«Նահատակուած Ազգ Ենք, Բայց Վերածաղկած Ժողովուրդ» Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ին, Հայոց Եկեղեցին տօնեց Ամենայն Սրբոց տօնը, որ անուանակոչութեան տօնն է Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ին, Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 57-րդ տարեդարձին նուիրուած Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց։ Ս․ Պատարագը մատոյց Արժ․ […]

Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը Իր Անդրանիկ Նիստը Գումարեց

Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2020-ին, նախագահութեամբ նորընտիր Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեանին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Ազգային Վարչութեան անդրանիկ նիստը։ Ներկայ էին նաեւ նախկին Առաջնորդ՝ Բարձր․ Տ․ Մուշեղ Ս․ Արք․ Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան նախկին կազմի դիւանի անդամները։ Ժողովը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը իր բարի գալստեան խօսքը փոխանցեց։ […]

Կլոր Սեղանի Շուրջ Արցախի Պատերազմի Գծով Քննարկում Դեսպան Ռոպերթ Օպրայընի Հետ

Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Մարմնի Ատենապետ Քէթրին Պարկըրի, Փասատինայի «Sunset Garden Arboretum»էն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի շուրջ քննարկում Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան խորհրդական՝ դեսպան Ռոպերթ Օպրայընի հետ։ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս քննարկման եւ իր խօսքը փոխանցեց։ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցնէր Արժ․ […]

Խաղաղական Ժամերգութիւն Արցախի Եւ Հայաստանի Համար

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2020-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար Առ Աստուած յատուկ աղօթք բարձրացնելու նպատակով Թեմէս ներս գործող Լոս Անճելըսի հոգեւորականները եւ սարկաւագներ հրաւիրեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր երեկոյեան ժամը 7-ին միասին կանգնեցան Աստուծոյ առջեւ եւ միաբերան աղօթեցին՝ ի խնդիր Հայկական Բարձրաւանդակի եւ հայրենի ժողովուրդի […]

Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Կրօնական Ժողովը Իր Անդրանիկ Նիստը Գումարեց

Կրօնական դաստիարակութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն օղակ է։ Քրիստոնեայ ազգերը պատմութեան ընթացքին իրենք զիրենք արժեւորած եւ աճած են շնորհիւ քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան։ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն է աստուածաշնչական արժէքները, առաքելաւանդ սկզբունքները եւ Ս. Հայրերու աւանդութիւնը ամրապնդել մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին մէջ։ Նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ին, Արեւմտեան Թեմի նորընտիր […]

«Մեր Նահատակները Մեկնեցան, Որպէսզի Մենք Մնանք» Ըսաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հիւպատոսարանի առջեւ համախմբուած հայորդիներուն։ Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր Հիւպատոսարանին առջեւ զետեղուած մեր հերոս նահատակներու պատկերներուն դիմաց հայորդիք կու գային իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, խունկ ծխելու եւ իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ […]

Աղօթք Արցախին Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Մարմնի Կազմակերպութեամբ

Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ին, Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Մարմնի կազմակերպութեամբ, Լոս Անճելըս Գաւառի «Grand Park»ին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին։ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն ձեռնարկին, իր պատգամը յղեց եւ ապա աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազան […]

«Հսկում»ի Յատուկ Արարողութիւն Հայրենիքի Եւ Հայոց Բանակի Ապահովութեան Ու Անսասանութեան Համար

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ մասնակցութեամբ հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր թեմի հոգեւորական դասուն, Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2020-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հսկում»ի յատուկ արարողութիւն մը, Հայաստանի ու Արցախի անսասանութեան, Հայոց բանակի եւ Հայ ժողովուրդի ապահովութեան համար։ Մեր եկեղեցւոյ հոգեպարար շարականներու երգեցողութեամբ, աղօթքներով, եւ առաջնորդ […]

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 48-րդ Նստաշրջան – Արցախի Հարցով Պահանաջագիր Ա.Մ.Ն. Նախագահին – Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդ – Կրօնական Ժողովի Եւ Ազգ. Վարչութեան Նորընտիր Կազմեր

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, իր 48-րդ նիստը գումարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ «Քորոնա» ժահր համաճարակին պատճառով, ժողովը մէկ օրուան ժամանա-կամիջոցի մէջ խտացուած օրակարգով, ընթացաւ հեզասահ եւ կրցաւ սպառել բոլոր կէտերը։ ժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր նաեւ Թեմակալ […]

ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ

Ա) «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԻԼԸ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՍ Է»։ Բ) «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆՍ ՊԱՏՃԱՌՆ Է»։ Գ) «ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿԵՐՏԵԼԸ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆՍ ԿԻԶԱԿԷՏՆ Է»։ Դ) «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՆԱՏՈՒՐ ՆՊԱՏԱԿՍ Է»։ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ գումարուող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան […]

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 48-րդ Նստաշրջանին – Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Առաջնորդ Ընտրուեցաւ Ընտրուեցան Կրօնական Ժողովի Ու Ազգային Վարչութեան Նոր Կազմերը

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 48-րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի։ Պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով միօրեայ օրակարգով խտացուած նստաշրջանը քննարկեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան միամեայ աշխատանքներուն արդիւնքը, մշակեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները, […]

«Յաղթանակի Երթ»` Հայ Ժողովուրդի Հաւաքական Կամքի Խրոխտ Արտայայտութիւն Հանդիսացաւ

Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ «Յաղթանակի Երթ», որ սկիզբ առաւ Pan Pacific Park-էն եւ աւարտեցաւ թրքական հիւպատոսարանին դիմաց։ Քայլերթին մասնակցեցան աւելի քան 150,000 հայորդիներ, որոնք իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի մեր հերոս հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին դատապարտեն թուրք-ազերիական հայատեաց ու անմարդկային […]

Արցախի Համար Աղօթքները Պիտի Շարունակուին՝ Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն Ներս

Արդէն իսկ երկու շաբաթէ ի վեր Արցախի վրայ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած անմարդկային յարձակումները տակաւին կը շարունակուին, սակայն մեր բանակի քաջարի հերոսները բուռն հաւատքով եւ ամենայն խիզախութեամբ կը պաշտպանեն մեր պապենական սուրբ հողերը, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհելով։ Դժբախտաբար ունեցանք նահատակներ եւ անմեղ քաղաքացիներ զոհուեցան։ Ունեցանք ռազմական, պետական կառոյցներու ու մշակութային կեդրոններու կորուստներ։ Ռմբակոծուեցաւ Արծուեբոյն Շուշիի սիրտն […]

Յաղթանակի Երթ

Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սկիզբ առած յարձակման յաջորդող օրերուն, Սփիւռքի բոլոր հայերը միաւորուեցան եւ մէկ բռունցք դարձան՝ իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելու մեր հերոս հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին դատապարտեն թուրք-ազերիական հայատեաց ու ռազմատենչ յարձակումը։ Նշենք, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան, իսկ […]

Արցախի Զոհերուն Համար Հոգեհանգստեան եւ Խաղաղութեան Յատուկ Աղօթք՝ Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն Ներս

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք՝ Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման համար. իսկ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022