Յարանուանութեանց Առաջնորդներ եւ Ազգային Դէմքեր Հիւրընկալեցին Քոնկրէսմէն Ճեֆ Ֆորթընպերին


Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանիս հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Նեպրասքայի քոնկրէսմէն Ճեֆ Ֆորթընպերիի միջեւ հանդիպում մը, որ յատկացուած էր Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ իսլամական ծայրայեղականներու կիրարկած ծանօթ հալածանքներուն եւ տուժողներուն ամերիկեան օժանդակութիւն ու զօրակցութիւն տրամադրելու քայլերուն շուրջ խորհրդակցութեան։

Հանդիպումը հիւրընկալեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան. ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համանյքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հոգեւոր հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչները, Ազգային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, Հայ Դատի յանձնախումբի ու Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի՝ SARF-ի ներկայացուցիչները։

Հիւր խորհրդարանականը ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեց վերջին 3 տարիներուն իր տարած աշխատանքին մասին։ Ի տես եւ ի լուր Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու, շիիներու, եզիտիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ «Իսլամական Պետութիւն« անունով ծանօթ ոճրային խմբաւորումին կիրարկած խժդժութեանց ու սպանդներուն՝ Նեպրասքա նահանգի ներկայացուցիչը 2014 Օգոստոսէն ի վեր իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններու դիմած է ամերիկեան դաշնակցային խորհրդարանին մէջ, մէկէ աւելի յանձնաժողովներու իր անդամակցութեան ճամբով, անոր ճիգերով, Ներկայացուցիչներու Տունը 2016-ին որդեգրած է բանաձեւ մը, որ այդ հալածանքներն ու սպանդները կը նկատէ ցեղասպանական արարք։

Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց նաեւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակը, մասնաւորաբար հայ համայնքին կրած կորուստները եւ անոր օժանդակութեան ձեռք երկարելու միջոցները։

Նշենք, որ Ճեֆ Ֆորթընպերի զօրավիգ է Հայաստանին ու Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութին, ձայնակից է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Թրամփի ուղղուած կոչերուն։ Ան անդամ է խորհրդարանական այն յանձնախումբին, որ կը հետեւի մարդկային իրաւանց, Միջին Արեւելքի եւ կորիզային զէնքերու տարածումը կանխարգիլող աշխատանքներուն։ Ան կը նկատուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրաւունքները ամերիկեան խորհրդարանին մէջ հետապնդող դրօշակիր մը եւ կ’առաջադրէ մարդային, ապահովութեան ու քաղաքական աջակցութիւնը տրամադրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։

Հանդիպումին աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022