ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնը, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու ծխական յանձնախումբը ուրախ են յայտնելու մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքը ընթացք առած է արդէն։

Եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը, երկարաշունչ աշխատանքի շնորհիւ, վերջերս ապահովեց շինարարութեան բոլոր արտօնագիրները եւ ձեռնարկեց նախկին կառոյցին փուլ բերման ու նորին կառուցման աշխատանքին։ Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան 3 տարի առաջ, եւ շնորհիւ բարերար Լէրի Պարնզի իշխանական նուիրատուութեան, կարելի եղած էր ձեռք բերել կալուած մը, որուն վրայ պիտի կանգնին Ս. Կարապետ եկեղեցին ու Հայկական Մշակութային Կեդրոնը։ Կալուածին ընդարձակ սրահը որոշ ատեն օգտագործուեցաւ իբրեւ առժամեայ եկեղեցի, մինչեւ որ ապահովուեցան շինարարութեան արտօնագիրներն ու տեղ հասան հանգանակային աշխատանքները։

Յիշեցնենք, որ մեր Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան օրերուն, 2011ի Հոկտեմբերին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարած էր եկեղեցւոյ հիմերու օրհնութիւնը, օծած էր գմբէթի ու խորանի խաչերը, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը կատարած էր 16 սիւներուն օծումը։ Նախապէս, Առաջնորդ Սրբազանը, կալուածին սկզբնական սարքաւորումէն ետք, կատարած էր տնօրհնէքի արարողութիւնը։

Ծխական յանձնախումբն ու անոր կազմած շինարարական յատուկ յանձնախումբը, սերտօրէն գործակցելով Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Վարչութեան հետ, մօտէն կը հետեւին շինարարութեան աշխատանքին, յուսալով, որ անիկա իր լրումին հասնի քանի մը ամիսէն։ Ս. Կարապետ եկեղեցին խորքին մէջ յուշարձան մըն է Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ինչպէս նաեւ բարերար Լէրի Պարնզի հանգուցեալ տիկնոջ, Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, որուն ընտանիքէն անդամներ զոհ գացած են Ցեղասպանութեան։

Ամբողջական ծրագիրը ունի երկու բաժին. Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կողքին, կանգնած է Հայ Կեդրոնը, որ կոչուած է ըլլալու շրջանի հայութեան մշակութային կարիքները բաւարարող ժամադրավայր։ Անիկա պիտի օժտուի գրադարանով ու արդիական սարքերով, որոնցմէ պիտի օգտուին բոլոր սերունդները։ Կեդրոնը կþօգտագործուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու ՀՕՄի Լաս Վեկասի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օժանդակ մարմիններուն կողմէ։ ՀՕՄը կեդրոնին մէջ կþիրագործէ ուսումնական շաբաթօրեայ ծրագիր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի ունենայ իր 15ամեակի հանդիսութիւնը (13 Հոկտեմբերին), իսկ եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբը սրահին մէջ կը կազմակերպէ մշակութային ձեռնարկներ։

Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 2054 East Desert Inn Rd., Las Vegas, NV 89169.

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022