Վերջին Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգային Վ. Եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Ղազարեան եւ անդամ Արա Սուտճեան: Ազգ. Շամլեան վարժարանի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Սրբազան Հօր Առաջնորդական պաշտօնին ընտրութիւնը եւ այս առիթով […]

Սուրբ Խաչ Մայր Տաճարի Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 27 Յունուար 2021ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ տեսակցեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւոր հովիւ Արժ· Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Համօ Գասպարեան եւ անդամներ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայ Եկեղեցին ու հայութիւնը յուզող հարցեր, […]

2021 – Արցախի Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն 2021 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդները ու Ազգ. Իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ […]

Հովուական Անդրանիկ Այցելութիւն Ի Լաս Վեկաս – «Տէր Արցախը՝ Ի Պատիւ Հայ Արցախին», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Շաբաթ, 23 Յունուար 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան մեկնեցաւ Լաս Վեկաս, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ անդամներ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի, Ազգային վարչութեան անդամներ Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեանի (Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոս Ֆրեզնոյի […]

Հովուական Անդրանիկ Այցելութիւն Ի Լաս Վեկաս

Շաբաթ, 23 Յունուար 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան կը մեկնի Լաս Վեկաս: Նոյն օրը ան պիտի նախագահէ Լաս Վեկասի Հայց. Առաք. Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Կիրակնամուտի Ժամերգութեան (երեկ. Ժամը 5) եւ կատարէ քահանայական կոչման արարողութիւնը Բարշ. Սեւակ Սրկ. Պատոյեանի, ապա հանդիպում մը պիտի ունենայ շրջանի Ազգային երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմին […]

Տօն՝ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան – «Եկեղեցին Գեղեցիկ Տաճար Ու Շքեղ Կառոյց Է Ի՛Ր Իսկ Ժողովուրդին Ներկայութեամբ», Հաստատեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Կիրակի, 17 Յունուար 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան իր առաջնորդական առաջին այցելութիւնը տուաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, եւ «եղիցի կամք Քո» աստուածահաճոյ գոհունակութեամբ կատարեց Անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, փոխանցեց իր հոգեշունչ քարոզը, ապա շնորհաւորեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր, եկեղեցական, պատկան մարմիններու, միութիւններու, ազգային, կրթական […]

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում

Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Երկրդ. Վարժարանի Տնօրէնն Ու Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2021ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութեան մը՝ գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանի Ուսումնական մարմնի ատենապետ Վահէ Թաշճեանի, անդամ Մուրատ Շահինեանի եւ ՀՕՄի «Մարի Փոսթոյեան» մանկամսուրի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեանի: Այցելուները իրենց ջերմագին շնորհաւորութիւնները […]

Արամ Ա. Վեհափառի Գահակալութեան 25-Ամեակի Առթիւ Տէր Եւ Տիկին Կարօ Եւ Սօսէ Էշկիեաններ 25 Հազար Տոլար Նուիրեցին Կաթողիկոսարանին

Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2021ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներէն՝ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններ այցելեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ 25 հազար տոլար նուիրեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակի առիթով: Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Էշկիեան […]

Տիար Նազարէթ Գեւոնեան Եւ Դուստրը Թամար Տասը Հազար Տոլարով Կը Զօրացկցին Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային Ծրագիրներուն

Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2021ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Տիար Նազարէթ Գեւոնեանին եւ իր դստեր՝ Թամարին։ Հիւրերը Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն Ազգային Առաջնորդարանի մշակութային ծրագիրներուն` 10 հազար տոլար նուիրեցին:

Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2020-ին, Թեմիս Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, գործադիր տնօրէն տիար Զաւէն Խանճեան եւ Հայ Աւետարանական միութեան ատենապետ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան: Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան փոխադարձ բարեմաղթութիւններուն առընթեր, հիւրերը նաեւ շնորհաւորեցին […]

Տիկին Վալենթին Սարաֆեան 10 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս.buy cymbalta online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cymbalta.html no prescription Ծննդեան Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը ընդունեց Էնսինոյի ծխական մեծ ընտանիքին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները։ Այս առթիւ, Առաջնորդարանի բարերարուհիներէն Տիկին Վալենթին Սարաֆեան եւս ջերմագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, բարի երթ մաղթեց […]

Առաջնորդական Անդրանիկ Պատարագ – Սան Ֆերնանտօ Հովիտ

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021ին, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հրաշափառ տօնը նշուեցաւ հանդիսաւորապէս եւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութեամբ, որուն բազմահազար հաւատացեալներ հաղորդ դարձան ընկերային լրատուական միջոցներու համացանցային կայքէջերու վրայ ուղղակի սփռումով: Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. […]

Առաջնորդական Անդրանիկ Պատարագ Եւ Տօն՝ Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան

«ԼՈՅՍ ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ, ՏԷ՜Ր, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի սրբազան պահն է: Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2021, երեկոյեան ժամը 5, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Երկրի վրայ կը յայտնուի Աստուած Ի՛նք՝ Յիսուս Քրիստոս, բեթղեհեմեան մսուրի մէջ մարդացած Սուրբ Մանուկ: Լուսաւոր այս պահուն, Առաջնորդական Անդրանիկ Պատգամին ընդմէջէն երկնային լոյս իմաստութի՜ւն կ՛աղերսէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նորընտիր, […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԳԱՄ

«ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ» Այս օրհնեալ պահուն, երբ համախմբուած ենք աստուածային տուն Ս. Աստուածածին անուն փառաւոր եկեղեցւոյ մէջ ի Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, անսահման ուրախութիւնը կը պատէ իմ հոգին՝ որպէս նորընտիր Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի, որ ամիսներու սպասումէ ետք, շնորհիւ երկնային օրհնութեան ու միջամտութեան, ցնծութիւնը եւ պատիւը կ՛ունենամ այս անգամ որպէս Առաջնորդ բարձրանալու ժայռեղէն հաւատքի այս բեմին վրայ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022