Լուրերու Լուսարձակ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը

ԱՄԵՆԱԼՈ՜ՅՍ ՊԱՅԾԱՌ ԿԻՐԱԿԻՆ Կիրակիները, արեգակնային դրութեան ճշգրտութեամբ, կը յաջորդեն իրարու: Բայց Կիրակին այն, որուն կը սպասեն երկիր ու մարդկութիւն, Կիրակին, որ մեր բոլորին ու ազգի կեանքին մէջ կ՛ուզենք որ անպայմա՛ն ծագի, չէ՛ սովորական շաբթուան մը համարակալուած օրերէն մէկը, այլ է՛ հայ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի գերագոյն ըղձանքին մարմին տուող պայծառ Կիրակին, որ երկրաւորաց հոգիներուն մէջ պիտի […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2022

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ» Նոր Տարուան արշալոյսին ընդառաջ, Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով հոգեվառ, Այս է պաղատագին աղօթքը մեր, Զոր կը ձգենք դէպի արեւոտ հորիզոններ. Խաղաղութի՜ւն տիեզերքին, ողջ մարդկութեան, մեր աշխարհին, Խաղաղութի՜ւն Հայաստանին, հայ սփիւռքին, հայոց ազգին, Խաղաղութի՜ւն մեր ընտանեաց ու զաւակաց, ձեզի, մեզի, Խաղաղութի՜ւն նախնիներուն ու դեռ գալիք ապագային: Իսկական խաղաղութիւնը սակայն ոչ թէ այս կեանքէն է, այլ՝ […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը- 2021

ԴԵ՛Ռ ԿԸ ՔԱԼԵՆՔ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ «ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ» (Յհ 11.25) Տարիէ մը ի վեր, Երկիր մոլորակը աստուածային անմիջական այցելութեան կը սպասէ: Այցելութիւն մը, որ պիտի վերափոխէ Երկիրն ու մարդկային կեանքը, այցելութիւն մը, որուն յոյսով կ՛ապրի ամէն ոք անխտիր, կը գործէ ամէն համայնք՝ իր դժուարութիւնները վերացնելու համար եւ կը գոյատեւեն ազգեր՝ իրենց սահմանափակումները ջնջելու […]

2021 – Արցախի Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն 2021 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդները ու Ազգ. Իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ […]

ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ

Ա) «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԻԼԸ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՍ Է»։ Բ) «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆՍ ՊԱՏՃԱՌՆ Է»։ Գ) «ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿԵՐՏԵԼԸ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆՍ ԿԻԶԱԿԷՏՆ Է»։ Դ) «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՆԱՏՈՒՐ ՆՊԱՏԱԿՍ Է»։ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ գումարուող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան […]

Արեւմտեան Թեմէն Ներս Մեծաշուք Կերպով Նշուեցաւ Դպրեվանքի 90-Ամեակը

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մեծ հանդիսութեամբ եւ համերգով արժանավայելօրէն տօնախմբուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 90-ամեակը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց տօնախմբութեան, որուն ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդրոնական եւ Ազգ. Վարչութեան, ծխական շրջաններու, գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց անդամներ, Դպրեվանքի նախկին սաներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ։ Համերգը […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Նախաձեռնութեամբ Յուշ Երեկոյ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի

Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին նուիրուած յուշ երեկոն, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ոգեկոչման յանձնախումբին։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւորականաց դասու անդամներ, […]

2020 – Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգ. իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Խոր գոհունակութեամբ կ՚ուզենք հաստատել, […]

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը Կ’ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Որդեգրումը Ա.Մ.Ն. Ծերակոյտին Կողմէ

Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2019-ն պատմական օր եղաւ հայ ժողովուրդին համար. Ա.Մ. Նահանգներու Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով եւ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը։ Հոկտեմբեր ամսուն, Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրած էր նոյնատիպ բանաձեւ մը, որ պաշտօնապէս կը մերժէր Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Քաղդէացիներու, Արամէացիներու, Մարոնիներու եւ այլ Քրիստոնեաններու դէմ թուրք պետութեան իրագործած եւ ապա ժխտած […]

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց Հայոց Ցեպասպանութիւնը Որդեգրող Թիւ 296 Բանաձեւը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, կ՛ողջունեն Երեքշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ։ Այս առթիւ, Արեւմտեան Թեմը կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը, որ 1915-էն ի վեր անմար կամքով հաւատաց ու կը հաւատայ իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման երազին, որուն […]

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Առիթով՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հոգեւորականաց Միացեալ Համագումար եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով երկու տարին անգամ մը կը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումար մը։ Այս տարի, համագումարը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 8էն 11, Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչին, հովիւին եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ եւ երեք Թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի […]

Ուաշինկթընի մէջ՝ Պատմական Միջ-Եկեղեցական Արարողութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Զօրակցութեան Համար

Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, նախաձեռնութեամբ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ պատմական միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը, ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակ հալածանքներու ու նեղութեանց կ’ենթարկուին Միջին Արեւելքի մէջ։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանագներու մէջ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ […]

2019 – Հայ Մամուլի Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ […]

60-Ամեակի եւ 45-Ամեակի Նուիրուած Հանդիսաւոր Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմի 60-ամեակն ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-ամեակը առիթ են անդրադառնալու կերտուած ծառայական վաստակին, սակայն նաեւ մեկնակէտ պիտի ծառայեն վերանորոգելու ծառայական ուխտը ու նոր թափով շարունակելու երթը, հաստատեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, զոյգ յոբելեաններուն առիթով […]

Պատմական Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Թեմի 45-ամեակին Առթիւ

Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին, աւելի քան եօթ հարիւր հանդիսականներու ներկայութեամբ, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ, համերգով եւ հանդիսութեամբ, արժանավայելօրէն տօնախմբուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմի հիմնադրութեան 60-ամեակին ու Արեւմտեան մեր Թեմի հաստատման 45-ամեակին զոյգ յոբելեանները։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգային […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022