2012 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 28 Դեկտեմբեր 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 30 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեվերջի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ *** ԱՄԱՆՈՐԻ ՕՐԸ ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ ՄԵՐ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Հայկական գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է նոր տարին դիմաւորել Աստուծոյ Տան […]

Շաբաթական Լուրեր – 21 Դեկտեմբեր 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ  – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱԲՕ ԱՇՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի հայ ժողովուրդի նուիրեալ զինուորագրեալներէն Աբօ Աշճեանի յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը […]

Գ. ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ »ԴԻՄԱՏԵՏՐՍ« ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութիւններուն մաս կը կազմէ հայ մշակոյթն ու անոր նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը. իսկ նկատի ունենալով, որ 2102ը նուիրուած է Հայ Գիրքին, այս տարուան մշակութային գործունէութեան առանցքներէն մէկը նոյնինքն գիրքն է։ Այս ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, »Ասպարէզ« օրաթերթի խմբագրութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի […]

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՆԱԶԱՐԴ »ՀԱՅՐ ՄԵՐ«ՆԵՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԵՐԵՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ազգ. Առաջնորդարանը վերջերս լոյս ընծայեց »Տէրունական Աղօթք«ի գունազարդ պատկերներ, ի յիշատակ երեք նուիրեալ ազգայիններու՝ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքարեանի եւ Զուարթ Մովսէսեանի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ամանորի նախօրեակին հանդիպումներ ունեցաւ հանգուցեալներուն ընտանիքի անդամներուն հետ, օրհնեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուողներուն յիշատակը եւ յիշեալ պատկերներէն շրջանակուած օրինակներ նուիրեց անոնց։ Յայտնենք նաեւ, որ Ամանորի եւ Ս. […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱՏՈՒ՝ ԱԶԳ. Վ. ԵՒ Ա. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ա. ԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Ազգային վարժարաններու մեր աշակերտներուն համար, Ազգային Առաջնորդարանը դարձած է ուխտավայր։ Տարուան ընթացքին, աւարտական կարգի կամ այլ դասարաններու աշակերտներ կþայցելեն Ազգի Տունը, կը հիւրընկալուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, կը ներկայացնեն գեղարուեստական յայտագիր ու մտերմիկ պահ մը կը բոլորեն անոր հետ։ Այս ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին, ու տօնական օրերու նախօրեակին, իւրայատուկ […]

Շաբաթական Լուրեր – 14 Դեկտեմբեր 2012

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին, Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին համար տարեվերջի առիթով Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ հովիւն ու […]

ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, հիրընկալութիւն մը կազմակերպէ Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն ու Առաջնորդարանի անձնակազմին համար։ Այս տարի, հիւրընկալութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս […]

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՆՈՒԷՐ ՄԸ՝ ԱԶԳ. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ ազնիւ Տիկնոջ՝ Սաթիկի, այցելեց Ազգային Մեսրոպեան Երկրդ. Վարժարան եւ հիւրընկալուեցաւ Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ։ Այցելութիւնը տեղի կþունենար ուրախ առիթով մը. Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան բախտաւոր դուրս եկած էր ու շահած՝ վարժարանին կազմակերպած վիճակահանութեան գլխաւոր նուէրը՝ ինքնաշարժ մը։ […]

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ Ի ՊԱՏԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, Լոս Անճելըս այցելեց անցեալ շաբաթավերջին։ Այս առիթով, պատուիրակութիւնը արժանացաւ շարք մը պաշտօնական ընդունելութիւններու։ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսա Կիրակի, 9 Դեկտեմբերի առաւօտուն, իր բնակարանին մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ […]

ԴԵՍՊԱՆ ՃՈՆ ՀԵՖԸՐՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան ու անոր յարկին տակ ունեցաւ հանդիպումներ, որոնք երկարեցան մօտաւորապէս հինգ ժամերու վրայ։ Դեսպանին կþընկերանային իր Տիկինը՝ Լիպի, եւ սփիւռքի հետ կապերու պատասխանատու Ճեֆրի Բարեջան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ դիմաւորեցին […]

Շաբաթական Լուրեր – 7 Դեկտեմբեր 2012

«ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱՅ»Ի ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 24ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերը, Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի 24-րդ տարելիցն է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմեայ»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի անմեղ զոհերուն յիշատակին։ Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԱԶՄԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիար Գառնիկ Աբրահամեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Ազգային Վարչութեան դիւանը՝ Տիկին Ռիմա Պօղոսեան, Տեարք Ճորճ Չորպաճեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Թորոս Քէչէճեան։ […]

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՒԼԻՆ ՄԷՋ – ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Դեկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը եղաւ տօնախմբութեան նորագոյն առիթ մը. նկատի ունենալով, որ նոր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ ու մօտեցած են աւարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով ծխական համայնքին հրաւէրին, տարեվերջի օրերուն առիթով, Կիրակի, 2 Դեկտեմբերի առաւօտուն, առաջին Ս. Պատարագը […]

Շաբաթական Լուրեր – 30 Նոյեմբեր 2012

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Յառաջիկայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5էն 9, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն պիտի այցելէ Լոս Անճելըս, հանդիպումներ ունենալու համար հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ զաւակներու հետ։ Հանդիպումներուն, պիտի քննարկուին Հայաստանի իրադարձութիւնները, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործակցական կապերն ու Հայաստանի տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները։ Դեսպանը Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան պիտի […]

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Pandora ճաշարանին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ եւ կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ էր Փասատնիայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապոշեան. Տէր […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022