2017 Լուրերու Արխիւ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Արարատ Տան Մէջ

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ամանորի եւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած արարողութիւններ տեղի ունեցան Արարատ Տան Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով հիւրաբար քաղաքս գտնուող Բարձր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. […]

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ Տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանի եւ համալսարանի զարգացման բաժանմունքի փոխ նախագահ Փօլ Եղիայեանի այցելութիւնը։ Տոքթ. Տէր Կիւրեղեան ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ համալսարանի դասընթացքներուն եւ Հայաստանէն թէ արտասահմանէն եկող ուսանողներու տրամադրած ծառայութիւններուն մասին, նշելով, որ համալսարանը ունի մասնագիտական […]

Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան 20-ամեակի Տօնակատարութիւն

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր տօնական օրերու յատուկ ձեռնարկ մը, որ նաեւ Եղբայրակցութեան այս ափերու գործունէութեան 20-ամեակը կը նշէր։ Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին՝ ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ […]

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ եւ առաջին մարտիրոսին տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Սուրբին կեանքէն ներշնչուած պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, օրհնելով եկեղեցւոյ ծառայող սարկաւագները, դպրաց դասի անդամներն ու Ս. Խորանին ծառայողները, նկատի ունենալով, որ այս տօնը նուիրուած է բոլոր […]

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Սարկաւագաց Համագումար՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Կրօնական ժողովին, Ս. Ստեփանոս նախավկայ եւ նախասարկաւագի տօնին առիթով, Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագաց միօրեայ համագումար մը։ Հաւաքը սկիզբ առաւ ժամերգութեամբ, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ աւելի քան 45 սարկաւագներու։ […]

Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան Համերգին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդրանիկ համերգին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ հոգաբարձութեան ու խմբավարութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետին՝ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանին։ Համերգը ունէր բացառաբար Ս. Ծննդեան յայտագիր։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար […]

Ս. Ծննդեան Ժամանակացոյց

Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ուրբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը, իսկ Շաբաթ, 6 Յունուարին՝ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի […]

Նոր Տարուան Աղօթք Մեր Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Երկուշաբթի, 1 Յունուար 2018-ին, Նոր Տարուան առաջին օրը, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն առիթ պիտի ընծայէ աղօթքով անցընելու Նոր Տարուան առաւօտեան առաջին ժամերը եւ քաջառողջութեան ու ցնծութեան բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները փոխանցելու իրարու: Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Արարողութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ Նոր […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Վերահրատարակեց «Ծիսարան Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ» Հատորը

Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ազգային Առաջնորդարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Ծիսարան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ» հատորը։ «Ծիսարան»ը վերահրատարակութիւն մըն է այն հատորին, որ մեր Թեմի հոգեւորականներու գործածութեան համար լոյս տեսած էր 1997-ին։ Բովանդակութիւնը գրաբարով, աշխարհաբարով ու անգլերէնի թարգմանութեամբ է, որպէսզի գործածողը լաւագոյնս օգտուի անկէ։ Յառաջաբանին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2018

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԱՍՏՂԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ 2018 նոր տարուան հետ, ահաւասիկ դարձեալ նոր արշալոյս մը կը ծագի աշխարհիս ու հայութեան երկնակամարին վրայ, ու մենք, իբրեւ զաւակներն ու հաւատարիմ ուխտապահները առաքելահաստատ մեր եկեղեցւոյ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը անգամ մը եւս կը դիմաւորենք ցնծութեամբ ու բերկրանքով՝ իբրեւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», […]

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօնի Նախօրեակին – Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Ջերմութիւն Բերին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, ու համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. […]

Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան Գլխաւոր Հովանաւոր Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան իշխանական նուիրատուութեամբ մը յանձն առած է հովանաւորել Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ: […]

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Օրէնճ Քաունթիի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, Օրէնճ Քաունթիի Saint Columban եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւն մը, ի ներկայութեան Միացեալ Նահանագներու մէջ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ Արք. Փիեռի: Ձեռնադրութեան արժանացաւ Թամըս Թէն Թայ Ուէն: Ձեռնադրութեան արարողութիւնը կատարեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Օրէնճ շրջանի Առաջնորդ Քեւըն Եպս. Վան, առընթերակայութեամբ Ֆէլիփէ Եպս.buy furosemide online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/furosemide.html no prescription Տէ Յէսուս […]

ՍԱՐՖ-ի Կազմակերպած Հանրահաւաքին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հանրութեան Ծանօթութիւններ Տուաւ Սուրիահայութեան Վերականգնումի Աշխատանքին Մասին

Հովանաւորութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին – ՍԱՐՖ-, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Իրանահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրաւաք, ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի։ Հիւր Առաջնորդը ներկայացուց Սուրիոյ մայր գաղութի վերականգնումի եւ վերակառուցման ծրագիրները։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]

Եղբայրական Հանդիպում Սուրիահայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն Ի Խնդիր

Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի, եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին մէջ՝ Պըրպէնք։ Հանդիպման ընթացքին Շահան […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022