2016 Լուրերու Արխիւ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Ծառայութեան Տարուան» Պատգամը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ: Կ’աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր Մեծ Ընտանիքին՝ […]

Երկու Միաբաններ Կը Միանան Արեւմտեան Մեր Թեմի Հոգեւոր Ծառայութեան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը ուրախ են յայտարարելու, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը առաքած է ծառայելու մեր Թեմին մէջ: Երկու […]

Շաբաթական Լուրեր – 15 Յունուար 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ – «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2016ը Ս. Յովհաննու Մկրտիչի ծննդեան տօնն էր։ Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է մեր Թեմի Հոլիվուտի եւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցիներուն։ Այս առիթով, Կիրակի, 17 Յունուարին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր […]

Նորթ Հոլիվուտի Ծխական Համայնքի Հիմնադրութեան 7րդ Տարեդարձ եւ Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 7րդ տարեդարձին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 10 Յունուար 2016ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի՝ կատարեց մատաղօրհնէք Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ սարկաւագները: Ներկայ էին ստուար թիւով […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքի Երեկոն Լիակատար Նոր Նուաճում Մը Եղաւ Առաջնորդարանի Տարեգրութեանց Մէջ

Տասնամեակներու բարի աւանդութիւն է, որ մեր Թեմի ծխական շրջաններու եւ հայկական միաւորներու ներկայացուցիչները Ս. Ծնունդը տօնակատարեն հաւաքաբար, նոյն յարկին տակ համախմբուելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքին առիթով, բարեմաղթութիւններ փոխանակելու եւ վերանորոգ ուխտով սկսելու նոր տարուան երթը: Տօնական ճաշկերոյթին ներկայ կ’ըլլան նաեւ դիւանանագիտական ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ոսկեհոս Ջրվէժ» Հատորը

Ազգային Առաջնորդարանը Դեկտեմբեր 2015-ին հրատարակեց բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը՝ «Ոսկեհոս Ջրվէժ», որ հաւաքածոյ մըն է հոգեւոր խորհրդածութիւններու եւ չափածոյ ու արձակ ստեղծագործութիւններու։ Հատորին ներածականը գրած է Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ դրուատիքով եւ օրհնութեամբ կ’անդրադառնայ բանաստեղծին վաստակին. ան կը նշէ, որ «կեանքի փորձառութիւններով հարստացած եւ սպիտակահեր, սակայն […]

Ճրագալոյցն ու Ս. Ծննդեան Տօնը Մեր Թեմին Մէջ

Հայաշխարհին հետ, Արեւմտեան մեր Թեմը եւս Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը նշեց եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններով ու հանդիսաւոր տօնակատարութիւններով, որոնք տարածուեցան երեք օրերու վրայ։ Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016ի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցին, Ս. Պատարագ տեղի ունեցաւ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ […]

Շաբաթական Լուրեր – 8 Յունուար 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2016-Ը ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական յատուկ պատգամով մը 2016ը հռչակած է «Ծառայութեան Տարի»։ Ամբողջ տարուան ընթացքին Հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով Նորին Սրբութեան կոչին վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն […]

Ս. Ծննդեան Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Ջրօրհնէք Կատարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ

Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցը, ուր Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, տնօրհնէքի յատուկ արարողութիւն եւ ջրօհնէք տեղի ունեցաւ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ։ Այս արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ ամէն տարեմուտի, հիւանդանոցի անձնակազմն ու հիւանդները […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Կատարեց Յիշատակի Պարէզին Օրհնութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան 2016 տարուան առաջին Կիրակին, 3 Յունուարը բոլորեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական համայքին հետ, հանդիսապետեց Ս. Պատարագին եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց իր տարեմուտի պատգամը, իսկ արարողութեան աւարտին, կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած նոր պարտէզին, որուն բարերարն է Տիար Կարպիս Արսլանեան, ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Մարիամի: […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022