Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ռեհանի Օրհնութիւն Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ ռեհանի եւ մատաղի օրհնութիւն։ Արարողութեան աւարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, հաւատացեալները առիթը պիտի ունենան իրենց ինքնաշարժներուն մէջ ստանալու օրհնուած մատաղէն։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ ռեհանի օրհնութիւն կատարէ Սան ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022