2017 Լուրերու Արխիւ

ՀՕՄ-ի Լա Քրեսենթայի «Թալին» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

ՀՕՄ-ի Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնին՝ Տիար Գէորգ Պետիկեանի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 18 Փետրուար 2017ին, վարժարանին աշակերտները, ընկերակցութեամբ ուսուցչական կազմին, օգնական կամաւորներուն ու ծնողներու, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ ատենապետուհի Լիզա Սանթիկեանի եւ անոր գործընկեր Ծաղիկ Քատեանի, այցելութիւն մը տուին Ազգային Առաջնորդարան եւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]

Շաբաթական Լուրեր – 17 Փետրուար 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 19 Փետրուար 2017ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ *** Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ Երեքշաբթի, 21 Փետրուարը Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնն է, որ միաժամանակ մեր […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2017ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք այս տարուան իրենց առաջին այցելութիւնը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Ներկայացուցիչները հրաւէր ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազանին, […]

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներու Տարեկան Հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, եւ պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017ի երեկոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, որուն մասնակցեցան հոգեւորականաց դասու անդամներ, իսկ եկեղեցական արարողութեան աւարտին, բակին մէջ տեղի ունեցաւ խարոյկի հրավառման արարողութիւնը: Ներկայ էին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըսի Կրթական Համակարգի Վարչութեան Թեկնածու Արազ Բարսեղեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2017ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Արազ Բարսեղեանի, որ իբրեւ թեկնածու կը ներկայանայ Լոս Անճելըսի Կրթական Համակարգի Վարչութեան ընտրութիւններուն, յառաջիկայ 7 Մարտին: Երիտասարդ թեկնածուն Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուց իր ծրագիրներն ու ցարդ մատուցած ծառայութիւններուն ամփոփ պատկերը: Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնները բաշխեց […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ

Հաւատքի նահատակ Ս. Սարգիսի տօնն ու Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը մեծ խանդավառութեամբ յիշատակելի շաբաթավերջ մը եղաւ Փասատինայի ծխական համայնքին համար։ Արդարեւ, Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017ին, տեղի ունեցաւ մատաղի աղօրհնէքը, որմէ ետք, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամները սկսան մատաղի պատրաստութեան։ Շաբաթ, 11 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նաւակատիք։ Իսկ Կիրակի, 12 Փետրուարին, […]

Ֆերահեան, Գապայեան եւ Փիլաւճեան Վարժարաններու Տարեկան Ձեռնարկ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Սան Ֆերնանտօ Հովիտին մէջ գործող Ազգային վարժարաններու երրեակին՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Փետրուարի երեկոյեան, Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ կից գտնուող «Աւետիսեան» սրահին մէջ. ձեռնարկը որդեգրած էր «մեր սիրտերը միասին կը բաբախեն» նշանաբանը: Երեկոն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածու Կարօ Թորոսեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Կարօ Թորոսեանի, որ թեկնածու է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան՝ յառաջիկայ 7 Մարտի ընտրութիւններուն: Տիար Կ. Թորոսեան Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու իր ծրագիրներուն եւ հայցելու անոր օրհնութիւնը: Երիտասարդ թեկնածուն ներկայիս կը վարէ […]

Շաբաթական Լուրեր – 10 Փետրուար 2017

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս տարի, Շաբաթ, 11 Փետրուարին պիտի նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ անոր որդւոյն՝ Մարտիրոսին եւ 14 զինակիցներուն տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 12 Փետրուար […]

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի: ՀՈՀի ներկայացուցիչները աւանդաբար Առաջնորդ Սրբազանին կ’այցելեն իւրաքանչիւր տարեսկիզբի օրերուն, շնորհաւորանք ու բարի մաղթանք փոխանցելու, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքին ու ծրագիրներուն […]

Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Տարեկան Ճաշկերոյթին

Ուրբաթ, 3 Փետրուարի երեկոյեան, ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Տաղլեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին, բացման աղօթքը կատարեց եւ իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց կազմակերպութեան նուիրեալ անդամներուն։ Ձեռնարկը սկսաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ թենոր Ռաֆֆի Քերպապեանի։ Բացման եւ ողջոյնի խօսքը արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի Ատենապետուհին՝ Տիկին Քրիսթին Յովնանեանը։ Հանդիսավարն […]

Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-րդ Կարգի Աշակերտները Կ’այցելեն Ազգ. Առաջնորդարան

Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, եւ հաւատարիմ մնալով Ազգային Առաջնորդարանի յարկը ուխտավայր նկատելու աւանդութեան, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017ի առաւօտուն այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ […]

Շաբաթական Լուրեր – 3 Փետրուար 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 5 Փետրուար 2017ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ *** ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԱՌԻԹՈՎ ԽԱՉԱՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ Այս տարի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 5 Փետրուարին։ Մեծ […]

Քաջալերենք «The Promise» Ֆիլմը

Այսու կը հաղորդենք մեր ժողովուրդին, որ յառաջիկայ 21 Ապրիլ 2017ին, Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ խորքային պատկեր ունեցող «The Promise» ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուիլ Ա.Մ. Նահանգներու տարբեր շրջաններու, ներառեալ Լոս Անճելըսի պատկերասրահներուն մէջ: Հայ եւ ոչ-հայ ձեռքերու միացումով պատրաստուած ֆիլմը իրականացած է հանգուցեալ ազգային բարերար Քըրք Գրգորեանի հիմնած՝ ժապաւէններու արտադրութեան «Survival Pictures» հիմնարկին կողմէ, գլխաւորաբար Տոքթ. Էրիք […]

«Վերանորոգումի Տարուան» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթավերջին Լոս Անճելըս վերադարձաւ Անթիլիասէն, ուր մասնակցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Խառն Ժողովներու նիստերուն, եւ ուրկէ բխած որոշումները Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքէն հրապարակուած էին նիստերու աւարտին: Կիրակի, 29 Յունուար 2017ին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ առաջին […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022