Վերջին Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Վերջին Արեւագալի Արարողութեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ինչպէս առաջին, նոյնպէս ալ վերջին արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները: Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան շրջանի […]

Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պետական եւ քաղաքական գործիչ Արթուր Խաչատրեան եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Հ.Հ. պետական գործիչին եւ շնորհաւորեց զինք «Հ.Յ.Դ. Օրուան» 131-րդ ամեակին առիթով: Հ.buy cenforce online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/cenforce.html no prescription […]

Տօնական Մթնոլորտ Տիրեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «մուտն ի վիրապ» տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպեցաւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 12-րդ Կարգի Աշակերտներուն Հետ

Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աւարտական կարգի մօտաւորապէս 60 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակներու, այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց խանդավառ աշակերտները, ապա անոնց խօսեցաւ հայ մարդու ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան […]

Քաղաքագէտ Փօլ Գրիգորեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքաքէտ եւ Լոս Անճելըս քաղաքի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան: Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց համայնքի կեանքէն ներս քաղաքական գործիչ Փօլ Գրիգորեանի ունեցած եզակի դերակատարութիւնը՝ յատկապէս Հայ Դատի, […]

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Համալիրի Ընդարձակում – «Ազգային Առաջնորդարանը Յաղթական Նոր Արշալոյսի Ընդառաջ», Կը Հաստատէ Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի յետմիջօրէին, կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի: Հանդիպման մասնակիցներն էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, գանձապահ Դոկտ· Գալուստ Ակոբեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւ· Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, […]

Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 12-րդ Կարգի Աշակերտները Հանդիպում Ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի աւարտական կարգի մօտաւորապէս 70 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու, այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ բարի գալստեան խօսք մը ուղղեց աշակերտութեան եւ գնահատեց […]

Սարկաւագներ Կը Համախմբուին Ազգ. Առաջնորդարանի Մէջ

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի օրհնութեամբ, Շաբաթ, 26 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Լոս Անճելըսի մեր եկեղեցիներէն ներս գործող սարկաւագներ աղօթքի համար խմբուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ եւ այս առիթով ունեցան դաստիարակչական յատուկ պահ մը: Հանդիպման, որուն ներկայ եղան նաեւ Հոգեւոր հայրեր, արծարծուեցան հոգեւոր եւ դաստիարակչական հարցեր: Աւարտին, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, խօսք […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Սց. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Տօնին Առիթով

Կիրակի, 27 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա անուանակոչութեան առիթով խօսեցաւ՝ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն նահատակուած քառասուն զինուորներու մասին աւուր պատշաճի պատգամ եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւն: Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Գտնուեցաւ Էլփիտոֆորոս Արք.Ի Ի Պատիւ Ընդունելութեան

Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ներկայ գտնուեցաւ յունաց Երոմինոս Մեթրոփոլիթի կողմէ ի պատիւ Էլփիտոֆորոս Արք.ի կազմակերպուած ընդունելութեան, Փասատինայի յունական Սենթ Էնթընի եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւոր առաջնորդներ Ա.Մ.Ն. յունաց Արքեպիսկոպոսին հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցան, որուն ընթացքին Թորգոմ Եպս. իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց յոյն հոգեւորականին՝ Լոս Անճելըս ժամանման […]

Ծերակուտական Փորթանթինօ Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ի յետմիջօրէին, Գալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան եւ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց մեր համայնքի կեանքին մէջ ծերակուտական Փորթանթինոյի բերած նպաստն ու գործունէութիւնը, մասնաւորելով հիւրին հայամէտ կեցուածքը եւ ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ անոր ցուցաբերած հայանպաստ կեցուածքը: […]

Սողոմոնի Երգերը (Songs of Solomon) Ժապաւէնի Հովանաւորը Հանդիպեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ

Երեքշաբթի, 22 Մարտ, 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Տիկին Սիրվարդ Կաւուկչեանը, որ եկած էր ներկայացնելու «Սողոմոնի Երգերը» (Songs of Solomon) խորագրեալ ժապաւէնը եւ անձամբ հրաւիրելու Սրբազան Հայրը սոյն ժապաւէնի դիտումին 22 Ապրիլի 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին։ Հանդիպման նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւանապետ՝ Տիկ. Քնար Քորթոշեան։ […]

Գոյժ

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ· Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն՝ Կլենտէյլի Ս· Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարուհի Հիլտա Տէր Մինասեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 5 Մարտ 2022-ին։ Հանգուցեալը, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ զաւկին՝ Արթիւրի, ապա ամուսնոյն՝ Վազգէնի, իշխանական նուիրատուութեամբ մը ստանձնած էր Կլենտէյլի Ս· […]

Հանգիստ Տ. Բաբգէն Քհնյ. Մանուէլեանի

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ.buy antabuse online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/antabuse.html no prescription Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն` Արժ· Տ· Բաբգէն Քհնյ· Մանուէլեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 6 Մարտ 2022-ին, Մոնթեպելոյի մէջ։ Վախճանեալ Տէր Հօր վաստակը կ՛երկարի աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ։ Ծնած […]

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդները Ունեցան Խորհրդակցական Հանդիպումներ

Մարտ ամսուն առաջին օրերուն, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցան Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի երդիքին ներքեւ, իսկ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեան, նիստերուն միացաւ առցանց դրութեամբ: Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմակալ Առաջնորդներու միջեւ գործակցութիւնն […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022