2013 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 27 Դեկտեմբեր 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 29 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի տարեվերջի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ յիշատակութեան պիտի արժանանայ ազգային բարերար Ճորճ […]

Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Յիշատակուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ եւ Առաջնին Մարտիրոսի Տօնը

Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամը փոխանցեց։ Նկատի ունենալով, որ Կիրակին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնի նախօրեակն էր, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ օրհնութեան յատուկ աղօթք կատարեց դպրաց դասու անդամ սարկաւագներուն համար եւ անոնց ուղղեց գնահատանքի խօսք։ […]

Las Vegas Review-Journal Article on St. Garabed Church Statue

Click the link below for an article which appeared in the Las Vegas Review-Journal on “The Surviving Mother” statue at St. Garabed Church of Las Vegas. http://www.reviewjournal.com/view/sunrise/statue-honors-armenian-women-who-survived-republic-s-1915-genocide

Շաբաթական Լուրեր – 20 Դեկտեմբեր 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբերը Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնն է։ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը տօնն է նաեւ մեր բոլոր սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանին սպասարկող հաւատացեալ հայորդիներուն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 22 […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը

  Ազգային Առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեանց շարքին է Ս. Ծննդեան ու Ամանորի Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընթրիքը։ Ամէն տարի, 6 Յունուարի երեկոյեան, ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ մէկ յարկի տակ կը համախմբուին Առաջնորդ Սրբազան Հօր,  հոգեւորականներուն եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն շուրջ, աղօթքով ու բարեմաղթութեանց փոխանակումով սկսելու նոր տարին ու յիշատակելու Քրիստոսի հրաշալի Ս. Ծնունդը։ Այս տարի եւս, […]

Հայ Մօր Տարուան Առիթով Աշակերտական Աղօթքներու եւ Մաղթանքներու Նոր Հատոր

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին ձօնած է Հայ Մօր։ Այս տարին մեր Թեմին մէջ եւս նշուեցաւ հանդիսութիւններով ու հրատարակութիւններով։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս շաբաթ լոյս տեսաւ Հայ Մօր տարուան նուիրուած իւրայատուկ գրքոյկ մը, որ կը կրէ «Աշակերտական Աղօթքներ եւ Մաղթանքներ» խորագիրը։ Անիկա կը բովանդակէ մեր ազգային վարժարաններու […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ Մատուցեց Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2013-ին, Նոր Տարուան եւ Ծննդեան Ս. Տօնի նախօրեակին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին մէջ կը տիրէր հոգեկան ուրախութիւն ու տօնական մթնոլորտ: Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, տալով յաւուր պատշաճի իր […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերի կէսօրին, ազգային Առաջնորդարան այցելեց հանրածանօթ ժողովրդային երգիչ Յարութ Փամպուքճեան եւ հիրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Յ. Փամպուքճեան Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ հրաւիրելու իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Ռուզանայի յուղարկաւորութեան։ Վերջինը մահացած էր անցեալ շաբաթավերջին։ Այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար ի պատասխան ցաւակցական այն հաղորդակցութեան, զոր Առաջնորդ Սրբազանը […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ծերակուտական Տէրըլ Սթայնպըրկի Հետ Հայ Դատի Կազմակերպած Հանդիպումին

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի նախագահ Տէրըլ Սթայնպըրկի հետ ծանօթացման հանդիպումի մը, որ կազմակերպուած էր Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբին կողմէ։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Փէշէքէրեան» Կեդրոնին մէջ։ Ներկայ պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի անդամ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլի Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Նայիրի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Կլենտէյլի Ոստիկանապետ Տը Փոմփայի Հրաժեշտի Երեկոյթին

Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի ոստիկանութիւնն ու Ոստիկանական Հիմնարկը հրաժեշտի հանդիսութիւն մը կազմակերպած էին ի պատւ ոստիկանապետ Ռանըլտ Տէ Փոմփայի, որ 36 տարիներու ծառայութենէ ետք, հանգստեան կը կոչուի։ Առաջնորդ Սրբազանը, ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ՚ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ.buy cialis pack online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/cialis-pack.html no prescription Տ. Վազգէն Քհնյ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 13 Դեկտեմբեր 2013

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերը տօնն է Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին։ Այս առիթով, կը շնորհաւորենք Յակոբ անունը կրող մեր բոլոր հաւատացեալ հայորդիները եւ կը մաղթենք, որ անոնք տոգորուին մեծ սուրբին հաւատքով եւ իրենց ընտանիքներն ու շրջանակը համակեն անոր Քրիստոնէական օրինակելի ոգիով։ Ընդառաջելով Քրեսենթա Հովիտի Հայց. […]

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 47-ամեակի Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր, 2013-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Սրբ. Արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, հանդիսապետելու եւ իր օրհնաբեր մասնակցութիւնը բերելու գաղութի կեանքէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, գլխաւորաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 47 ամեակի տօնախմբութեան։ Շաբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակցեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի առիթով եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած ընթրիքին, […]

Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի Խորհուրդով Լի Պահ Մը Ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ա. կարգի աշակերտները Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու մթնոլորտով «ողողեցին» Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակը, իրենց ճռուողիւնով, երգերով, արտասանութիւններով ու բարեմաղթութիւններով գեղեցիկ նուէր մը բերին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Բարի աւանդութիւն դարձած է, որ հայկական վարժարաններու աշակերտներ տարուան ընթացքին այցելութիւն տան Ազգ. […]

Ողջունահանդէս՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք» Հատորին

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը հիւրընկալեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն» հատորին ողջունահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Հոգեւորականաց Դասու անդամներ եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։ Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Նորթ Հոլիվուտի […]

Շաբաթական Լուրեր – 6 Դեկտեմբեր 2013

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 47-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ Այս շաբաթավերջին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 47-ամեակը։ Այս առթիւ, Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի. պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Պատարագէն […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022