Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Արարատ Տան Մէջ

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ամանորի եւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած արարողութիւններ տեղի ունեցան Արարատ Տան Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով հիւրաբար քաղաքս գտնուող Բարձր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը եւ Թեմիս քահանայից դասը, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինի սրահին մէջ կատարեց տնօրհնէքի ու ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Խաչի կնքահայրն էր հաստատութեան գործադիր տնօրէն Տիար Տէրիք Ղուկասեան։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց հաստատութեան տնօրէնութիւնը, անձնակազմն ու բնակիչները, ամենայն բարիք մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց Կոմիտաս Սրբազանը, որպէսզի յանուն հոգեւորականաց դասուն՝ ուղղէ իր պատգամը։ Կոմիտաս Սրբազանը, յանուն Առաջնորդ Սրբազանին եւ ներկայ հոգեւորականներուն, իր կարգին շնորհաւորեց Արարատ Տան բնակիչները, կանգ առաւ Յիսուս Մանուկի ծնունդով մարդկութեան տրուած բազմախորհուրդ պատգամներուն վրայ եւ անոնցմով տոգորուած՝ առողջ եւ երկար կեանք մաղթեց բոլորին։ Տիար Ղուկասեան եւ հիւանդանոցի բաժինի վարիչ Տիկին Մարկարիթա Քէշիշեան յաջորդաբար արտասանեցին շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսքեեր, հաստատութեան հանդէպ Ազգ. Առաջնորդարանի հոգածու վերաբերմունքին ու հոգեւոր մատակարարութեան համար, ու այս առիթով, նուէր մը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին։ Նոր Տարուան առթիւ, հաստատութեան պատասխանատուներուն ու բնակիչներուն տրամադրութեան տակ դրուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն օրինակներ։

Այս հոգեպարար արարողութենէն ետք, հաստատութեան մատրան մէջ մատուցուցեաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ. պատարագիչն էր Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որ իր քարոզին ճամբով ներկաները հրաւիրեց Մանուկ Յիսուսը հռչակելու իրենց կեանքի ուղին ու ճշմարտութիւնը։ Ան նկատել տուաւ, որ Աստուածորդին իբրեւ նուէր տրուած է մարդկութեան, ու անոր ծննդեան աւետիսը ցնծութեան առիթ նկատելով՝ մաղթեց, որ այս տօնին խորհուրդը լիցքաւորէ բոլորին կեանքերը։

Պատարագի աւարտին, Կոմիտաս Սրբազանը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն. երգուեցան Ս. Ծննդեան նուիրուած շարականներ եւ հոգեւոր երգեր։ Բոլոր այն տարեցները, որոնք ի վիճակի չէին մասնակցելու Սրբազան արարողութեան, քահանայ հայրերու մխիթարական այցելութիւնը վայելեցին եւ իրենց սենեակներուն մէջ ստացան Ս. Հաղորդութիւնը։

Կէսօրին, ներկայ հոգեւորականները, Արարատ Տան պատասխանատուները եւ բնակիչները բոլորուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ, հիւրընկալութեամբ հաստատութեան տնօրէնութեան։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանին անունով խօսք արտասանեց Հայր Թորգոմ եւ կանաչ եւ անփորձանք տարի մը մաղթեց ներկաներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022