2019 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Տարեվերջի Ս. Պատարագին

Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիտուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ տարեվերջի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնի Նշում Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս

Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիներէն ներս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն այս տարի կը զուգադիպի 24 Դեկտեմբերին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս.buy Glucophage generic https://bloinfobuy.com over the counter Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագ մատուցանեց հոգեաւոր […]

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Երրորդ Տարեկան Ս. Ծննդեան Հոգեւոր Համերգը

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երրորդ տարեկան հոգեւոր համերգը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ հոգաբարձութեան։ Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։ Ներկայ էին […]

Ազգային Թաղում՝ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Խաժակ Սարգիսեանի

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Թեմի նուիրեալ, Ազգային Վարչութեան նախկին Կազմի անդամ եւ վաստակաշատ ազգային գործիչ Խաժակ Սարգիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ին Նափայի մէջ, (ՔալիՖորնիա)։ ‎ Խաժակ Սարգիսեան շուրջ վեց տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայական հարուստ վաստակ ունի իբրեւ ազգային գործիչ, […]

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին՝ Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2019ը տօնն է Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին, որ նաեւ տօնն է սարկաւագներու եւ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։ Թեմիս եկեղեցիներէն ներս, Ս. Ստեփանոսի տօնը պիտի նշուի Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի […]

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Տօնական Երեկոյ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սեմին, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ տօնական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Աստուածաշունչի սերտողութեամբ։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Ամանորի ու Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Լիբանանի Նորանշանակ Գլխաւոր Հիւպատոսին

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Պէշիր Սարգիսին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ Տիար Թորոս Քէչէճեան, որ Ազգային Վարչութեան նախկին անդամ է եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ու Լիբանանի հիւպատոսարանի միջեւ գլխաւոր կապը։ Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհաւորեց […]

Դպիրներու Ձեռնադրութիւն եւ Ուրարի Տուչութիւն Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ – Բացում «Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեան» Խաղավայրի

Շաբաթ 14, եւ Կիրակի 15 Դեկտեմբեր 2019-ի շաբաթավերջը կրկնակի տօնախմբութեան օրեր էին Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար։ Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնին աոիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն կատարեց եւ իր պատգամը ուղղեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Սեմին Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանը անգամ մը եւս ողողուեցաւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ՝ ի տես Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի առաջին կարգի աշակերտներու այցելութեան։ Երկու խումբի բաժնուած 110 աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, Հայերէնի դասաւանդ ուսուցչուհիներուն, խումբ մը ծնողներու եւ մեծ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Շնորհաւորեց Կ. Պոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքը

Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալ ընտրուեցաւ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Թեմիս հոգեւոր դասուն, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր Պատրիարքին, մաղթելով բեղուն գործունէութեամբ լի առաքելութիւն։ «Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի […]

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը Կ’ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Որդեգրումը Ա.Մ.Ն. Ծերակոյտին Կողմէ

Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2019-ն պատմական օր եղաւ հայ ժողովուրդին համար. Ա.Մ. Նահանգներու Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով եւ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը։ Հոկտեմբեր ամսուն, Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրած էր նոյնատիպ բանաձեւ մը, որ պաշտօնապէս կը մերժէր Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Քաղդէացիներու, Արամէացիներու, Մարոնիներու եւ այլ Քրիստոնեաններու դէմ թուրք պետութեան իրագործած եւ ապա ժխտած […]

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Համերգներ-Տօնախմբութիւններ՝ Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս

Քանի մը շաբաթէն պիտի դիմաւորենք 2020 Նոր Տարին եւ պիտի տօնախմբենք մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, մինչ տօնական օրերու խայտանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցուին Ազգային Առաջնորդարանն ու յարակից ծուխերը։ Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի պիտի ունենայ տօնական երեկոյ մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Դպրաց Ձեռնադրութիւն Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ։ Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Գուճաքեան» սրահին […]

Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամի Ներկայացուցիչներու Այցը Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 12 Դեկտեբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Դեսպանատան պաշտպանութեան կցորդ՝ Գնդապետ Արման Մկրտչեանի եւ Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամի Տնօրէն Խորհուրդի անդամ Տիար Ռազմիկ Արզումանեանի։ Մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը մեր հայրենիքը պաշտպանող քաջարի զինուորներուն առաջին բուժօգնութեան փաթեթներ ու ֆիզիքական եւ հոգեկան վերականգնումի նպաստներ կը տրամադրէ, […]

Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի։ Դոկտ. Բայբուրդեան ներկայացուց Հիւպատոսարանի գործունէութեան ծրագիրները եւ անոր ընդարձակման ընթացքը։ Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ համայնքը յուզող հարցերու շուրջ։ Առաջնորդ Սրբազանն ու գլխաւոր հիւպատոսը ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ նոյն օրը որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022