացած են «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսք մը ուղղած էր տեսաերիզով։

Ընթրիքի պահուն, Կրէկ Հօշարեանի նուագախումբը ներկայացուց երաժշտական յայտագիր մը։ Հետեւեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր վկայութիւններ եւ մեծարեալներու երախտագիտական արտայայտութիւններ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնումի արարողութիւնը։

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022