«Հայ Եկեղեցւոյ, Դպրոցներուն եւ Ազգային Արժէքներուն մեր Պատկանելիութեան Գիտակցութիւնը Հիմքը կը Կազմէ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման» – Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիգ» հանդիսասրահին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1400 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ գաղութի կեանքէն ներս գործող զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ Հայրապետական թափօրը մուտք գործեց հայ երիտասարդներով ողողուած սրահը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչեցնելէ ետք կատարուեցաւ բացման խօսքը։ Ապա, հայ վարժարաններու, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ եկեղեցւոյ պատանեկան միութեանց ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ բարի գալուստ մաղթեցին Նորին Սրբութեան եւ վեր առին Հայոց Հովուապետին առաջնորդի, ղեկավարի, միջ-եկեղեցական գործիչի, հայ մշակոյթի պահպանողի եւ Հայ Դատի պաշտպանի արժանիքները։

Ապա, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան խօսք առաւ։ Ան շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր թեմին մէջ ըսելով. «Վեհափառ Հայրապետը քաջ գիտնալով երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս, նախ քան իր օծման Եւ գահակալութեան 20-ամեակի տօնախմբութիւնը՝ նախապատուութիւն տուաւ հանդիպիլ երիտասարդութեան հետ:» Այնուհետեւ, խօսքը ուղղելով Ն.Ս. Օծութեան, Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը ըսաւ. «Վստահ եմ որ դուք հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ լսեցիք մեր երիտասարդութեան խօսքերն ու խոստումները, անոնք ձեզի կը նային որպէս հոգեւոր պետ, հոգեւոր հայր, ազգապետ եւ հայ դատի պաշտպան, այդ իսկ պատճառով խոստացան ծառայութեան ոգին արթուն պահել իրենց հոգիներուն մէջ, մնալ օրինակելի հայեր, հայ դատի պահանջատէր զինուորները ըլլալ, գուրգուրանքով վերաբերիլ մայրենի լեզուին, հաւատարիմ զաւակները ըլլալ մեր Ս. Եկեղեցւոյ, մեր հայ հաւատքին եւ Ս. Միւռոնին։» Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին բեմ հրաւիրեց, որ իր Հայրապետական խօսքը փոխանցէ։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ մենք կը գիտակցինք ներկայ աշխարհի պարտադրած դժուարութիւններուն, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները մենք պարտաւորութիւնը ունինք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն։ «Հայ լեզուն կարեւոր ազդակ մըն է մեր ինքնութեան պահպանման։ Մեր դպրոցները, միութիւնները, բայց մանաւանդ մեր ընտանիքները ջատագովը պէտք է ըլլան մեր մայրենիին ու անոր պահպանման։ Այս առումով առանցքային է մեր ընտանիքներուն դերը» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող կազմակերպութիւնները, դպրոցները եւ միութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ կողքին լծուած են հայապահպանման ու ազգապահպանման նուիրական առաքելութեան։

Ապա, երիտասարդները քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինքնութեան պահպանման, մեր եկեղեցւոյ ու Սփիւռքէն ներս անոր դերակատարութեան, արդի արհեստագիտութեան, երիտասարդները ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապուած պահելու դժուարութիւններուն եւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին հետ առնչութիւն ունեցող հարցադրումներ կատարեցին, որոնց Նորին Սրբութիւնը տուաւ սպառիչ պատասխաններ։

Երիտասարդութեան հետ հանդիպման շահեկան երեկոն փակուեցաւ Հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022