2014 Լուրերու Արխիւ

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար Մեծարգոյ Ժըպրան Պասիլ Լոս Անճելըսի Մէջ – Հիւր Նախարարը Այցելեց Նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար մեծարգոյ Ժըպրան Պասիլի եւ Տիկնոջ՝ Շանթալի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմ եւ Տիկինը՝ Մայա, ի պատիւ Լիբանանի դիւանագիտութեան պետին, պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպած էին Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի “Hyatt Regency Century Plaza”-ին մէջ: Ընդառաջելով գլխաւոր հիւպատոսի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. […]

Շաբաթական Լուրեր – 19 Սեպտեմբեր 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայկազեան ՀամալսարանիՆերկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2014-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի գործադիր վարիչ տնօրէն Տիար Լեւոն Ֆիլեանն ու Հայկազեան Համալսարանի հոգաբարձութեան եւ Թեմիս Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամ Դոկտ. Յասմիկ Պարանը։ Հիւրերը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայկազեան Համալսարանի ներկայ գործունէութեանց […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանը

Երեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2014ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս ժամանած է: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր եկեղեցին եւ Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ. ծանօթ է, որ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Ինչպէս հայկական որեւէ օճախի, նոյնպէս ալ մեր Թեմին մէջ, գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցիներու անուանակոչութեան օրերը տօնախմբուին փառաշուք կերպով եւ մատաղի օրհնութեամբ, ինչ որ յատուկ առիթ կը ստեղծէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հաղորդուելու մեր տոհմիկ աւանդութեանց հետ ու վերանորոգելու հաւատքի ուխտը: Խաչվերացի տօնին առիթով, որ է նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնը, […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընի Մէջ Մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Պաշտպանութեան Միջազգային Համագումարին – Առաջնորդ Սրբազանը Մաս Կազմեց Վեհափառ Հայրապետի Շքախումբին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2014ին Ուաշինկթըն հասաւ, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու՝ Մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ հոգեւոր պետերու գերաստիճանին, որ բացուեցաւ Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբերին եւ վերջ գտաւ Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերին։ Վեհափառ Հայրապետը երկու առիթներով պաշտօնական խօսք արտասանեց. առաջինը՝ քրիստոնէական միութեան, եւ երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ապագային մասին: […]

Շաբաթական Լուրեր – 12 Սեպտեմբեր 2014

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Կիրակի, Սեպտեմբեր 14-ը տօնն է Վերացման Ս. Խաչի, միաժամանակ անուանակոչութեան տօնը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ – Հոգեհանգիստ Իրաքահայ Հոգեւորականներու եւ Բարերարներու Յիշատակին

Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2014ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց ու յաւարտ Ս. Պատարագի նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ իրաքահայ վախճանեալ հոգեւորականներու եւ հանգուցեալ բարերարներու հոգիներուն համար, ապա՝ հովանաւորեց Դաստիարակչական Յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը, նուիրուած Իրաքի հայկական եկեղեցիներու պատմութեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. […]

Առաջնորդ Սրբզանաը Կատարեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Նորակերտ Շրջափակին Բացումը եւ Նոր Խաչքարին Օրհնութիւնը

Ուրբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2014ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ֆրեզնօ ժամանեց, ուր նախագահեց Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ նորակերտ շրջափակին բացման արարողութեան ու կատարեց հոն կանգնած նոր խաչքարին օրհնութիւնը։ Այս նոր բաժինը ձօնուած է եկեղեցւոյ շէնքի 100ամեակին, զոր Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը այս տարի կը տօնախմբէ յատուկ կարեւորութեամբ ու […]

Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի 50-Ամեակի Տօնախմբութիւն

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առաջին ամենօրեայ հայկական վարժարանին՝ Ազգ. Ս. Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանին 50րդ տարեդարձին փառաշուք հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2014ի երեկոյեան, Հոլիվուտի “Տոլպի” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 5 Սեպտեմբեր 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԵՐԱՍՏԻՃԱՆԻՆ – ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՇՔԱԽՈՒՄԲԻՆ Շաբաթ, 6 Սեպտեմբերին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթըն պիտի ժամանէ, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու պատմական գերաստիճանի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մայրաքաղաքին մէջ, իբրեւ ընդհանուր խորագիր ունենալով “Պաշտպանել […]

Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան Նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան նշանակուած է Նորթ Հոլովուտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Տ. Նարեկ Աւ. Քահանայ Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ ունի շուրջ երկու տասնամեակներու ծառայութիւն. եղած է Փասատինայի Ս. Սարգիս, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ, իսկ աւելի քան […]

Շաբաթական Լուրեր – 29 Օգոստոս 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 31 Օգոստոս 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանը նոյն օրը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հետ, ծխական շրջանի ապագայի ծրագիրներուն մասին խորհրդակցելու համար: […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ողջունեց Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Որոշումը

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, 27 Օգոստոս 2014ի իր նիստին, հետեւելով Նահանգային Խորհրդարանի 8 Մայիսի որոշումի օրինակին, վաւերացուց AJR-32 բանաձեւը, որ ճանաչում կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը նաեւ որոշեց այս բանաձեւը յղել Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին եւ հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի իրենց կարգին նպաստեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ […]

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կեդրոնը

Տարիներու սովորութեան համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը հրաւիրած էր Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի եկեղեցական դասը Եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ միասին աղօթքի պահ ունենայ եւ ներկայ հաւատացեալները լսեն Սրբազան Հօր պատգամը: Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Եղբայրակցութեան հրաւէրին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Եղբայրակցութեան կեդրոնը, իր հայրական պատգամը փոխանցելու հաւատացեալներուն: Առաջնորդ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022