Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Նշումը Լոս Անճելըսի Մէջ

Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 103-րդ տարեդարձին առիթով, այս տարի եւս, 24 Ապրիլին, մեր Թեմի զաւակները պիտի միանան աշխարհասփիւռ հայութեան, անգամ մը եւս վերահաստատելու մեր պահանջատիրութիւնը մեր իրաւունքներուն նկատմամբ ու ոգեկոչելու յիշատակը սրբադասեալ մեր նահատակներուն։

Կիրակի, 22 Ապրիլին, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park, 901 Via San Clemente) տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, կազմակերպութեամբ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինին։ Տեղի պիտի ունենան բարեխօսական աղօթք, բանախօսութիւններ եւ գեղարուեստական յայտագիր։

Երեքշաբթի, 24 Ապրիլին, ժամը 12-ին, տեղի պիտի ունենայ «Արդարութեան Քայլարշաւ»ը Pan Pacific Park-էն (7600 Beverly Blvd., Los Angeles) դէպի թրքական հիւպատոսարան։ Նախատեսուած է յատուկ յայտագիր. խօսք պիտի առնեն քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ ներկայացուցչական դէմքեր։ Քայլարշաւին մասնակցութեան համար հանրային փոխադրակառքերու դասաւորում կատարուած է հետեւեալ քաղաքներէն.- Կլէնտէյլ, Պըրպէնք, Լա Քրենսենթա, Փասատինա, Մոնթեպելլօ, Հոլիվուտ, Նորթ Հոլիվուտ, Էնսինօ, Քանոկա Փառք եւ Վէն Նայս։ Տեղ ապահովելու համար կը խնդուի հեռաձայնել 888-924-1915 թիւին։

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ խուռներամ ներկայութեամբ մասնակից ըլլան այս ու նմանօրինակ ոգեկոչական ձեռնարկներու, միասնաբար խոնարհելով մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին եւ նոր քայլեր առնելու մեր պահանջատիրական երթին ճամբուն վրայ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022