Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք «Արարատ» Տան Մէջ

Հինգշաբթի, 2 Յունուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի ու Թեմիս հոգեւոր դասուն, Նոր Տարուան առաջին այցելութիւնը տուին Միշըն Հիլզի «Արարատ» Տուն, բարեմաղթութիւններ փոխանցելու եւ Ս. Ծննդեան բարի լուրը աւետելու հաստատութեան հոգաբարձութեան, պաշտօնէութեան եւ բնակիչներուն։

Այցելութիւնը սկիզբ առաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը եւ այս առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց, յատկապէս առողջութիւն մաղթելով բոլորին։ Ան նշեց, որ Քրիստոս Իր Ս. Ծնունդով խաղաղութիւն բերաւ համայն աշխարհին։ Այդ խաղաղութիւնը հոգւոյ խաղաղութիւնն է, որ խարսխուած է Աստուծոյ սիրոյն եւ Անոր ուսուցումներուն վրայ։ Ապա, Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ, տեղի ունեցաւ տօնին յատուկ արարողութիւն եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէք։ Խաչի կնքահայրն էր Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան։ Աւարտին, բնակիչները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։

Արարողութենէն ետք, Տիար Կանիմեան երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հոգեւոր դասուն, իրենց յաճախակի այցելութեանց, հոգատարութեան ու աղօթքներուն համար եւ բոլորին մաղթեց բարի տարի մը, որմէ ետք յուշանուէր մը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին բարձրօրէն գնահատեց Տիար Կանիմեանի եւ Հոգաբարձութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեանը եւ ապա յուշանուէրով մը պատուեց զանոնք։ Ան նաեւ դրուատեց այս տարի լաւագոյն հիւանդապահուհի ճանչցուած, «Արարատ» Տան հիւանդապահուհիներու գլխաւոր պատասխանատու Սիւզան Երանեանը, որուն եւս յուշանուէր մը յանձնեց։

Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հաստատութեան մատրան մէջ։ Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան: Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդի մասին եւ հրաւիրեց ներկաները Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսով վերանորոգուելու։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Խաչի կնքահայրն էր հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Տիար Ռան Նազելի։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Ապա, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Ներկայ էին հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխ ատենապետը, հոգաբարձութեան անդամներ Տիար Փիթըր Տարագճեան ու Տիկին Մակի Մանկասարեան-Կօշըն, հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատուն, բնակարանային բաժինի պատասխանատուներէն՝ Տիկին Ռիթա Նորաւեանը եւ պաշտօնէութեան կազմէն անձինք։ Տիար Կանիմեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց ներկաները եւ բարեմաղթանքներ յայտնեց։ Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց «Արարատ» Տան մեծ ընտանիքը իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեան համար եւ այս առթիւ Տիկին Նորաւեանին գնահատանքի յուշանուէր մը փոխանցեց։ Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ բոլորին մաղթելով առողջութեամբ, ուրաշութեամբ եւ խաղաղութեամբ լի տարի մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022