2014 Լուրերու Արխիւ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կոնդակը

2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հետեւաբար, իր խորքով ու իմաստով, իր նպատակով ու պատգամով տարբեր թուական մը պէտք է դառնայ: 2015 տարին իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին մէջ։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմն է ձգած հայոց ցեղասպանութիւնը։ Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն արեան հետ չէ թրծուած ու կեանքին հետ չէ […]

Շաբաթական Լուրեր – 26 Դեկտեմբեր 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 2014ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր Թեմերու եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագի պիտի ընթերցուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը: Կը հրաւիրենք […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒԸ՝ ԱՒԵՏԻՍ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ Դարձեալ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգեպարար շրջանը կ՛ապրինք եւ մեր սրտերը լի են ցնծութեամբ, նոր տարուան մը ծնունդին ընդառաջ, որ իր հետ կը բերէ նոր սկիզբ մը, նոր երազներ եւ նոր յոյսեր, եւ մեր հոգիները Աստուածայայտնութեան խորհուրդով գօտեպնդուած, սէր եւ խնդութիւն կը վայելեն: Դարեր առաջ, աշխարհին յայտնուած մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը […]

Տարեցներու Տարուան Առթիւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Պատանեաց Խմբակը Այցելեց Eagle Rock-ի Արարատ Տունը

Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2014ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Պատանեաց Խմբակի անդամները, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Eagle Rock-ի Արարատ Տուն հաստատութիւնը, ուր պատսպարեալ հայ տարեցներուն համար իրագործուեցաւ տօնական մթնոլորտով գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Պատանեաց Խմբակի իւրայատուկ այս այցելութեան առիթով իրենց միացած էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկին Թերեզ Քէմանճեան, Հոգաբարձութեան […]

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Յիսնամեակի Նշում

Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2014ին, տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Հանդէսը տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագէն ետք, Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի “Աւետիսեան” սրահին մէջ։ Ներկայ էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, ծխական […]

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարան

Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանը Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելու տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան։ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին նաեւ […]

Շաբաթական Լուրեր – 19 Դեկտեմբեր 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի հանդէսին, եւ իր տօնական բարեմաղթութիւնները պիտի փոխանցէ Կիրակնօրեայ Վարժարանի նուիրեալներուն, ծնողներուն եւ թանկագին աշակերտներուն։ […]

Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Մթնոլորտը Փոխադրեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ա. Կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2014ի առաւօտուն, վարժարանին մէջ վերջին օրերուն ստեղծուած՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու մթնոլորտը փոխադրեցին Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ, հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ եւ Յիսուս Մանուկի հրաշափառ Ս. Ծննդեան դրուագին մասին գործնական դասապահ մը բոլորեցին անոր հետ: Մօտաւորապէս […]

Համազգայինի “Անի” Պարախումբի 40ամեակին Առաջնորդ Սրբազանը Հայրապետական Կոնդակով եւ “Ս. Մեսրոպ Մաշտոց”ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Պարուսոյցները

Համազգայինի “Անի” պարախումբը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, պարախումբի 40ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Glendale High School-ի “John Wayne Performing Arts Center”ի մէջ։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքի խօսքն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս […]

Շաբաթական Լուրեր – 12 Դեկտեմբեր 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 13 Դեկտեմբերը տօնն է Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին։ Այս առիթով, կը շնորհաւորենք Յակոբ անունը կրող մեր բոլոր հաւատացեալ հայորդիները, կը մաղթենք, որ անոնք տոգորուին մեծ սուրբին հաւատքով եւ իրենց ընտանիքներն ու շրջանակը համակեն անոր ոգիով։ Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառը

Հաւատարիմ մնալով տարիներու իր բարի աւանդութեան, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014ի կէսօրին կազմակերպեց ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով իր տարեկան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, Կլենտէյլի Vertigo Event Venue սրահին մէջ: Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, իսկ հիւրընկալութիւնը ազնուաբար յանձն առած էր Տիկին Սիլվիա Կարապետեան։ […]

Շաբաթական Լուրեր – 5 Դեկտեմբեր 2014

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ 26ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014ը, Հայաստանի երկրաշարժի 26-րդ տարելիցն է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ երկրաշարժի զոհերուն։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան։ *** […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հալէպահայ Ազգայիններու Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը հալէպահայ ազգայիններու, որոնք Լոս Անճելըս հաստատուած են վերջին շրջանին, Հալէպին ու ընդհանրապէս Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին հետեւանքով: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ գանձապահ Տիար Մհեր Տէր Տէր Յովհաննէսեան։ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ Ճէք Հաճինեանի Երդման Արարողութեան

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի “Բաղրամեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի նորընտիր քաղաքապետ Ճէք Հաճինեանի երդման արարողութիւնը: Ճէք Հաճինեան կը հանդիսանայ Մոնթեպելլոյի առաջին հայ քաղաքապետը: Ան Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ու Մոնթեպելլոյի մեր գաղութի երիտասարդ ծառայողներէն է. եղած է Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան անդամ, իսկ ներկայիս մաս կը կազմէ մեր Թեմի […]

Շաբաթական Լուրեր – 26 Նոյեմբեր 2014

Սիրելի Հայորդիներ, Գոհաբանութեան այս տօնին, ու տարուան բոլոր օրերուն, շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ Իր պարգեւած բարիքներուն, մասնաւորաբար մեր մեղքերու թողութեան ու փրկութեան խոստումին համար: Ամէն օր յիշենք եւ երախտապարտ ըլլանք կեանքի բոլոր բարիքներուն համար, ու Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը տարածենք ամէնուրեք, մեզի շնորհուած օրհնութիւններուն բաժնեկից դարձնելով կարիքաւորները: “Ուստի հիմա, ով մեր Աստուածը, Քեզմէ շնորհակալ կ’ըլլանք ու […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022