2012 Լուրերու Արխիւ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 14 Յուլիսի յետմիջօրէին ընդունեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Տիար Աղուան Վարդանեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ »Եղիա Սարաֆեան« դահլիճին մէջ։ Հայրենի հիւրին կþընկերանար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տոքթ. Վիգէն Եագուպեան։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, հանդիպումին ներկայ եղան […]

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Ուրբաթ, 13 եւ Շաբաթ, 14 Յուլիսին վայելեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը։ Կազմակերպուած էր Առաջնորդ Սրբազանին ի պատիւ մեծարանքի ձեռնարկ մը՝ չորրորդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով, ապա նաեւ՝ եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցական հանդիպում։ Առաջնորդ Սրբազանը Սան Ֆրանսիսքօ ժամանեց Ուրբաթ, 13 […]

Շաբաթական Լուրեր – 13 Յուլիս 2012

ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 15 Յուլիսը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է։ Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԿþՈՒՆԵՆԱՆ ԾԽԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ձեռնարկեցին ծխական շրջաններ այցելութիւններու շարքի մը, խորհրդակցութիւններ ունենալու համար ընտրեալ կազմերուն հետ, ծանօթանալու տեղւոյն աշխատանքի ընթացքին ու անմիջական ծրագիրներու։ Այցելութիւնները ցարդ ընդգրկած են Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցիները։ Այցելութիւնները պիտի […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԿԻՆ ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԿԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 6 Յուլիսի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը Թեմիս նուիրեալներէն Տիկին Ալիս Նաւասարկեանի, որ Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին նուիրելու իր նորագոյն հատորէն՝ »The Immortals«էն օրինակներ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներէն Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան։ Առաջնորդ Սրբազանը սիրով […]

Շաբաթական Լուրեր – 6 Յուլիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 8 Յուլիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՅ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ԽԱՂԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ Այս շաբթուան […]

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ՏՐԴԱՏ ԵՒ Ս. ԱՇԽԷՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, շարունակելով տարիներու աւանդութիւնը, Շաբաթ, 30 Յունիսէն սկսեալ ու ամէն Շաբաթ երեկոյ, ժամը 6ին, Կիրակմուտքի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ։ Յառաջիկայ Շաբաթ, 30 Յունիսը մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, տօնն է Հայաստան աշխարհի առաջին քրիստոնեայ թագաւորին […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՐԵՍԵՆԹԱՅԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ »ԶԱՒԱՐԵԱՆ« ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

Ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. »Զաւարեան« Կոմիտէի (Քրեսեմթա Հովիտ) հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 29 Յունիսի կէսօրին այցելեց Կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ամառնային բանակավայրը եւ հաճելի պահ մը բոլորեց պատասխանատուներուն ու պատանիներուն հետ։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Առաջնորդ Սրբազանը Կեդրոն հասաւ ժամը […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՍԷՄ ՔԸՊՈՒՇԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 29 Յունիսի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց երիտասարդ հանրային գործիչ Սէմ Քըպուշեանի այցելութիւնը։ Ան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու եւ յայտնելու, թէ իր թեկնածութիւնը դրած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի (City Council) անդամակցութեան, քաղաքի 13րդ ընտրատարածքէն, որ կþընդգրկէ Հոլիվուտն ու շրջակայ աւանները՝ Արեւելեան Հոլիվուտէն մինչեւ […]

Շաբաթական Լուրեր – 29 Յունիս 2012

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Այսու կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 17րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 1 Յուլիս 2012ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի ըլլայ Քրեսենթա […]

Շաբաթական Լուրեր – 22 Յունիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 24 Յունիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ՏՐԴԱՏ ԵՒ Ս. ԱՇԽԷՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ Ուրախ ենք յայտնելու, որ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՋԱՐԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՄՈԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 20 Յուինիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներէն՝ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Միռնա Քաջարեան բարերար ամոլին։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենադպիր Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Տիկինը՝ Սաթիկ։ Քաջարեան ամոլը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Յարգելի հիւրերը Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեցին […]

»ՀԱՅՐԵՆԻՔ« ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹՒՆ ՄԸ ՏՈՒԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՆՏԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԲԱՐՇ. ՐԱՖՖԻ ՍՐԿ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ

Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի գրասենեակը (Sheriff Dept.) գնահատանքի ու պատիւի արժանացուց Ազգային Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեան պատասխանատու բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանը, հանրային իր բազմամեայ ծառայութեան ու յատկապէս բանտարկեալներուն իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց համար։ Ոստիկանապետի գրասենեակը, բանտային ծառայութիւններուն վերահսկող բաժանմունքին հետ միասին, կազմակերպած էր »Կամաւորներու գնահատման հաւաք« մը, որ տեղի կþունենար երրորդ տարին ըլլալով։ Րաֆֆի Սարկաւագ արժանացաւ […]

Շաբաթական Լուրեր – 15 Յունիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 17 Յունիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ օրուան խորհուրդը բացատրող պատգամ մը։ *** Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 17 Յունիսի կ. ե. ժամը 2ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Քորոնա եւ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022