2018 Լուրերու Արխիւ

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք «Արարատ» Տան Մէջ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եւ համաձայն «Արարատ» Տան բնակիչներուն հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելու Ազգային Առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի ու Թեմիս հոգեւոր դասուն, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ «Արարատ» […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Ընթրիքը

Ինչպէս հաղորդած էինք, Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան» աւանդական ընթրիքը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, նախաձեռնութեամբ Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Այս տարուան ընթրիքի գլխաւոր […]

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ժամանակացոյց

Երեքշաբթի, 1 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան առաջին օրը, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Առաւօտեան ժամերգութիւն, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն առիթ պիտի ընծայէ աղօթքով ու խոկումի պահով մը դիմաւորելու 2019 տարին։ Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութիւնը. Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տարեվերջի Ս. Պատարագին

Կիրակի, 30 Դեկտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեվերջի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնի Նշում

Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին սարկաւագի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էր Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր […]

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան Համերգը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած հոգեւոր համերգ մը։ Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն […]

Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Կլենտէյլի Ոստիկանապետի Այցելութիւնը

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսի, որուն կ’ընկերանար իր օգնականներէն՝ հանրային տեղեկատուութեան բաժանմունիք վարիչ Տէն Սաթըլզ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթնաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Տօնական օրերու փոխադարձ բարեմաղթութիւններէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարնի Աշակերտները Ս. Ծննդեան Տօնածառին Հեքիաթը Ներկայացուցին Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, եւ պահպանելով աւանդութիւնը, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի առաջին կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին ներկայ էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Մօտաւորապէս 80 աշակերտներ, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին […]

Պաղտասարեան Ընտանիքը Գլխաւոր Հովանաւոր Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տիկին Հիլտա Պաղտասարեան եւ իր զաւակները Տէր եւ Տիկին Գեւիկ եւ Փաուլա եւ Տէր եւ Տիկին Փիթըր եւ Ռուպի սիրայօժար կերպով յանձն առած են «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան» աւանդական ընթրիքի […]

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Արարատ Տան Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւոր դասուն, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի Արարատ Տան Միշըն Հիլզ համալիրին մէջ։ Այցելութիւնը պիտի սկսի ժամը 10-ին. առաջին հերթին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ պիտի կատարուի տնօրհնէքի եւ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին – Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի եւ Առաջին Մարտիրոսի Տօնի Նշում

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2018ը Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսին տօնն է։ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։ Այս առիթով, Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Հիւրաբար պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։ Եկեղեցւոյ հասցէն է 13050 Vanowen Street։ Ս. Պատարագը կը սկսի կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին։

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Արեւելեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Նիւ Եորք, հանդիպում մը ունեցաւ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Բարձր.buy cialis daily online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis-daily.html no prescription Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ անձնակազմի անդամներու հետ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար մեր Թեմի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Ֆիլիփ եւ Ֆլորընս Փառնակեան ամոլը։ Առաջնորդ […]

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Մեկնարկի Պաշտօնական Ճաշկերոյթը

Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին գործնական մեկնարկը նշող պաշտօնական ճաշկերոյթ-ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Տոլպի» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, պետական պաշտօնատարներու, գաղութի ներկայացուցչական դէմքերու եւ բարերարներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ Արժ. Տ. […]

60-Ամեակի եւ 45-Ամեակի Նուիրուած Հանդիսաւոր Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմի 60-ամեակն ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակը առիթ են անդրադառնալու կերտուած ծառայական վաստակին, սակայն նաեւ մեկնակէտ պիտի ծառայեն վերանորոգելու ծառայական ուխտը ու նոր թափով շարունակելու երթը, հաստատեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, զոյգ յոբելեաններուն առիթով […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022