Ազգային Երեփոխանական Ժողովի 46-րդ Նստաշրջանի Նախօրեակին Հոգեւորականաց Համագումար

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 46րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 2 Մայիս 2018-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց տարեկան միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարիտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։

Համագումարը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ, փառաբանութեան աղօթքով եւ ժամերգութեամբ, որուն աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց հոգեւոր հայրերուն հետ։ Ան ողջունեց հոգեւոր հայրերը, ինչպէս նաեւ յանուն հոգեւորականաց դասուն՝ շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդ՝ նորաօծ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը, մաղթելով բարի եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն։ Սրբազանը իր խորհրդածութիւնը բնաբան ընտրած էր Պօղոս Առաքեալի Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին 12.2 համարը, որ ինքնին յանձնարարական կոչ մըն է իւրաքանչիւր հոգեւորականի ծառայական կեանքին։ Առաքեալը կը յորդորէ, որ աշխարհի վարմունքը օրինակ չդառնայ հոգեւորականին, այլ ընդօրինակենք Աստուծոյ նկարագիրն ու վարմունքը։ Այս մէկը արթնութեան կոչ մըն է վերանորոգ կեանքի մը։ Եթէ կ՚ուզենք նորոգուիլ՝ հարկ է որ հետեւինք Քրիստոսի կեանքի օրինակին: Վերանորոգումը կը սկսի այն պահուն, երբ ինքնաճանաչումի ճամբով մեր կեանքն ու առաքելութիւնը կը վերակազմակերպենք։ Նորոգուած միտք ունենալը Աստուծոյ Հոգիին առաջնորդութեամբ ու անոր ներկայութեամբ կ՚ըլլայ։ Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազանը հրաւիրեց հոգեւորականները հաւատքով ու նուիրումով շարունակելու ծառայութիւնը՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի բարեզարդման։

Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը, անցան «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճ եւ աղօթքով լծուեցան համագումարի աշխատանքներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը կրկին անգամ ողջունեց հոգեւոր հայրերը, մաղթելով, որ սոյն համագումարը իր նպաստը բերէ բոլորին եւ հոգեւորականները վերանորոգութեան ոգիով ու յանձնառութեամբ շարունակեն իրենց ծառայական կեանքը։

Համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն։ Կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն, յանձինս ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ ատենադպիր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի։ Հայր Միւռոն շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին եւ մաղթեց, որ այս համագումարը պտղաբեր ըլլայ, մեր Թեմի առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւորելու նպատակով։

Քննարկուեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին ներկայացուող Կրօնական Ժողովի տեղեկագիրը. հոգեւոր հայրերը ունեցան իրենց ներդրումը։

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, տեղի ունեցաւ Բ. նիստը. Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան «Հոգեւոր վերանորոգումը այսօր» նիւթով ներկայացուց իր դասախօսութիւնը։ Սրբազանը իր դասախօսութիւնը սկսաւ Եփեսացիներու նամակին 4.21 համարով, շեշտելով որ նորոգութիւնը մնայուն ընթացք մըն է, որ սկիզբ ունի, բայց աւարտ ու վերջ չունի, հոգեւոր իմաստով մնայուն նորոգութեան կարիքը ունինք։ Ապա, ան հանգամանօրէն ներկայացուց վերակազմակերպման ու վերանորոգման տասնամեայ ծրագիրը, որ պատրաստուած է եկեղեցական հայրերու յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ եւ որուն աշխատանքները կը շարունակուին. յանձնախումբին միացած են աշխարհական ժողովականներ։ Ան ներկայացուց ծրագիրի իւրաքանչիւր կէտը, որոնց առնչուած են ու կը նպատակադրեն ծուխերու մարդահամար, քրիստոնէական դաստիարակութիւն, Աստուածաշունչի սերտողութիւն, երիտասարդութիւն, նախամուսնական եւ յետամուսնական խորհրդատուութիւն, ընտանիքի եւ հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ ու հայեցի դաստիարակներ պատրաստելու գործունէութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը որոշ մտածումներ իբրեւ թելադրութիւն փոխանցեց։ Հոգեւորականները իրենց մասնակցութիւնը բերին քննարկումին ու փորձառութիւններ փոխանակեցին։

Կարճ դադարէ մը ետք, ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, դիւանական եւ վարչական դասաւորումներով։ Հոգեւոր հովիւներ զեկոյցներ տուին իրենց ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ծրագիրներու մասին զեկոյց տրուեցաւ ու շեշտուեցաւ, թէ ծուխերը իրենց վարժարաններուն ու շրջաններու միութիւններուն հետ շարունակեն կազմակերպել յատուկ ձեռնարկներ։

Օրակարգի վերջին կէտով, հոգեւորական երեսփոխաններու լրացուցիչ ընտրութիւնը կատարուեցաւ։

Նկատի ունենալով, որ Առաջնորդ Սրբազանը պէտք է մասնակցէր «Ի պաշտպան քրիստոնեաներուն» ժողովին, համագումարի եզրափակիչ խօսքը կատարեց Առաջնորդական Փոխանորդ Սրբազանը, նախ գնահատելով հոգեւորականներու ներկայութիւնը թեմէն ներս, որոնք իրենց առաքելութեամբ կը քաջալերեն հաւատացեալները։ Ան յորդորեց լեցուիլ նուիրուածութեամբ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնել ծառայական կեանքը։

Համագումարը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականին, «Կիլիկիա» ու «Ի Վեհ բարձանց» մաղթերգներու երգեցողութեամբ եւ Առաջնորդական Փոխանորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022