«Cultural Impact Foundation»ին Առաջին Ձեռնարկը

Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2018-ին, «Cultural Impact Foundation»ին առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի «Դաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, ի զօրակցութիւն ֆիլմարտադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «Titanic Love» եւ «Bloodless: Youth Forging Democracy» ֆիլմերու ապագայ ծրագիրներուն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքը։

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները, գնահատելով կազմակերպութեան գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ Տիար Մարոնեանի ազգանուէր եւ հերոսական առաքելութիւնը, մաղթելով յաջողութիւն իրենց ապագայ ծրագիրներուն։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հիմնարկի վարչութեան փոխ ատենապետ Տոքթ. Հրայր Գութնուեան։ Խօսք առաւ հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Քրիս Սասունի, իսկ Տիար Մարոնեան ներկայացուց իր երկու նոր ծրագիրները։ Երեկոն շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022