2012 Լուրերու Արխիւ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչները Ուրբաթ, 20 Յունուարի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայացուցիչները եկած էին ամանորի […]

Շաբաթական Լուրեր – 20 Յունուար 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ –         «ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2012 տարին հռչակած է «Հայ Գիրքի Տարի»։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, յառաջիկայ Կիրակի, 22 Յունուարին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ BOARD OF SUPERVISORS-Ի ՆԻՍՏԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

Ընդառաջելով Լոս Անճելըսի Board of Supervisorsի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 17 Յունուարի կէսօրին ներկայ եղաւ յիշեալ յանձնաժողովի նիստին ու աղօթքով կատարեց նիստին բացումը։ Առաջնորդ Սրբազանը, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի ու Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներէն Տիկին Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեանի ընկերակցութեամբ յանձնաժողովի նստավայրը հասաւ կէսօրին։ Ատենապետ Զէւ […]

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ԵՒ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԱՏՈՒՑԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, Յունուար 15, 2012ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներն ու դպիրները։ Սրբազան Հայրը, Շարակնոցէն մէջբերելով հետեւեալ աղօթքը՝ »Բարձրեալին մարգարէն եւ Թագաւորին զինուորը, […]

Շաբաթական Լուրեր – 13 Յունուար 2012

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 14 Յունուարը Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնն է։ Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Կիրակի, 15 Յունուարին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պիտի պատարագէ եւ […]

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ – Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԹՈՂ ՄՍՈՒՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԾԵՆ ԲՈԼՈՐԻՍ ՍՐՏԵՐԸ

Ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ, Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխած խաղաղութեան, սիրոյ ու հաճութեան մաղթանքներու փոխանակում, հայկական տոհմիկ ու ժողովրդային երաժշտութիւն, ու այս բոլորին կողքին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի պատգամներով ու յորդորներով ծաղկած մթնոլորտ… Ահա թէ ինչպիսի գլխաւոր գիծերով յատկանշուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին Ս. […]

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ »ԱՐԱՐԱՏ« ՏԱՆ ՄԷՋ

Մեր Թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, 10 Յունուարին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէք կատարուեցաւ »Արարատ Տան« Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ։ Արարողութեան մասնակցութիւն բերին Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, նուագակցութեամբ Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի։ Մենակատարութիւնը կատարեց ծանօթ արուեստագէտ Անահիտ Ներսիսեան։ Առաւօտեան ժամը 10-ին, […]

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ, Ուրբաթ, 6 Յունուար, 2012-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ Աստուածորդւոյն Մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ […]

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ՝ ԱՆՏԻՈՔԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անտիոքի Ուղղափառ պետ Գերշ. Տ. Իգնատիոս Դ. պատրիարքին տնօրինումով, համայնքին Լոս Անճելըսի Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. ժոզէֆ Եպիսկոպոս Արքութեան տիտղոսին արժանացաւ 11 Դեկտեմբեր 2011ին։ Կիրակի, 8 Յունուար 2012ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի Ս. Նիքոլաս եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Յանուն Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 6 Յունուար 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 8 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ «ԱՐԱՐԱՏ» ՏԱՆ ՄԷՋ Մեր Թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. […]

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ “MEMORIAL” ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ ընդառաջելով Կլենտէյլի »Memorial« հիւանդանոցի տնօրէնութեան հրաւէրին, Հինգշաբթի, 5 Յունուարին, կ.ա. ժամը 11-ին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ այցելեցին հիւանդանոց։ Անձնակազմի անդամներուն ու հիւանդներուն համար, տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք եւ ջրօրհնէք։ Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց պատասխանատուներուն ու ապաքինման մաղթանք՝ հիւանդներուն։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 3 Յունուարի առաւօտուն ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Մատոնա Աուն Ղազալի, որ եկած էր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանն ու բարեմաղթութիւններ փոխանցելու Թեմիս հայ համայնքին։ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի 2012ի […]

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ 2012 – ՊԱՏԳԱՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կÿողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ ձեզի կը մաղթենք աստուածային բարիքներով լեցուն եւ հոգեւոր արժէքներով ու ազգային իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, 2006-ին Հայ Գրերու Գիւտին 1600-ամեակը համազգային տարողութեամբ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ – ՄԵՐ ԱՉՔԵՐԸ ՅԱՌԵՆՔ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԻՆ

Ահաւասիկ դարձեալ կը կանգնինք նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնի սեմին, 2012 տարին կը դիմաւորենք հոգեկան ցնծութեամբ եւ մեր հայեացքները կþուղղենք դէպի նոր ու ընդարձակ հորիզոններ, որոնք մեզի կը ներշնչուին Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխող բարի պատգամներով։ Փառք եւ գոհութիւն Երկնաւոր Հօր, որ մեզի կþընծայէ նոր տարի մը դիմաւորելու ցնծութիւնն ու Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդը […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022