2016 Լուրերու Արխիւ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ջրօրհնէքի Արարողութիւն Արարատ Տան Մէջ

Տօնական օրերու մթնոլորտին տարեց սերունդի անդամները հաղորդակից դարձնելու նպատակով, ու պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016ին, այցելեցին Արարատ Տան Միշըն Հիլզի հաստատութիւնը, ուր հիւրընկալուեցան հաստատութեան պատասխանատուներուն ու տարեց բնակիչներուն կողմէ: Հոգեւոր հայրերը առաջին հերթին այցելեցին հիւանդանոցի բաժինը, ուր Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ […]

Շաբաթական Լուրեր – 30 Դեկտեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 1 Յունուար 2017ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը` Նոր Տարուան օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հաւատացեալ ժողովուրդին։ *** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ […]

Ս. Ստեփանոսի Տօնը Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ստեփանոս Նախավկայի տօնը անմոռաց պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ: Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրհնեց ներկայ սարկաւագները, ուրարակիրները եւ Ս. Սեղանին նուիրեալ ծառայողները: Ս. եւ անմահ Պատարագը […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2017

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշալի աւետիսը դարձեալ մեր սիրտերը կը ջերմացնէ ու հոգիները ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ կը պարուրէ։ Փա՜ռք Ամենակալին, իր Միածին Որդւոյն աննկարագրելի, անսահման, անբաղդատելի, գերազանց եւ յաւերժական պարգեւին եւ թանկագին Նոր Տարուան մը համար։ Տարուան ընթացքին, չկայ աւելի գեղեցիկ ժամանակ՝ քան Ս. Ծննդեան […]

Շաբաթական Լուրեր – 23 Դեկտեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2016ը Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսին տօնն է։ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։ Այս առիթով, Կիրակի, 25 […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Տօնական Մթնոլորտով Ծաղկեցուցին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկը

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական օրերու նախօրեակին, ուրախութեան մթնոլորտը արդէն իսկ համակած է ամէնուր, իսկ Ազգի Տան՝ Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ այս մթնոլորտը աւելի եւս կը քաղցրանայ՝ Ազգային Վարժարաններու աշակերտներուն այցելութեանց շնորհիւ: Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ա. կարգի «թռչնիկներ»ը Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2016ի առաւօտուն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու բոյրով […]

Շաբաթական Լուրեր – 16 Դեկտեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս.buy avanafil online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/avanafil.html no prescription ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՎԱՀՐԻՃ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Ազգ. […]

Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան Բարերար Ամոլը Գլխաւոր Հովանաւոր՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլը սիրայօժար կերպով յանձն առած է ըլլալ Առաջնորդ Սրբազանին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին գլխաւոր հովանաւորը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն տասնամեակներէ ի վեր ի […]

Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտները Ս. Ծննդեան Տօնի Մթնոլորտով Ջերմացուցին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկը

Թէեւ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016ի առաւօտը ամպոտ էր եւ քիչ մը ցուրտ, սակայն Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօներու պայծառութեամբ ու ջերմութեամբ համակեցին Ազգային Առաջնորդարանի յարկը, իրենց երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով փարատելով դուրսի աշխարհի ներգործութիւնը: Տարիներու աւանդութիւն է, որ Ազգային Վարժարաններու աշակերտներ, տօնական այս օրերուն, Ազգային Առաջնորդարան այցելեն եւ գեղարուեստական արտայայտութիւններով շնորհաւորանք […]

Առաջնորդ Սրբազանը SARF-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկեց Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Նոր Ծրագիրները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի (SARF) վարչութեան ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քենտիրճեանի եւ գանձապահ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, եւ անոնց հետ խորհրդակցեցաւ Մարմինի աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Տիար Րաֆֆի Քենտիրճեան զեկուցեց Հայաստան, Արցախ եւ Լիբանան իր այցելութեանց […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցութիւն կը Յայտնեց Գահիրէի Ղըպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Ոճրային Արարքին Առիթով

Ի լուր ղըպտիներու Գահիրէի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ դէմ Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016ին կատարուած ռմբային ոճիրին, որ խլեց աւելի քան 25 զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց համայնքին Լոս Անճելըսի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրապիոն Եպիսկոպոսին. Խորապէս կը ցաւակիցնք Ձերդ Սրբազնութեան եւ Ղըպտի համայնքի աշխարհատարած զաւակներուն՝ Գահիրէի […]

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Նախագիծի Ներկայացում

Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2016-ին, Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի Վարչութիւնն ու Գործադիր Մարմինը Կլենտէյլի «Brandview Ballroom»ին մէջ կազմակերպած էին ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ թանգարանի ծրագիրին նախագիծը։ Ներկայ էին համայնքի հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարներ, պետական անձնաւորութիւններ, բարերարներ եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ վարչութեան չորս համա-ատենապետներուն՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան […]

CASPS-ի Աշակերտական Նկարչական Մրցումի Մրցանակաբաշխումը

Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հանրային Վարժարաններու Հայ Ուսանողներու Յանձնախումբը՝ CASPS, ամէն տարի կը կազմակերպէ աշակերտական նկարչական մրցում մը, գնահատելու համար պատանիներուն նկարչական ձիրքերը: Մրցումին կը մասնակցին Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի շրջաններէն աշակերտներ, 14էն 18 տարեկան: Դատական կազմը բաղկացած է արհեստավարժ արուեստագէտներէ: Այս տարի, աշակերտներուն թելադրուած էր ներկայացնել մանկութեան կարդացած կամ լսած հեքիաթէ մը կամ […]

«Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Հայաստանի Երկրաշարժի 28րդ Տարելիցին Առթիւ

7 Դեկտեմբեր 2016-ը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին 28րդ տարելիցն է, որուն ընթացքին զոհուեցան աւելի քան 25,000 հայորդիներ եւ աւերակ դարձան Սպիտակը, Կիւմրին, Վանաձորն ու յարակից շրջանները։ Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, Թեմիս Ազգ. Վարժարաններուն մէջ նշուեցաւ երկրաշարժի 28րդ տարելիցը, իսկ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Նորընտիր Վարչութեան Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիար Մանուէլ Մարսէլեանի: Հ.Մ.Ը.Մ.ական վարչականները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին փոխադարձ ծանօթացման եւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը հայցելու նպատակով: Հանդիպումին ներկայ եղան Թեմիս Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022