Վերջին Լուրեր

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահոց Սիրոյ Սեղան – «Բարերար Են Նաեւ Անոնք, Որոնք Իրենց Հոգեմտաւոր Գանձարկղէն Կը Նուիրեն Ազգին Ու Հայրենիքին», Ըսաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Չորեքշաբթի, 9 Մարտ 2022-ի կէսօրին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի, Կլենտէյլի Legacy Banquet Hall-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց Սիրոյ Սեղան աւանդական ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեանի, Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի հարազատ, բարեկամ, բարերար հայուհիներու եւ հիւրերու: […]

Լոյս Տեսաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Կիլիկիա» Պաշտօնաթերթի Բ. Տարուան Ա. Թիւը

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, 8 Մարտ 2022-ին, գունագեղ եւ բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ Արեւմտեան Թեմի ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի նոր՝ այս տարեշրջանի (Բ. տարի) Ա. թիւը, նուիրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարուան»: Կողքի նկար՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայր Տաճար: Նորընծայ այս թիւը կը […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Մեծ Պահոց Առաջին Արեւագալի Արարողութեան

Կիրակի, 28 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին նշեց Բուն Բարեկենդանը, որուն յաջորդ օրը սկիզբ առաւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց միութեան, ՀՕՄ-ի […]

Սրբապատկերի Օծում Եւ ՀՕՄ-Ի Ննջեցելոց Հոգեհանգիստ Օրէնճ Քաունթիի Սց. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի արարողութեան: Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան սրբապատկերի օծումը կատարեց սրբալոյս միւռոնով, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը եւ նախկին հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. […]

Ազգ. Վարժարաններու Հայ Ուսուցչաց Խորհրդաժողով (4) – Ողջո՜Յն Հայերէնաւանդ Ուսուցիչին

Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, տնօրէնները, Ուսումնական խորհուրդները, դաստիարակները, կրթական մշակներն ու ուսուցիչները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի» եւ իր հռչակագրով կոչ ուղղեց Սփիւռքի համայն հայութեան՝ ինքնարժեւորման ճամբով վերակազմակերպուելու եւ ազգային իտէալները կենսունակութեամբ օժտելու, ի նպաստ հայութեան հզօրացման եւ Հայաստանի յաւերժացման: Ուրախութեամբ […]

Սրբոց Վարդանանց Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, եւ մասնակցութեամբ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի ու հաւատացեալ ժողովուրդին, ներկայ գտնուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, ուր այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան: […]

Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնը Ֆրեզնոյի Մէջ – Հանդիսաւոր Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Եւ Գաւազանի Տուչութիւն

Հոգեւորականաց Համագումար Եւ Յայտարարութիւն Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնին Առիթով

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով 21-էն 23 Փետրուար 2022-ին, համախմբուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս․ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ երդիքին ներքոյ եւ երկօրեայ համագումարի ընթացքին ապրեցաւ հաւատքի վերանորոգութեան բացառիկ ու նշանակալի օրեր: Հոգեւոր մթնոլորտով յագեցած այս համագումարին ուղենշային թեմա հանդիսացաւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ Արամ Ա․ Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի […]

«Սփիւռքի Տարի, Գալստեան Ֆոնտ»ը 200,000 Տոլարով Հաստատուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Մէջ

Չորեքշաբթի, 16 Փետրուար 2022-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Այտա եւ Սեդա Գալստեան քոյրերը եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ցուցմունքներով, երկու հարիւր հազար տոլարով ($200,000) հիմնեցին «Սփիւռքի Տարի, Գալստեան Հիմնադրամ»ը, յականջալուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Սփիւռքի Տարի» հռչակման եւ ի յիշատակ իրենց ծնողներուն՝ Գագիկի եւ Քնարիկի: Ի Տէր ննջած ծնողաց […]

Տեառնընդառաջի Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 13 Փետրուար 2022, երեկոյեան ժամը 5-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Հոգեւորական հայրերու եւ սարկաւագներու: Արարողութեան ներկայ էին բազմահարիւր հաւատացեալներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ: Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը իր արտասանած […]

Եպիսկոպոսական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Ս. Սարգիսի Տօնին Առիթով

Կիրակի, 13 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. Սարգիսի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Փասատինայի նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագաց ու դպրաց դասերը: «Յիսուս Քրիստոսը դարձնենք մեր կեանքին ապաւէնը, մեր ընտանիքներուն ժայռը, մեր ազգին […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները

Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու՝ իրենց հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար: Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի առաքելութիւնն ու կամաւորներու միջոցով […]

Տէր Եւ Տիկին Իսթամպոլեան 2 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրէ՝ Օրէնճ Քաունթիի Մէջ Ազգ. Միջնակարգ Վարժարան Հաստատելու Նպատակին

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ի յիտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեանները, որոնք հոգեկան անսահման ուրախութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմին եւ մասնաւորաբար Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանը միջնակարգի մակարդակի բարձրացնելու […]

Կարպիս Պեզճեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած «Սփիւռքի Տարուան» ծիրէն ներս, մնայուն կ՛աշխատի, յանուն մեր ժողովրդեան, առաւելագոյնս ձեռք երկարել լիբանանահայ տագնապահար գաղութին: Այսօր՝ Շաբաթ, 5 Փետրուար 2022, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նոյնատիպ երկրորդ նախաձեռնութիւն-առաջարկին ընդառաջեց՝ Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պեզճեան, որ ստանձնեց Լիբանանի Ազգ. վարժարաններ […]

Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան Հոգեւոր Տեսուչ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, համախորհուրդ Թեմի Խառն ժողովին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ նշանակեց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը, որ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին ժամանեց Լոս Անճելըս: Հայր Սուրբը, Հոգեւոր Տեսուչի իր կարեւոր պաշտօնին կողքին, նաեւ ծառայութիւններ պիտի […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022