2019 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը Այս Տարի Եւս Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

– ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՅԱԿՈԲ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ, ՅԱԿՈԲ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ԳԸՐԳ ԳԱՊԱԳԼԵԱՆԻ, – ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ ՏԻԿԻՆ ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ-ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ – ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԻՏԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐէ 2020-Ի ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆ Մեր Թեմին մէջ, աւելի քան 25 տարուան աւանդութիւն դարձած Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Յունուար 2019ի երեկոյեան, […]

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ջրօրհնէք Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ

Համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ի կէսօրին այցելեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցը եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով աղօթքի պահ մը ունեցաւ անոր յարկին տակ, հիւանդանոցի պատասխանատուներուն ներկայութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Կոմիտաս […]

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Էնսինոյի Ս. Նահատակած Եկեղեցւոյ Մէջ

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը Կիրակի, 6 Յունուարին, հանդիսաւոր Ս. Պատարագով ու ջրօրհնէքի արարողութեամբ նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, տօնին խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն ու կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող՝ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր […]

Ճրագալոյցը Մեր Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի նախօրեակին, Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ուղղեց օրուան յատուկ իր պատգամը։ Արարողութեան մասնակից եղան մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն […]

Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Ս. Ծննդեան Աւետիսը Բերին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին

Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Ազգային Առաջնորդարանի յարկը ժամադրավայր դարձաւ գեղեցիկ նախաձեռնութեան մը, որ աննախընթաց էր եւ՝ օրինակելի։ Արդարեւ, Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, առաջնորդութեամբ տեսչուհիին՝ Տիկին Թալին Նագգաշեանի եւ ընկերակցութեամբ ծնողներու, Ազգային Առաջնորդարան եկան եւ մթնոլորտը պայծառացուցին Ս. Ծննդեան շարականներով ու երգերով, տօնին աւետիսը բերելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Նախագահի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեանի։ Յարգելի հիւրը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու ամանորի եւ Ս.buy eriacta online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/eriacta.html no prescription Ծննդեան տօնին առիթով։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Հիմնադրամի […]

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուին Առաջնորդ Սրբազանին

Ամանորի առիթով, եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Հ.buy clomiphene online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/clomiphene.html no prescription Յ.Դ. Արեւմտեամ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ Տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ Տեարք Աւետիք Իզմիրլեան, Կարօ Իսբէնճեան եւ Գօգօ Թօփալեան Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ […]

Ս. Ծննդեան Ժամանակացոյց

Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը, իսկ Կիրակի, 6 Յունուարին՝ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի […]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2019 Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԼՈ´ՅՍԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ Բեթղեհէմի մէջ աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին ինքզինք ներկայացուց որպէս լո´յսը աշխարհին.- «Ես որպէս լո´յս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ 12.46)։ Աստուած ո´չ միայն ստեղծիչն է լոյսին, այլ լո´յս է իր էութեամբ ու յայտնութեամբ։ Արդ, լոյսի ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է. լոյսի բացակայութիւնը՝ Աստուծոյ բացակայութիւնը։ Այս խոր գիտակցութենէն […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր 2019 Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ Է «Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը յայտնուեցաւ այսօր… Ուրախացէ՛ք, երկինքնե՛ր, թող ցնծան աշխարհի հիմերը, որովհետեւ յաւիտենական Աստուածը երկրի վրայ յայտնուեցաւ եւ մարդոց մէջ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ փրկէ։» Գոհութիւն եւ փառք ամենակալ Աստուծոյ, բոլորիս նոր տարի մը եւս պարգեւելուն համար, որ նոր յոյսով, նոր երազներով եւ նոր տեսլականով, նոր սկիզբ մը […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022